Արխիւ

Երեքշաբթի, Մարտ 1, 2022

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին ի Տէր հանգած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երէց միաբաններէն Տ. Վահան Ծայրագոյն Վարդապետ Պէրպէրեան։ Շաբաթ վաղ առաւօտեան ժամերուն վախճանած է ան եւ իր վերջին օծման, յուղարկաւորութեան ու թաղման կարգերը նախատեսուած են այսօր։

Երեքշաբթի, Մարտ 1, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս Իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին բազմաթիւ քարոզներ խօսեցաւ ժողովուրդին: Քարոզներ, որոնք սովորական քարոզ ըլլալէ անդին կեանքի, ապրելակերպի մարտահրաւէրներ էին, զորս առաջին հերթին Ի՛նք գործադրեց ու ապա թելադրեց մարդոց գործադրել:

Երկուշաբթի, Փետրուար 28, 2022

Խորհրդաւոր ժամանակաշրջանին հայցել Աստուծոյ ողորմութիւնը՝ փրկութեան շնորհին արժանանալու համար:
Վեհափառ Հայրապետը Մեծ պահոց սկիզբին առթիւ յորդորներ ուղղեց Հայց. Եկեղեցւոյ հաւատաւոր զաւակներուն:

Երկուշաբթի, Փետրուար 28, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հայ Առաքելական Եկեղեցին այսօր մուտք գործեց Մեծ պահքի ճանապարհորդութեան շրջան: Մեծ պահքը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ամենէն խորհրդաւոր շրջանն է, որու ընթացքին հաւատացեալը ճանապարհորդութիւն մը կը կատարէ սկսելով ստեղծագործութենէն հասնելու համար մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան՝ որով մեր հոգիներու փրկութեան:

Երկուշաբթի, Փետրուար 28, 2022

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները քննարկեցին Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան գործունէութեան վերաբերեալ հարցեր։

Երկուշաբթի, Փետրուար 28, 2022

Երեւանի «Ալիք մետիա» կայքէջի գլխաւոր խմբագիրն ու օգնականը շաբաթավերջին այցելեցին Իսթանպուլ:
Ամենապատիւ Ս. Պատրիարք Հայրը պատուեց՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին կողմէ Տիգրան Պասկեւիչեանի եւ Սաթենիկ Ֆարամազեանի համար կազմակերպուած ընթրիքի սեղանը: Ներկայ էին նաեւ Սահակ եւ Արփինէ Սարգսեան ամոլը:

Երկուշաբթի, Փետրուար 28, 2022

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը կը պատրաստուի հանդէս գալ ելոյթներով։ Երէկ, Էսաեան սանուց միութեան եւ «Մարալ» համոյթի ներկայացուցիչները մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին Քուրթուլուշի մարզակումբի սրահին մէջ։ Ծանօթ է, որ վերջին շրջանին համոյթի փորձերը տեղի կ՚ունենան այստեղ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 28, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի հիմնադրութեան տարեդարձին։ Այսպէս, դպրաց դասու 113-րդ, իսկ երգչախումբի 90-րդ կրկնակ տարեդարձներուն առթիւ աւանդական տօնակատարութիւններ տեղի ունեցան թաղի համանուն եկեղեցւոյ մէջ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 28, 2022

Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եւ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիներու վերջին վերանորոգութիւնները առիթ հանդիսացած են, որպէսզի համայնքային շրջանակները վերաթարմացնեն իրենց խոր երախտագիտութեան զգացումները՝ յայտնի նկարիչ ու քանդակագործ Էրոլ Սարաֆեանի նկատմամբ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 28, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Պարզ է, որ պատերազմները միշտ ալ յղի կ՚ըլլան անկիւնադարձային զարգացումներու։ Ուքրայնայի դէմ Ռուսաստանի կողմէ շղթայազերծուած այս պատերազմը բոլոր առումներով ծանր հետեւանքներու պատճառ դառնալու հիմնական տուեալները ունի։

Երկուշաբթի, Փետրուար 28, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ֆրանսայի մէջ կը շարունակեն նշել 400-ամեակը ֆրանսացի հռչակաւոր առակագիր, բանաստեղծ Լաֆոնթէնի (Ժան տը Լաֆոնթէն): Ան եղած է 17-րդ դարու ամենաընթերցուած գրողներէն մին, որ յայտնի էր նախեւառաջ իր առակներով, որոնք օրինակ հանդիսացան ողջ Եւրոպայի առակագիրներուն համար, իսկ Ֆրանսայի մէջ նոր տարբերակներու եւ բարբառային առակագրութեան սկիզբ դրին։

Երկուշաբթի, Փետրուար 28, 2022

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Որքան որ ալ «քլիշէ» թուի, երջանիկ ըլլալու միջոցներէն գլխաւորը՝ «պահը ապրիլն» է։ Չէ՞ք յոգնած տխուր լուրերու տարափէն։ Չէ՞ք յոգնած միշտ անհանգիստ ու «փուշի վրայ» ըլլալէն։ 

Երկուշաբթի, Փետրուար 28, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Պատերազմին ինչ ըլլալն ու ինչպիսի աւերներ գործելը հայ ազգէն աւելի ուրիշ ազգ մը դժուար թէ հասկնայ եւ ըմբռնէ, որովհետեւ ինչպէս առածը կ՚ըսէ «կրակը ինկած տեղը կ՚այրէ» եւ այդ պատմութիւնը փաստ է, թէ այդ կրակը անպակաս եղած է հայ ժողովուրդէն:

Երկուշաբթի, Փետրուար 28, 2022

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Եւրոմիութեան մօտ եւ Եւրոպայէ ներս Գանատայի յատուկ բանագնաց Սթեֆան Տիոնիի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, ան իր երկրի դեսպանն է Պերլինի մօտ։

Շաբաթ, Փետրուար 26, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութեան, որու ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Արարողութեան ներկայ էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ մեր հոգեւորականաց դասէն անդամներ։

Շաբաթ, Փետրուար 26, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճէֆ Ֆլէյքն ու կողակիցը։ Դեսպանին ուղեկցեցան Իսթանպուլի մօտ ԱՄՆ-ի աւագ հիւպատոս Տարիա Տերնըլ եւ դեսպանութեան քաղաքական խորհրդական Քեւըն Մոզ։

Շաբաթ, Փետրուար 26, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Միջազգային իրադարձութիւնները այնպիսի փոխկապակցութիւնով մը կ՚ընթանան, որ բոլոր տարածաշրջաններու վերաբերեալ իրադարձութիւնները ազդեցութիւն կը գործեն իրարու վրայ։ Այս առումով Հայաստանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի եղելութիւններու պարագան ալ նոյնն է, թէեւ այլ տարածաշրջաններու բաղդատմամբ շատ մօտ աշխարհագրութեան մը կը վերաբերի խօսքը։

Շաբաթ, Փետրուար 26, 2022

Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ վերջերս ամբողջութեամբ վերանորոգուած է Երեւանի Պարարուեստի պետական քոլէճի փորձասենեակը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, փոխ-նախարար Արա Խզմալեան վերջերս այցելեց այս քոլէճը՝ տեղւոյն վրայ ծանօթանալու համար կատարուած աշխատանքներու արդիւնքին։

Շաբաթ, Փետրուար 26, 2022

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Քուէյթի եւ շրջակայից հայոց թեմի նախաձեռնութեամբ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ «Մանուկներու բացատրական Աստուածաշունչ»ի հայերէն տպագրութեան համար շնորհանդէս մը։ Թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Տ. Պետրոս Ծայրագոյն Վարդապետ Մանուէլեան հովանաւորեց այս գինեձօնը, որ տեղի ունեցաւ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ համալիրի սրահին մէջ։

Շաբաթ, Փետրուար 26, 2022

Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ «Վարքագծի կանոնագիրքը բարեվարքութեան համակարգի կայացման ճանապարհին» խորագրեալ աշխատաժողով մը, որ կազմակերպուած էր Եւրոմիութեան եւ Եւրոմիութեան խորհուրդի հովանաւորութեամբ։

Էջեր