Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայ ժողովուրդին համար գոյութիւն ունին բառեր, որոնք դարեր շարունակ մնացած են եւ կը շարունակեն մնալ անծանօթ. այդ բառերէն մէկն է ազատութիւնը, որուն բուն իմաստը երբեք ալ չե՛նք կրցած հասկնալ:
Երեւանի մէջ Նկարիչներու տան երդիքին տակ երէկ բացուեցաւ Վարկանիշային ցուցահանդէս մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Նկարիչներու միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկը կ՚ընդգրկէ՝ զանազան ոճերով ստեղծագործուած գեղարուեստական շուրջ 300 աշխատանք։
Այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն Ատրպէյճանի զօրքերը հերթական անգամ թիրախաւորեցին Արցախը։ Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ, հրադադարի պայմաններուն ներքեւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները կրակահերթեր իրականացուցին Կարմիր Շուկայի եւ Թաղավարդի բնակելի տուներուն վրայ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հերթական յայտարարութիւնով հանդէս եկաւ՝ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէ ներս հայկական ժառանգութեան պահպանման տագնապին շուրջ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան, որ վարակուած էր քորոնաժահրով, արդէն բուժուած է։ Ընկերային ցանցերուն վրայ ան տեղեկացուց, որ վերջին երկու օրերու նմուշառման արդիւնքները ցոյց տուած են, որ ինք դարմանուած է։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիան երէկ քննարկեցին միջազգային օրակարգի զանազան առաջնահերթ հարցերը։
Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի ներկայացուցիչները 10 ժամ բանակցութիւն վարեցին:
Բարդ քննարկումներու ժամանակ կարելի չեղաւ հարթել տարակարծութիւնները, աշխատանքը պիտի շարունակուի յաջորդ ամիս:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Ատրպէյճանն ալ Հայաստանի հետ մշտական խաղաղութեան կը ձգտի ու կը նախընտրէ Հայաստանի հետ Թուրքիոյ ուղղակի շփման մէջ ըլլալը։
«TRT Haber»ին տուած հարցազրոյցին մէջ նախարարը կարեւոր խորհրդածութիւններով հանդէս եկաւ Թուրքիա-Հայաստան-Ատրպէյճան առանցքի իրադարձութիւններուն շուրջ։
Ֆրանսայի միջազգային ձայնասփիւռը անդրադարձաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մղած գոյութենական պայքարին:
Ռատիօկայանի Իսթանպուլի աշխատակից Անն Անտլոէր հարցազրոյց մը ունեցաւ թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի բարեզարդման աշխատութիւնները ներկայիս կը շարունակուին մեծ թափով։ Իսկ այս շրջանին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի բարձր հովանաւորութեամբ, միաբանութեան անդամ եպիսկոպոսներու, վարդապետներու, սարկաւագներու մասնակցութեամբ եւ Մայր Աթոռի երգչախումբի երգեցողութեամբ կիրակնօրեայ արարողութիւնները տեղի կ՚ունենան Ս. Գայիանէ վանքին մէջ։
Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքի գահակալութեան 30-ամեակին առթիւ այս շրջանին կը գործադրուի յոբելենական ծրագիր մը։ Երէկ երեկոյեան Նորին Սրբութեան գործունէութեան վերաբերեալ պատրաստուած փաստավաւերագրական ժապաւէնի մը առաջին ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր մթնոլորտի մը մէջ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Տարիներէ ի վեր, գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը յատուկ հռչակագրով, միշտ գալիք նոր տարին կ՚անուանէ մակդիր-ածականով մը եւ ժողովուրդին կը թելադրէ, որ ամբողջ տարուան ընթացքին հետեւին այս անուան հետ կապուած եւ տրուած յորդորներուն, կէտերուն եւ դրական կառոյցներ որոնեն եւ աշխատին նոր ծրագիրներ իրականացնել:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Բերէ՛ք, բերէ՛ք սերմերը, թափեցէ՛ք խարոյկին մէջ: Բերէ՛ք ձեր կենդանիները, խառնեցէ՛ք խարոյկին մոխիրը աղով ու կերակրեցէ՛ք զանոնք:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Տարիներ առաջ ազգանուէր գործ մը կատարելու համար Լիբանանի գրասենեակիս երէց հոգեւորականի մը հետ միասին կ՚ընդունէի այն հայորդիները, որոնք կ՚ուզեն իրենց նիւթական եւ բարոյական մասնակցութիւն բերել:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ուքրանական «AnalitikaUA.net» կայքէջը կը գրէ, որ Լվովի, Ուքրայնա, Հայկական տաճարը քաղաքի ամենայայտնի կրօնական շինութիւններու ցանկին մէջ է եւ իբրեւ այցելավայր քաջածանօթ է զբօսաշրջիկներուն: Տաճարին մէջ կը տիրէ անցեալի ու ներկայի ներդաշնակ համակեցութիւն, ճարտարապետութիւնն ու ներքին յարդարանքը առանձնակի կերպով կը գրաւեն այցելուները, իսկ այդ կրօնական հնագոյն կառոյցին պատմութիւնը, հայկական սփիւռքի պատմութեան մէկ հատուածը ըլլալէն զատ, նաեւ հին Լվովի քրիստոնէական անցեալի փաստացի վկայութիւնն է:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1902)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վարակիչ ցաւերը ընդհանրապէս այսպէս կ՚երեւին: Գիւղի կամ քաղաքի մէջ հիւանդութիւն չկար, ամէն մարդ իր գործին էր, յանկարծ օր մը կը լսուի, թէ այս ինչին տունը ցաւ ինկած է:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վստահաբար բոլորս ալ ձեւով մը լսած ենք, որ բժիշկները իրենց բժշկական ուսումը աւարտելէ ետք երդման արարողութիւն մը կ՚ունենան, որ ծանօթ է Հիփոկրատական երդում անուանումով:
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ հիւրընկալեց «Պայրաքթար» հոլտինկի ընդհանուր տնօրէն Հալուք Պայրաքթարն ու թեքնոլոժիի գծով ղեկավար Սելչուք Պայրաքթարը, որոնք այցելեցին Պաքու։ Ծանօթ է, որ Սելչուք Պայրաքթար Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի փեսան է։
Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան աւագներու խորհուրդի 12-րդ ժողովը՝ Իսթանպուլի մէջ:
«Հիմնական նպատակներու շարքին են անդամ երկիրներու միջեւ համարկումը, ներդաշնակութիւնը թէ՛ առեւտուրի ու փոխադրութեան եւ թէ հաղորդակցութեան զարգացումը՝ ըստ ղեկավարներու կողմէ որդեգրուած ուղղութեան»:
Լիպիոյ վարչապետ Ապտիւլհամիտ էլ Տիպէյպէի դէմ այս առաւօտ մահափորձ մը կատարուած է։ Մայրաքաղաք Թրապլուսի մէջ զինեալ յարձակման ենթարկուեցաւ վարչապետին ինքնաշարժը։