Արխիւ
Աւագ շաբթուան արարողութիւնները ընթացքի մէջ են՝ վերանորոգ խորհուրդով։ Երէկ, Աւագ հինգշաբթի եւ այսօր, Աւագ ուրբաթ, հոգեպարար եկեղեցական արարողութիւնները անբացատրելի զգացումներ առթեցին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակներուն։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Աւագ ուրբաթ օրը եկեղեցւոյ կեանքին ամենէն սրբազնագոյն, նուիրական եւ միաժամանակ ամենածանր օրն է։ Այդ օրուան ընթացքին է, որ կը կատարուին մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ձերբակալութիւնը, չարչարանքները, խաչելութիւնը, մահն ու թաղումը։
Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւն, որուն հանդիսապետեց Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։ Թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն սաներ մասնակցեցան այս հոգեպարար արարողութեան, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան եւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ Սուրբ Զատկի առթիւ ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Աշակերտները տօնական շրջանը արժեւորեցին զանազան ձեռնարկներով։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան նախընթաց օր այցելեց Երեւանի «Արարատ» քոնիաքի գործարանը:
Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ տեսակցեցաւ Էնթընի Պլինքընի հետ, իսկ այսօր կը հիւրընկալէ Սերկէյ Լաւրովը:
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու վերսկսումը՝ Ռուսաստանի հետ բանակցութիւններու օրակարգին վրայ:
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար փրոֆ. տքթ. Ժերրի Փիլլէյ եւ Միջազգային ու միջեկեղեցական օժանդակութեան կազմակերպութեան՝ «ACT Alliance»ի ընդհանուր քարտուղար Ռուտելմար Պուէնօ տէ Ֆարիա երէկ Մերսինի վրայով Իսքենտէրուն մեկնեցան, ուր հանդիպում մը ունեցան Հայ Առաքելական, Արաբ Ուղղափառ եւ Լատին Կաթոլիկ հոգեւոր կեդրոններու պատասխանատուներուն հետ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Աւագ հինգշաբթին, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ծիսական արարողակարգին մէջ ամենէն խորհրդաւորն է եւ ժողովուրդին կողմէ ամենասիրելին։ Այսօրուան աւարտին կատարուած է Վերջին Ընթրիքը, Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդին հաստատումը եւ Վերջին Կտակը։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Իմ մեծ մայրն ու մեծ հայրը ազնուութեան ու բարութեան մարմնացում էին: Թէպէտ երէկ մեծ հօրս տարեդարձն էր, ան կը դառնար 92 տարեկան, սակայն այսօր կ՚ուզեմ աւելի շատ պատմել իմ մեծ մայրիկի մասին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մարտի 29-ին կեանքէն հեռացաւ մեր լաւագոյն հայագէտներէն մէկը՝ անուանի ձեռագրագէտ, պատմաբան ու մանկավարժ Գէորգ Տէր-Վարդանեան:
Ինչպէս իր որդին՝ մշակոյթի նախկին փոխ-նախարար Ներսէս Տէր-Վարդանեան յայտնած է՝ իր հայրը լքած է երկրային կեանքը՝ 80 օր ապրելու համար մաքառելէ ետք:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
-Պապի՛կ, դուն բարեւ կ՚ըսես, թէ ո՛չ պարեւ,- ըսաւ հնգամեայ թոռնուհիս՝ Վանան, հայկական վարժարանի առաջին օրուան աւարտէն իր տուն վերադարձին, երբ տակաւին պաչիկներ եւ կարօտագին գրկախառնումներ չէինք փոխանակած:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Կ՚ապրինք ժամանակաշրջան մը, ուր երեւոյթներն ու նիւթը իրենց լայնատարած ու համապարփակ իշխանութիւնը տարածած են ամէն ինչի վրայ, նոյնիսկ մարդուն հոգեւոր ներաշխարհին վրայ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մի քանի օրեր առաջ ձեռքս անցաւ հին տետրերէս մին, որուն մէջ պատանեկութեանս կարդացած գիրքերէս տողեր արտագրած եմ. տողեր՝ որոնք «ճիշդ» ու «գրաւիչ» թուացած են պատանի միտքիս ու տասնամեակ մը ետք անոնց ընթերցումը կու գայ տալու այն եզրակացութիւնը, որ փիլիսոփայական այդ խօսքերը պարզապէս գեղեցիկ բառերու փունջ մըն է՝ ամբողջապէս հեռու իրականութենէն:
Հայաստանի սփիւռքի գործերով գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան վերջին օրերուն ցաւակցական մը ուղարկած է նորոգ հանգուցեալ մարզական գործիչ Նազար Հանչէրի ընտանիքին։ Ծանօթ է, որ Նազար Հանչէրի անժամանակ կորուստը վերջերս մեծ ցաւ ստեղծած էր համայնքային շրջանակներէն ներս։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն երկու միաբան՝ Տ. Ներսեհ Վրդ. Խալաթեանն ու Տ. Մինաս Աբեղայ Հախվերտեանը։
Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահը այցելութիւն մը կու տայ Իսթանպուլ:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ հիւրընկալեց Իշխան Զաքարեանը, որ կը մէկտեղուի համայնքի մարզական գործիչներուն հետ:
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ ներկայիս կը գտնուի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի թեմէն ներս, Ծաղկազարդի տօնին առթիւ պատարագեց Մոնրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ ներկայիս կը գտնուի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի թեմէն ներս, երէկ, Մոնրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մասնակցութիւն բերաւ Սրբոց Տասն Կուսանաց յիշատակութեան արարողութեան։
Երէկ, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Աւագ շաբթուան սկիզբի ամենախորհրդաւոր արարողութիւններէն մին։ Այսպէս, Սրբոց Տասն Կուսանաց յիշատակութեան առթիւ կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Աւագ չորեքշաբթին խաղաղ օր մըն է։ Յիսուս Իր սովորութեան համաձայն Տաճար չ՚երթար աղօթելու կամ քարոզելու։
Աւագ չորեքշաբթին նախապատրաստուելու եւ ինքնամփոփուելու օրն է՝ յաջորդող օրերուն գալիք փոթորիկներուն տոկալու համար։