Արխիւ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2022

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ Անգարայի մէջ մասնակցեցաւ՝ նախագահ Էրտողանի ներկայութեամբ կազմակերպուած իֆթարին, որ տեղի ունեցաւ ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնատեղիէն ներս:
Մայրաքաղաքի դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներուն համար նախատեսուած ընթրիքին հրաւիրուած էին նաեւ փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդները:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2022

Երուսաղէմի մէջ այս տարի անհանգստացուցիչ վիճակ մը ստեղծուած է Աւագ շաբթուան ընդառաջ՝ «Լոյս»ի արարողութեան կապակցութեամբ Իսրայէլի ոստիկանութեան կողմէ նախատեսուած սահմանափակումներուն հետեւանքով։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը վերջերս այս հարցին շուրջ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկած էր։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Անցնող օրերուն հաւկիթներու առատութիւն էր ամէն տեղ. ներկուած, ձեւաւորուած, գունափոխուած եւ նախշազարդուած հաւկիթները Զատկուան սեղաններու զարդը դարձան: Իբրեւ Զատկուան խորհրդանիշ, հաւկիթը նաեւ վաճառուեցաւ տուրմի, քաղցրեղէնի եւ այլ ուտեստեղէնի տեսքով:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2022

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Տուպայի քաղաքը՝ մանաւանդ վերջին տասնամեակին, միջազգային մեծ համբաւ ու վարկ սկսաւ շահիլ եւ հետաքրքրականը այն է, որ այդ վարկն ու համբաւը քաղաքական կամ ռազմաաշխարհագրական տեսքերով չապահովեց, այլ ինչ որ աւելի արդար ու իրական է՝ Տուպայիի ժողովրդային ու տնտեսական արժեւորումներով կայացուց իր հռչակը:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2022

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

«Կիրակի երեկոյ էր, ու դռները փակ էին» (տե՛ս Յհ 20.19):
Կրկնակի պատճառով երեկոյեան երեւցաւ անոնց. առաջին՝ որովհետեւ գիշերով մարդիկ աւելի կը վախնան, երկրորդ՝ քանի որ ցերեկը ցրուած էին եւ հրեաներէն վախնալու պատճառով չէին կրնար միասին հաւաքուիլ. երրորդ՝ որպէսզի ցուցնէ, թէ ձեր մահուան երեկոյին կրնաք զԱստուած տեսնել, իսկ թէ փակ դռներով, որպէսզի ցոյց տայ, թէ նոյն կերպով ալ Կոյսէն ծնայ: 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Անցնող մի քանի տարիներուն երիտասարդութիւնը, ինչու չէ նաեւ շատ մը մեծահասակները հետաքրքրող նիւթը միեւնոյնն է. «ինչպէ՞ս հարստանալ». օրական դրութեամբ բազմահազարներ, աղջի՛կ թէ տղայ համացանցի էջերուն մէջ կը փնտռեն հարստանալու կարճ եւ դիւրին հնարքներուն մասին:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2022

Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը Ս. Յարութեան տօնը ողջունեց ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Վարչութիւնը ձմրան դասընթացքներու մասնակից պատանի մարզիկներուն բաժնեց զատկական աւանդական կարմիր հաւկիթներ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2022

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Գումգաբուի երէկուան ընդունելութեան ընթացքին առաջնահերթօրէն անդրադարձաւ այն մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն, զորս այս շրջանին կը դիմագրաւէ պոլսահայ մամուլը։ «Հայ մամուլը շատ տուժած է համավարակի շրջանին՝ հակառակ, որ շատ էական դեր մը ունի մեր հաւաքական կեանքէն ներս։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2022

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գահակալութեան շրջանին Գումգաբուի մէջ առաջին տաղաւարի աւանդական ընդունելութիւնը՝ համավարակի ժամանակահատուածին:
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. «Մեսրոպեան այբուբենը մեր դրօշակն է»:
Նորին Ամենապատուութիւնը համոզուած է, թէ համայնքային առկախեալ ընտրութիւններու հարցի պարագային պէտք չէ պաղ ջուր լեցնել եփած ճաշին վրայ՝ նախքան վերջնական որոշումներու տրուիլը. «Ի վերջոյ չմոռնանք, որ այս իշխանութիւնը Հանրապետական շրջանին մեզի նկատմամբ ամենէն լաւ վարուած իշխանութիւնն է ու կրնայ չնախընտրել մեզ յուսախաբել»:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2022

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով տօնախմբեց Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութիւնը։ Տօնական աւետիսով ղօղանջեցին եկեղեցիներու զանգակները եւ Հայ Եկեղեցւոյ աշխարհացրիւ հօտի զաւակները զիրար ողջունեցին՝ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» աւետիսով։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այսօր կ՚այցելէ մայրաքաղաք Անգարա։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հրաւիրուած է մասնակցելու՝ Պեշթեփէի համալիրէն ներս, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած իֆթարի հաւաքոյթին։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2022

Ինչպէ՞ս էր Ս․ Զատկուայ առաջին առաւօտը: Ինչպէ՞ս է Ս․ Յարութեան տօնը։ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ Յիսուսի մահուընէն ետք աւանդական Յարութեան սրբապատկերներ չկան։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Տարուան ընթացքին տաղաւար հինգ տօներուն յաջորդող օրերը Մեռելոց կը կոչուին։ Եկեղեցւոյ Հայրապետները այնպէս կարգաւորած են, որպէսզի մեռելներուն եւս՝ որոնք յաղթական եկեղեցին կը կազմեն, յիշեցնենք յարութեան մասին, որպէսզի անոնց յոյսը չմարի։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2022

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Բոլորիս հասարակաց վախը մահն է։ Մահը սարսափի դիմակով կը ցնցէ բոլոր աշխարհը։ Ան ունի բազմաթիւ դիմակներ. ինչպէս՝ քաղցկեղ, երթեւեկի արկած, երկրաշարժ, հրդեհ, ջրհեղեղ, սպանութիւն եւ այլն։ Նոյնիսկ անկողնին մէջ քունի ընթացքին մահանալը կը սարսռեցէ մեզ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Տարրաբանական տարրերու պարբերական աղիւսակին՝ Մենտելիեւի աղիւսակին մէջ յեղափոխական փոփոխութիւններ կատարած եւ այդ աղիւսակին նոր տարրեր ներմուծած աշխարհահռչակ հիւլէական բնագէտ Եուրի Յովհաննիսեանն այս օրերուն կրկին Հայաստան էր:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երէկ անդրադարձայ, որ մենք սկսած ենք մեր մէջէն կորսնցնել մարդկային ամենէն պարզ արժէքները, որոնց տեղը այսօր եկած են գրաւելու ուրիշներ՝ որոնք խոտոր են թէ՛ մարդկութեան եւ թէ՛ մեր ինքնութեան:

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2022

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Ահա, հասած է կեանքի եւ լոյսի յաւերժական աւետիսը։ Ահա, նոր լոյսը անգամ մը եւս կ՚իջնէ աշխարհի վրայ եւ կը թափանցէ մեր հոգիներէն ներս։

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2022

ՆՈՐԱ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Սուրբ Յարութեան տօնը մեր ազգային մշակոյթի կրօնական ամենագլխաւոր բաղադրիչներէն մին է: Մեծ Զատիկը հայ քրիստոնեայ մարդուն դարաւոր հաւատքին սրբազան ծիսակատարութեան եւ տեղ մըն ալ անոր ինքութեան եւ գոյատեւման երթը բնորոշող երեւոյթ է:

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Սրբազան Պօղոս առաքեալը կորնթացիներուն ուղղած իր առաջին նամակին մէջ նախ կը խօսի Քրիստոսի յարութեան մասին, ապա կ՚անդրադառնայ մեր յարութեան, ուր կ՚ըսէ. «Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ՝ զուր է մեր քարոզութիւնը, զուր է նաեւ ձեր հաւատքը» (Ա.Կր 15.14). եւ «Քրիստոս արդարեւ մեռելներէն յարութիւն առած է, որպէս առաջին օրինակ մեռելներու յարութեան:

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2022

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Եսայեայ մարգարէն կը մարգարէանայ հրեայ ժողովուրդին ազատագրումին վրայով։ 587-582 տարիներուն Եհովան Նաբուգոթոնոսոր թագաւորին միջոցաւ կործանեց Երուսաղէմը եւ աքսորեց հրեայ ժողովուրդը Բաբելոն։

Էջեր