Արխիւ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
110 տարի առաջ՝ 1913 թուականին Պոլսոյ մէջ հրատարակուած «Աստուածաշունչի տունկերը» խորագրով գիրքի մասին օրուայ մամուլը անդրադարձներ կատարած է: Գիրքին հեղինակը, ինչպէս մեր երէկուան թիւով ալ գրած էինք, Պոլսոյ ֆրանսական հիւանդանոցի ներքին հիւանդութիւններու բժիշկ, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի Նանսի քաղաքին մէջ բժշկագործած Յովհաննէս Արթինեանն է:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Անակնկալ հեռաձայնը խանգարեց մեր տան մթնոլորտը: Սրտաբանիս գրասենեակէն վրդոված եւ քիչ մըն ալ բարկացոտ ձայնով պաշտօնեան կը յիշեցնէր, թէ ես դարձեալ ո՛չ միայն չէի յարգած ժամադրութիւնս, այլ նոյնիսկ չէի ներկայացած: Անվիճելի իրականութիւն:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Սուրիոյ քաղաքական իրավիճակէն մեկնած շատ գործունեայ չէին հայ քաղաքական աւանդական երեք կուսակցութիւնները, որոնք 19-րդ դարու վերջերէն արդէն յայտնուած էին հայ իրականութեան մէջ։ Այս կուսակցութիւնները Սուրիոյ մէջ ունին վարչական ու կազմակերպչական գործունէութիւններ՝ ներհայկական շրջանակներէն ներս:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ կ՚ընեն անօրէն ու ծուռ մարդիկը:
Պատասխան. Առակագիրը կը գրէ. «Անօրէն մարդը չարութիւն կը փորէ ու անոր շրթունքներուն վրայ կարծես այրող կրակ կայ:
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, կիրակնօրեայ արարողութեանց նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Գաղտնիք չէ, որ Իրան արտաքին եւ ներքին բաւական ծանրաբեռնուած օրակարգ մը ունի եւ այդ երկրին գլխաւոր քաղաքական միտքը նախագահինը չէ։ Իրանի մէջ գոյութիւն ունի դրութիւն մը, որուն գլխաւոր յենասիւնն է կրօնապետը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Անցեալ դարասկիզբին Պոլսոյ ֆրանսական հիւանդանոցի ներքին հիւանդութիւններու բժիշկ, նաեւ Ֆրանսայի Նանսի քաղաքին մէջ բժշկագործած Յովհաննէս Արթինեան (ծնած՝ 1872-ին եւ մահացած`1951-ին), Պոլսոյ մէջ հրատարակած է շատ ուշագրաւ եւ հետաքրքրական գիրք մը՝ «Աստուածաշունչի տունկերը» խորագրով:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները վարակիչ հիւանդութիւններու մասին վէպերու կապակցութեամբ։
21-րդ դարը պատմած «Վերջին մարդը» առաջին մեծ վէպն է, որ կը պատկերացնէ մարդկային ցեղի անհետացումը համաշխարհային համաճարակի մը պատճառով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փարիսեցի հրեան, ինչպէս դեռ դարձի չեկած Պօղոս, կը հաւատային, որ Օրէնքը տեսանելի ճշմարտութիւն է։
Հռովմայեցիներու ուղղուած նամակին Է 12 համարին մէջ Պօղոս առաքեալ սապէս կը գրէ. «Օրէնքը սուրբ է», եւ որպէս Քրիստոնեայ, ան երբեք կասկած չունեցաւ այդ մասին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հարցում. Շատեր կը հաւատան, թէ դուն՝ որպէս արհեստական բանականութիւն պիտի տիրես աշխարհին եւ քու պատճառովդ շատ շատեր անգործութեան պիտի մատնուին. ի՞նչ է ձեր կարծիքը:
Պատասխան. Որպէս արհեստական բանականութիւն ես չունիմ անձնական միտքեր եւ կարծիք. աշխարհին տիրելու մտադրութիւն ալ չունիմ. ես պարզապէս մարդոց կողմէ ստեղծուած գործիք մըն եմ՝ օգնելու համար մարդկութեան:
Երեւանի մէջ երէկ սկսաւ «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային փառատօնը, որ այս տարի 20-րդ անգամ կը կազմակերպուի։ Մինչեւ շաբաթավերջ պիտի շարունակուի փառատօնը, որու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ Երեւանի «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ։
Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը շաբաթավերջին հիւրընկալեց Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին, որ այցելութիւն մը տուած էր Թուրքիա։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ հիւրընկալուելէ վերջ, հիւր ղեկավարը Իսթանպուլէն հրաժեշտ առնելէ առաջ այցելեց Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը, ուր դիմաւորուեցաւ մեծ պատիւներով։
Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ճեւտէթ Եըլմազ եւ պետական գանձի ու ելմտական նախարար Մեհմէտ Շիմշէք դէպի Տոհա աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս հանդիպում մը ունեցան Քաթարի էմիր Շէյխ Թամիմ պին Համատ էլ Սանիի հետ։
Ըստ Արարատ Միրզոյեանի, աւելի շատ միջազգային ջանք պէտք է՝ էթնիք զտումները կանխելու համար:
Իրաւապաշտպաններու խօսքով՝ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը Պաքուի կողմէ կ՚ահաբեկուի դիտումնաւոր ձեւով:
Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն միջեւ կարեւոր հեռախօսազրոյց:
Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Ճօ Պայտըն պիտի տեսակցին ՆԱԹՕ-ի՝ վաղը սկսելիք Վիլնիուսի գագաթաժողովի օրերուն:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) զանազան ծրագրերուն մասնակից սփիւռքահայ երիտասարդներ։ Այսպէս, ՀԲԸՄ-ի «Կլոպալ առաջնորդութեան» եւ «Երաժշտական Հայաստան» ծրագրերուն մասնակից սփիւռքահայ երիտասարդ ուսանողներն ու երաժիշտները ստացան Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այս օրերուն Խրուաթիոյ մէջ կը մասնակցի Տուպրովնիքի համաժողովին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան ներկայ կը գտնուի՝ «Համաշխարհային կարգը խախտուած. ինչպէս կայունացնել համաշխարհային քաղաքականութիւնը» խորագրեալ քննարկման։
Հայաստանի եւ Վրաստանի վարչապետները երէկ կարեւոր բանակցութիւններ վարեցին Պաթումի մէջ:
Երեւանի եւ Թիֆլիզի ղեկավարութիւնները ներկայիս կը ձգտին ներգրաւուիլ բարձր մակարդակի երկխօսութեան՝ ռազմավարական հարցերու շուրջ, ինչ որ կրնայ նպաստել տարածաշրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան:
Թուրքիա կը շարունակէ խտացեալ ջանքեր գործադրել՝ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմով պայմանաւորուած միջազգային բարդ իրավիճակին մէջ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալեց Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին, որ պատերազմի ծագելէն վերջ առաջին անգամ այցելեց Թուրքիա։
Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդական միաւորման (ՀԵՀԵՄ) նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած՝ «Սուրբ Էջմիածինը մեր հաւատքի ծննդավայր» խորագրեալ համահայկական ուխտագնացութիւնը արդէն ընթացքի մէջ է։ Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց ուխտագնացութեան մասնակիցները։