Արխիւ
Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ ուսումը կատարելագործելու համար մեկնած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, շաբաթավերջը անցուց Սեւանի Վազգէնեան դպրանոցին մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, այս դպրանոցը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ արդի պատմութեան մեծագոյն ձեռքբերումներէն է։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ուքրայնայի տագնապը կը շարունակէ մնալ կիզակէտային։ Արդէն ամիս մըն է, որ աշխարհ «շունչը պահած» կը հետեւի զարգացումներուն։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Զգացումները մարդու վերաբերմունքի, դիրքորոշման ու ներհոգեկան գործընթացներու առարկայական արտացոլումն են։ Տարբեր իրադրութիւններու մէջ մարդիկ կրնան զգալ ոգեւորութիւն, ուրախութիւն, զայրոյթ, թախիծ…
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
2000 թուականէն ի վեր աշխարհի մէջ կը յիշատակուի Մայրենի լեզուի միջազգային օրը: Այս որոշումը ընդունուած է 1999 թուականի նոյեմբերին, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Ընդհանուր ժողովի 30-րդ նիստին` լեզուներու եւ մշակոյթներու բազմազանութիւնը պահպանելու եւ զարգացնելու նպատակով:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն 107 տարիներ առաջ՝ 15 յունիս 1915-ին Պոլսոյ Պայազիտ հրապարակին վրայ մահուան դատապարտուած Փարամազ կախաղանին վրայէն, նախքան իր վերջին շունչը փչելը կը յայտարարէր. «Դուք միայն մեր մարմինները կրնա՛ք կախել, իսկ մեր գաղափարը՝ ո՛չ»:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ընդհանուր քարտուղարը շնորհաւորութիւններ յղեց Թուրքիոյ՝ դաշինքի անդամակցութեան 70-ամեակի յոբելեանին առթիւ։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը նախագահեց երէկուան օծման ու պաշտամունքի վերաբացման հանդիսաւոր արարողութիւններուն, որոնց յաջորդեց «Նարեկեան» սրահի երդիքին տակ սարքուած սիրոյ սեղանը: Երախտագիտութեամբ ընդգծուեցաւ յայտնի նկարիչ Էրոլ Սարաֆեանի վաստակը:
Թոքաթլեան խանէն եւ Էսաեան վարժարանէն վերջ, Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ վերանորոգութիւնով՝ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդը ի կատար ածեց իր խնամքին յանձնուած առանցքային կառոյցներու ֆիզիքական կատարելագործման ծրագիրները:
Նորին Ամենապատուութիւնը բարձր գնահատանքով ու դրուատիքով արտայայտուեցաւ ատենապետ Սիմոն Չեքէմի գլխաւորութեամբ ծաւալուած բազմակողմանի գործունէութեան մասին:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը 2022 տարին հռչակեց «Սփիւռքի տարի»: 2003 թուականէն սկսեալ Կաթողիկոսը իւրաքանչիւր տարի կը կեդրոնանայ մեզ յուզող եւ տագնապեցնող իրականութեան մը վրայ եւ մեր բոլորին ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ այդ նիւթին վրայ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի հրատապ օրակարգը բոլոր հարթութիւններու վրայ խտացեալ քննարկումներու նիւթ դառնալ կը շարունակէ։ Այս կապակցութեամբ շօշափեցինք քաղաքագէտ Արման Գրիգորեանի տեսակէտները, զորս կը ներկայացնենք ստորեւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Պօղոս Առաքեալ «մեր հասարակաց հաւատքի ճամբով իմ հարազատ որդիս» (Տիտ 1.4) Տիտոսին ուղղած նամակին մէջ, այսպէս կը գրէ. «Որովհետեւ բազմաթիւ անհնազանդներ, դատարկախօսներ եւ միտք պղտորողներ կան, մանաւանդ հրէութենէ դարձածներուն մէջ, որոնց բերանը պէտք է փակել, որովհետեւ անոնք ամբողջ տուներ կը քանդեն, շահամոլութենէ տարուած ուսուցանելով բաներ, որ պէտք չէ ուսուցանել» (Տիտ 1.10-11):
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Իշխանութեան մը յաջողութեան եւ կամ ձախողութեան ընդհանուր չափանիշը ի՞նչ է չե՛մ գիտեր... սակայն վստահ եմ, որ ինծի համար այդ չափանիշը մարդն է ու այնքան ժամանակ որ մարդիկ աղքատութեամբ ու պետութիւնը հարստութեան մէջ կ՚ապրի, այդ իշխանութիւնը ի սկզբանէ անյաջող է:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին եւ Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարար Ճուանշէր Պուրչուլածէ երէկ հանդիպում մը ունեցան Պրիւքսելի մէջ։ Թիֆլիզի աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան համաշխարհային անվտանգութեան վերաբերեալ մարտահրաւէրները։
Հայաստանի Սահմանադրական բարեփոխումներու խորհուրդը կը ստեղծէ մասնագիտական յանձնաժողով:
Նախարար Կարէն Անդրէասեան անդրադարձաւ երկրի կառավարման համակարգի փոփոխութեան հաւանականութիւններուն:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն տեղեկացուց, որ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովին առաջարկ մը ներկայացուցած է, որպէսզի յաջորդ շաբաթ հանդիպում մը ունենան Եւրոպայի մէջ։
Երկրորդ նախագահի դիտարկմամբ՝ իշխանութիւններու դէմ ծայրայեղ տրամադրուածներուն թիւը կ՚աճի:
Ըստ Քոչարեանի, ներկայացուած նախագահի թեկնածուն չի համապատասխաներ Սահմանադրութեամբ նախատեսուած որակներուն:
Կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի Muaythai հաւաքականը այս օրերուն մրցաշարքի մը մասնակցելու նպատակով կը գտնուի Իսթանպուլի մէջ։ Ներկայ շաբթուայ սկիզբէն ի վեր մարզիկները քաղաքիս մէջ են՝ գլխաւորութեամբ մարզիչ Ալեք Աղապալեանի եւ մարզիչ Մհեր Թորոսեանի։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ հիւսիս-հարաւ եւ արեւելք-արեւմուտք նախագիծերուն:
Ըստ Մհեր Գրիգորեանի, տարածաշրջանէ ներս ապաշրջափակման վերաբերեալ հնարաւորութիւնները տեսանելի են:
Մեր համայնքի արժէքաւոր գիտնականներէն տքթ. Մերի Թաքսի-Տեւէճեանի կողմէ պաշտպանուած թեզը վերջերս հրատարակուած է գիրքի ձեւաչափով։ Իսթանպուլի համալսարանի Ընկերային գիտութեանց կաճառէն ներս, փրոֆ. Ֆաթմա Շեպնէմ Արըքպողայի վերահսկողութեան ներքեւ պատրաստուած գիտական հետաքրքրական աշխատութիւն մըն է այս մէկը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան միաբաններէն Տ. Արշակ Աբեղայ Ղազարեանը եւ Տ. Արտակ Աբեղայ Տիւշէնեանը, որոնք տարեկան արձակուրդով կը գտնուին քաղաքիս մէջ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Օրին, սփիւռքահայը միշտ իր մտքով եւ հոգիով կապուած ըլլալով իր հայրենիքին, անոր դժուարութիւններուն, հարցերուն, վերիվայրումներուն եւ յառաջդիմութեան, լեցուցած է իր օրերու մթնոլորտը: Ապրած է հայրենիքին հետ եւ հայրենիքին համար: