Արխիւ
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան ներկայ շաբթուան սկիզբին մասնակցեցաւ միջեկեղեցական կարեւոր մամլոյ ասուլիսի մը։
Ամենապատիւ Ս. Պատրիարք Հայրը այս առաւօտ պատարագեց Տէր Յիսուսի Լոյս գերեզմանին վրայ:
Նորին Ամենապատուութիւնը երէկ այցելեց Երուսաղէմի հայկական կրթօճախները, իսկ երեկոյեան Քրիստոսի անուանակոչութեան՝ Ութօրէքի նախատօնակին հանդիսապետեց Սրբոց Յակոբեանց մայր տաճարի երդիքին տակ:
Քաղաքիս յոյն համայնքը ներկայ տարեմուտին ապրեցաւ մեծ ոգեւորութիւն՝ վերակենդանացնելով նաեւ իր աւանդութիւնները։ Այս շրջանակին մէջ յատկանշական էր՝ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքի հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած երիտասարդական ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ Եըլտըզի «Քոնրատ» պանդոկի երդիքին տակ։
Այս ամսավերջին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ կարեւոր համերգ մը՝ նշանաւորումն հայ երաժշտութեան կենդանի առասպել Տիգրան Մանսուրեանի տարեդարձին։ Այս մեծ ձեռնարկը նախատեսուած է մաէսթրոյի ծննդեան օրը՝ յունուարի 27-ին, Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս։
Միրզոյեան մասնակցեցաւ Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու կոմիտէի երէկուան նիստին:
Լաչինի միջանցքի վերաբացման ուղղեալ դիւանագիտական ջանքերու յաջողութեան համար անհրաժեշտ է միջազգային ուժեղ ճնշումը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այս պահու դրութեամբ, Ռուսաստանը Հարաւային Կովկասի մէջ ձեռնունայն է՝ առանց Թուրքիա-Ատրպէյճան թանտեմին։ Ո՛չ միայն փոխուած են խաղի կանոնները, այլ իրավիճակը հասած է այնպիսի փուլի մը, ուր կը մատնուի Ռուսաստանի անգործութիւնը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Արաս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է նոր գծավէպ մը, որ կը կոչուի «Ծաղկաւոր տետրակը»։ Սա արդէն իր նմաններու շարքին 4-րդն է։
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան ընդառաջ անկիւնադարձային փուլ:
Ընտրողներու ցուցակները այսօր կը կախուին երեք թաղերու մէջ, կը սկսի նաեւ թեկնածութիւններու առաջադրումը:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Միշտ հաւատարիմ մնալով էութեանս՝ կրկին ներքին հանդարտութեամբ կու գամ շարել այն բոլոր մտահոգութիւնները, որոնք կը պատկանին մեզի: Արդարեւ, ազգովին կանգնած ենք նոր եւ բազմաշերտ վտանգներու առջեւ:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1905)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մինչեւ ծնունդը նախապատրաստութիւններ: Պորտը կտրելն ու կապելը: Ի՞նչ է «շապիկով ծնիլը»: Նորածինին գլուխը: Նորածինը լոգցնելը: Նորածինին աչքերուն խնամատարութիւնը: Փաթաթելն ու քնացնելը: Առաջին ծիծ տալը: Մեկոնիոն եւ երեխային դուրս ելլելը:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Անթերի թէ համեստ մեր բոլոր սեղաններէն անպակաս էր խաղաղութեան կենացը: Թէպէտ մեր երկրի լուսաբացները կը բացուէին խաղաղ, սակայն մեր մեծերը չէին մոռցած խաղաղութեան արժէքը, իսկ պզտիկներուն ալ կը մաղթէին մեծնալ խաղաղ երկինքի տակ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Առձեռն Ընդհանուր ԺԱՄԱՆԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆ Հին եւ Նոր Տէրութեանց - Վենետիկ, ի տպարանի Մխիթարեան, 1880» գիրքին մէջ «Ազդ» վերտառութեամբ՝ որպէս նախաբան, սապէս կ՚ըսէ Հ. Ներսէս Ճնտոյեան։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ազգի մը մէջ ամենէն մեծ դժբախտութիւնը սկիզբ կ՚առնէ ա՛յն ժամանակ, երբ հաւաքական շահը կը սկսի իր տեղը զիջիլ անհատականին ու մարդ հաւաքականութեան շահերով առաջնորդուելու փոխարէն աւելի նախամեծար կը նկատէ իր անձնական շահերը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Կը շարունակենք Գերպ. Վաղինակ Ծայրագոյն Վարդապետին հարցում-պատասխանով տուած բացատրութիւնները սուրբերու բարեխօսութեան մասին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Բոլոր գետերը ծովը կը թափին, բայց ծովը չի լեցուիր»։
Ասիկա ճշմարտութիւն է հոգեւոր հասունութեան նկատմամբ։ Սիրելի՜ բարեկամ, պէտք է որոշ վերապահութեամբ մօտենալ Ժողովի Գիրքին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայկական հին ժողովրդական խօսք մը հետեւեալը կ՚ըսէ. «Ամուրիին համար կնիկ ծեծելը դիւրին է» եւ զարմանալի չէ, որ նման իմաստուն խօսք մը մեր՝ հայութեանս մէջ ծնունդ առած է, որովհետեւ մեզի համար դիւրին է այն ամէնը՝ որուն մասին ամենէն չնչին գիտութիւնն ու տեղեկութիւնը չունինք:
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, որ ուխտագնացութեամբ կը գտնուի Երուսաղէմ, տեղեկանալով Ղալաթիոյ Յիսուս Փրկիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ ծագած հրդեհին, ցաւակցական գիր մը ղրկեց Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Արհիապատիւ Տ. Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զեքիեանին։
Ղալաթիոյ Ս. Փրկիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ յարակից հիւրատան մէջ երէկ երեկոյեան ծագեցաւ սարսափելի հրդեհ մը, որ դժբախտաբար խլեց երկու զոհ։ «Անատոլու» գործակալութիւնը անմիջապէս արձագանգեց այս դէպքին, որ համայնքային շրջանակներէն ներս ալ խոր ցաւ յառաջացուց։ Իսթանպուլի հրշէջ գունդը անմիջապէս միջամտեց դէպքին՝ մինչ թրամվայի գծի երթեւեկն ալ ընդհատուեցաւ։
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ վերջին ամիսներուն կը գտնուի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս, շաբաթավերջին պատարագեց եւ քարոզեց Նիւ Պրիթընի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Կարապետ Քհնյ. Թելֆէեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի դէպի Երուսաղէմ ուղեւորութիւնը կը շարունակուի։ Թէեւ այցելութեան ծրագիրը աստիճանաբար կը մօտենայ իր աւարտին, սակայն, վառ պահերը չեն պակսիր։