Արխիւ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
125 տարի առաջ Փարիզի մէջ պոլսահայ գրող, լրագրող եւ հասարակական գործիչ Արշակ Չօպանեան կը հիմնէ «Անահիտ» գրական գեղարուեստական ամսագիրը, որ իր ամուր տեղը կը գրաւէ հայ մամուլի պատմութեան մէջ: Օրին ըլլալով ընթերցուած ամսագիր մը՝ յետագային կը դառնայ հարուստ աղբիւր՝ ուսումնասիրողներուն համար:
ՎԱՐԱՆԴ (ՅԱԿՈԲ) ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծայարգ Տիար Ռազմիկ Փանոսեան,
Հետաքրքրութեամբ եւ ուշադրութեամբ կարդացի Ձեր հրապարակած զեկոյցը՝ Ձեր պաշտօնավարութեան 10-ամեակին առիթով:
Ձեր զեկոյցը կարդացած ատեն թարմացան այն միտքերը, որոնց մասին վերջին շրջանին յաճախ կը խորհիմ, եւ գաղափարը յղացայ բաց նամակով մը դիմելու Ձեզի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդուս ամենէն մեծ եւ վտանգաւոր թշնամին իր «ԵՍ»ն է։ Մարդ եթէ կարենայ պարտութեան մատնել, փրկուիլ անոր կապանքէն, կրնայ իսկական իմաստով «բարի՛» ըլլալ, հեռացնել իրմէ ամէն ինչ որ «չար» է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն 90 տարիներ առաջ՝ 1930-ական թուականներուն որոշ հայ «հաւատացեալներ» որոշեցին եկեղեցւոյ մէջ կատարուած պատարագներէն տարբեր պաշտամունք կատարել սրահներու եւ սեփական տուներու մէջ՝ ոչ-եկեղեցականներու առաջնորդութեամբ, որուն մասին օրուան մամուլները արձագանգեցին «Հայ Եկեղեցիին սպառնացող վտանգ մը եւ մեր հոգեւոր իշխանութեան անտարբերութիւնը» խորագիրով:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, այսօր կը մեկնի Կեսարիա։ Իրեն կ՚ընկերակցի նաեւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։
Ընտրական մարմինը յայտարարութիւն մը հրապարակեց՝ առաքելութիւնը աւարտելու կապակցութեամբ:
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան արդիւնքը ներկայացուած պաշտօնական վաւերացման:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, երէկ, Մեծ պահքի շրջանի Միջինքը նշուեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Նոյն առթիւ կատարուեցաւ խաղաղական ժամերգութիւն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ Պահքի 25-րդ օրն է:
Պահեցողութեան ընթացքին շատերու համար այսինչ կամ այնինչ բանը ուտելը կամ չուտելը մեծ հարցի կը վերածուի, եւ շատ մանրանալով ու խորանալով նմանատիպ հարցերու մէջ, շատ յաճախ պահեցողութեան բուն նպատակէն կը շեղին, այդպէսով իրենց կատարած աշխատանքը փճացնելով:
Ա. Ա.
Հայաստան-Թուրքիա դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման հոլովոյթը, որ ընթացք առաւ երկու տարի առաջ, տակաւին կը դիմագրաւէ երկու կարեւոր արգելք։ Արցախի ճակատագիրը եւ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հայութեան արդար իրաւունքներու ձեռքբերման եւ հատուցման թղթածրարը, որ միջազգային գետնի վրայ կը հետապնդուի հայկական սփիւռքի կազմակերպութիւններու, մարմիններու, հայ դատի գրասենեակներուն եւ յանձնախումբերու կողմէ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
-Ո՞վ եղած էր կամ եղած էին մեր առաջին սուրբը կամ սուրբերը, Թադէո՞ս թէ ոչ Բարթողիմէո՞ս առաքեալները եւ կամ՝ Գրիգոր Լուսաւորիչը: Ըսէ՛ք տեսնեմ, հայտէ՛ ըսէ՛ք, դուք որ կը կարծէք, թէ շատ բաներ գիտէ՛ք:
Այս շաբաթավերջին Փարիզի մէջ նախատեսուած է եզակի հաւաքոյթ մը։ «Նոր Յառաջ»ի հաղորդումներով, աշխարհի բոլոր կողմերէն ծանօթ հայեր պիտի համախմբուին այս առթիւ։ Ձեռնարկին շարժառիթն է «Ծագումով հայեր» հաղորդաշարի 15-ամեակը եւ այս յոբելեանին առթիւ նախատեսուած է պարգեւատրման արարողութիւն մը։
Փարիզի «Նոր Յառաջ»ին մէջ Ժիրայր Չոլաքեանի ստորագրութեամբ կը կարդանք.-
Երեւանի «Ապագայ հայկականը» համաժողովի լոյսին տակ. նոր ժամանակներ, նոր գործելակերպեր:
Արագութեան ժամանակաշրջանին այս նախաձեռնութիւնը արտասովոր է՝ մինչ կարգ մը հարցադրումները կիզակէտային են:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի բանբեր ու աւագ խորհրդական Իպրահիմ Քալըն հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի Ազգային անվտանգութեան գծով աւագ խորհրդական Ճէյք Սալըվընի հետ։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ինչպէ՞ս սկսաւ ամէն բան.
Իմ անունը հայ է, մականունը՝ եան, նախնական ազգանունը՝ Պապայեան:
Տակաւին դպրոցական տարիներուս զիս շատ կը հետաքրքրէր, թէ ինչ կը նշանակէ իմ մականունի «պապա» արմատը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ Պահքի 24-րդ օրն է:
Ժողովուրդը այս օրը կոչած է Միջինք կամ Միջնոց պահոց:
Եկեղեցական-ծիսական առումով այս օրը մասնաւոր կամ յատուկ տարբերութիւն մը չունի Մեծ պահքի միւս օրերէն:
Շիշլի մարզակումբը անցեալ շաբաթավերջին Կեդրոնական սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ կազմակերպեց արագ ճատրակի մրցաշարք մը, որու հասոյթը կը տրամադրուի աղէտեալներուն։ Երկրաշարժին յաջորդած մթնոլորտին մէջ Շիշլիի վարչութիւնը յանձնառութիւնով հանդէս եկած է՝ աղէտեալներուն զօրակցելու նպատակով։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ինչպէ՞ս սկսաւ ամէն բան.
Իմ անունը հայ է, մականունը՝ «եան»:
Մականունը կամ ազգանունը՝ անձի մը տոհմական անուանումն է: Զայն կը տրուի ծնելէ կամ ամուսնանալէ ետք եւ կը փոխանցուի ժառանգաբար:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1905)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Սենեակին ընտրութիւնը: Օդը: Արեան մասին: Լոյսը, արեւը եւ անոնց նշանակութիւնը: Սենեակին օդը ինչէ՞ս կ՚աղտոտի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամենամեծ հաճոյքներէս մին է յաճախ թղթատել երէցկնոջս Աննիկ Գալփաքճեանի ճոխ գրադարանին գիրքերը եւ թղթածրարներու մէջ գտնուող զանազան գրութիւնները։ Ասիկա առիթ մըն է թէ՛ մտապէս զարգանալու, քանի որ մարդ միշտ եւ շարունակ պահանջքը ունի մտապէս զարգանալու, սորվելու եւ ինքզինք գերազանցելու, եւ թէ «ապրել»ու մեր սուրբ միութիւնը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յանկարծ տեսայ, թէ Սողոս կը մեկնի դէպի Դամասկոս՝ որպէսզի ինծի հաւատացողները բերէ Երուսաղէմ: Զայրացայ եւ այդ զայրոյթիս իբր հետեւանք երկիրնքը փայլատակեց. Սողոս գետին ինկաւ ու ալ լռութիւնս խզեցի. «Սաւուղ, Սաւուղ, ինչո՞ւ զիս կը հալածես» ըսի: