Արխիւ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այսօր գրող, գրական քննադատ, հրապարակախօս եւ խմբագիր Արփիար Արփիարեանի 170-ամեակն է:
19-րդ դարու վերջին քառորդի արեւմտահայ հասարակական եւ գրական կեանքը դժուար է պատկերացնել առանց Արփիար Արփիարեանի, որ իր անուրանալի դերը ունեցած է այդ ժամանակաշրջանի զարգացման մէջ թէ՛ իբրեւ գրաքննադատ, թէ՛ իբրեւ հրապարակախօս եւ թէ՛ իբրեւ գրող, խմբագիր:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Շաբաթավերջին «Մանկական Եւրոտեսիլ 2021»ի Հայաստանի տարած յաղթանակը հպարտութեան եւ յուզումի պատճառ դարձաւ, անգամ մը եւս առիթ տալով խորհրդածելու եւ մտածելու հայու տաղանդին եւ անոր անմրցունակ մշակութային արժէքներու մասին:
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Քուէյթի եւ շրջակայից թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան շաբաթավերջին արժանացաւ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանին։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, Քուէյթի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ տուչութեան հանդիսավարութիւնը։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին պարգեւատրեց Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեանը, որ բեղուն գործունէութիւն կը ծաւալէ նաեւ՝ որպէս հրապարակագիր։
Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի՝ ուսման համար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին մեկնելուն արձագանգները կը շարունակուին։ Անցեալ շաբաթավերջին ան Հայաստանի մէջ առաջին անգամ Ս. Պատարագ մատոյց՝ Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի յիշատակութեան տօնի առթիւ։
Անցեալ ապրիլին քորոնաժահրի համաճարակին զոհ գացած լուսանկարիչ Նիքօ Մանկինասի ի յիշատակ կազմակերպուած լուսանկարչական մրցոյթը կ՚ընթանայ փուլ առ փուլ։ Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանի պաշտօնական լուսանկարիչն էր Մանկինաս, որուն ի յիշատակ նախատեսուած «Մենք ու մեր աւանդութիւնները» խորագրեալ լուսանկարչական մրցոյթի մասնակցութեան համար սահմանուած վերջնաժամկէտը արդէն աւարտած է։
Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի կողմէ կազմակերպուած առցանց լսարաններու շրջանակին մէջ, վերջերս հերթական անգամ օրակարգի վրայ եկան արեւմտահայերէնի վերաբերեալ հարցերը։ Հերթական՝ 41-րդ առցանց լսարանի ատենախօսն էր լեզուագէտ տքթ. Յակոբ Չոլաքեան, որ Երեւանի Պետական համալսարանի եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի դասախօսներէն է։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Մարսէյլի մէջ ստեղծուած է նոր մանկական երգչախումբ մը։ Սահակ-Մեսրոպ մշակոյթի կեդրոնի վարչական խորհուրդը այս առթիւ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով տեղեկացուած է, որ «Էջմիածին» կը կոչուի նորաստեղծ մանկական երգչախումբը։
Հայաստան-Վրաստան միջկառավարական համագործակցութեան յանձնաժողովի տասնմէկերորդ նիստը:
Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւնները արժեւորուեցան Երեւան-Թիֆլիզ առանցքին վրայ՝ վարչապետներու գլխաւորութեամբ:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մասնակցեցաւ Էքրէմ Իմամօղլուի տանտիրութեամբ կազմակերպուած ընթրիքին:
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի յաջող կատարումները արժանացան ջերմ ծափահարութիւններու:
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Աքաղաղը չկանչած՝ դուն երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս» (Յհ 13.38):
Յովհաննէսը, Ղուկասն ու Մատթէոսը կ՚ըսեն, թէ՝ «դեռ աքաղաղը չկանչած, դուն երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս» (տե՛ս, Մտ 26.34: Ղկ 22.34), իսկ Մարկոս կ՚ըսէ, թէ՝ «Աքաղաղը երեք անգամ չկանչած, մինչ դուն երկու անգամ պիտի ուրանաս զիս» (տե՛ս Մր 14.30):
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Բնաւ պատահական չէ, որ անցնող օրերուն Սուրիոյ դերի մը վերադարձի մասին սկսուած է խօսուիլ։ Խնդիրը այն է, որ Սուրիոյ ուժերու հեռացումէն ետք շրջանային ազդեցութեան տակ Լիբանան մտաւ փորձարկումներու ժամանակ մը, որ բոլոր առումներով ալ ինքզինք սպառեց։ Լիբանանի քաղաքական շրջանակներ, ղեկավարներ ու կուսակցութիւններ անկարող եղան երկիրը կայուն հունի մը մէջ պահել, աւելի մեծ յանցանք մըն ալ ընելով՝ հրաժարեցան Լիբանանի կառավարութեան արտաքին պարտքի տոկոսները վճարելու յանձնառութենէն։
«Բարեւ TV» ամերիկահայ առցանց հեռուստակայանը արձագանգեց՝ 114-ամեայ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի անդունդի եզրին հասած ըլլալու վերաբերեալ ահազանգին:
Արա Գօչունեան. «Պատմութեան համար, նոսթալժիի համար բան մը չենք ուզեր, մենք կը ջանանք պատրաստուիլ ապագային, որովհետեւ կը հաւատանք, թէ մեր թերթի առաքելութիւնը չէ աւարտած»:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց տարեկան աւանդական մատաղօրհնութեան, որու զուգահեռ կազմակերպուեցաւ թաղի վարժարանի ի նպաստ հերթական նուիրահաւաքը։ Համավարակի հետեւանքով աշխարհիկ հանդիսութիւն տեղի չունեցաւ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման նոր փորձի ռիսքերու մասին մտածել կու տան՝ կողմերու փութկոտութիւնն ու խօսակցութիւնները գաղտնի տանելու մտադրութիւնը:
Անգարայի համար Երեւանին «առիթ մը տալու» մօտեցումները կը պարունակեն տեղական ու շրջանային շահեր, որոնց սկիզբը կը դրուի Պաքուէն եւ կը հասնի մինչեւ Մոսկուա, նաեւ հեռաւոր Ուաշինկթըն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Գահիրէի Ամերիկեան համալսարանի սրահներէն մէկուն մէջ բացուած է եգիպտահայ անուանի լուսանկարիչ Վան Լէոի (Լեւոն Պոյաճեան) լուսանկարներուն ցուցահանդեսը, որ նուիրուած է լուսանկարչի 100-ամեակին: Վան Լէոն, որ կոչած են լոյսի եւ ստուերի նկարիչ, կեանքէն հեռացած է 2002 թուականին, 81 տարեկանին, յուղարկաւորուած է Գահիրէի հայկական գերեզմանատունը:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Նուաճումները կամ հերոսութիւնները՝ որոնց մասին կը կարդանք պատմութեան գիրքերու մէջ, տեղի ունեցած են մարդոց «հանգստութեան գօտիները» լքելուն շնորհիւ։ Ոչ մէկ փոփոխութիւն, զարգացում կամ փոխակերպում տեղի ունեցած է կանաչ խոտերու վրայ պառկելով ու ձեռնածալ հետեւելով ժամանակի սղաճին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կրօնքի եւ գիտութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող ընդհարումը միշտ ալ գոյութիւն ունեցած է՝ անցեալէն հասնելով մինչեւ մեր օրերը եւ մեծ հաւանականութեամբ պիտի երկարի մինչե՛ւ անորոշ ապագան, որովհետեւ առաջինը աներեւելին պիտի ընդունի որպէս տէր ու արարիչ, իսկ երկրորդը պիտի փորձէ անբացատրելին բացատրել:
Երէկ, Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ «Մանկական Եւրոտեսիլ 2021» երգի մրցոյթը։ Հայաստանի ներկայացուցիչն էր Մալենա, որ հանդէս եկաւ «Քամի-քամի» երգով։
Ատրպէյճան երէկ եւս 10 ռազմագերի վերադարձուց Հայաստանին։ Այս անգամ Եւրոմիութեան միջնորդութեամբ ապահովուեցաւ այս արդիւնքը, ինչ որ ստեղծեց լայն արձագանգ։