Արխիւ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ ընդունեց Պէյրութի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորոթի Շին։ Աւելի քան ժամ մը տեւեց այս հանդիպումը, որուն ներկայ գտնուեցաւ ԱՄՆ-ի դեսպանատան քաղաքական հարցերով պատասխանատու Էթհան Լինչ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Հալըճըօղլուի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Ինչպէս ծանօթ է, այս եկեղեցին ներկայիս ֆիզիքապէս գոյութիւն չունի, բարոյական առումով վերահաստատուած է Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, սակայն որպէս վարչական միաւոր՝ անոր վաքըֆը կը գործէ։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Ձեռնահեռաձայնս կը շարժի թռչունի սուլոցով մը: Տղաս ձայնը փոխած էր, որպէսզի թռչունի սուլոցով ստանամ իր լուրերը հեռաւոր ափերէն: Արդեօք ի՞նք է: Հատ մը եւս կը յաջորդէ, երրորդ մըն ալ մինչեւ հասնիլս...:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Անմեղ հարցում մը.- այս օրերուն ազգովին ո՞ւր ենք: Ո՞ւր «կ՚երթանք»: Աւելի ճիշդ՝ ի՞նչ կ՚ընենք եւ ի՞նչ ընել կ՚ուզենք: Չէք տեսներ, որ մեր հայրենիքը տակն ու վրայ է: Նաեւ տակն ու վրայ է հայու հոգեկան ատաղձը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Չափազանցած չենք ըլլար եթէ ըսենք, որ հայ ժողովուրդը եղած է քաղաքակրթուած այն առաջին ազգերէն, որ տակաւին 19-րդ դարու սկիզբներուն սկսած է գիտակցիլ, բարձրաձայնել ու կարեւորել կնոջ դերը ընկերային կեանքէն ներս:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1902)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Նախորդող ութ յօդուածաշարքով մեր սիրելի ընթերցողներուն ուշադրութեան յանձնեցինք բժիշկ Վահան Արծրունիի «Մի՛ խմեր» եւ «Մի՛ ծխեր» գրքոյկները՝ արեւմտահայերէնի վերածուած:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր Հաւատքի Գիրքին՝ Աստուածաշունչին Գաղատացիներուն գիրքին մէջ առաքեալը յորդոր կու տայ, ըսելով. «Իրարու բեռը վերցուցէք» (Գղ. 6.2), իսկ ուրիշ տեղ մը՝ Եբրայեցիներուն նամակին մէջ կ՚ըսէ. «մի՛ մոռնաք բարեգործութիւն ընել եւ օգնել ուրիշներուն» (Եբր. 13.16):
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան վարչութեան պետ Հիքմէթ Հաճիեւ հերթական անգամ խօսեցաւ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի եւ «Զանգեզուրի միջանցք»ին մասին։
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը նոր նուիրակ մը նշանակեց Անգարայի մօտ։ Այսպէս, յառաջիկայ շրջանին Թուրքիոյ մէջ Վատիկանը պիտի ներկայացնէ Մոնս. Մարեք Սոլծինսքի՝ որպէս պապական նուիրակ։
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքի հետ, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Տեսակցութեան ներկայ էին նաեւ «Ռուսական երկաթուղիներ» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն ու վարչական խորհուրդի նախագահ Օլեկ Պելոզիորով եւ Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին։
Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս մեծամասնութեան տէր «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը պաշտօնապէս Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու առաջադրեց Վահագն Խաչատրեանը, որ ներկայիս Բարձր թեքնոլոժիներու եւ արդիւնաբերութեան նախարարի պաշտօնը կը վարէ։
«Մատենա» միջազգային դպրոցի առաջին կրթական ծրագրի մեկնարկը ազդարարուեցաւ Երեւանի մէջ:
Փոփոխութիւններ առաջնորդելու եւ արդիւնաւէտ կառավարում ապահովելու նպատակով կը կազմակերպուին դասաւանդութիւններ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հիւրընկալեց Վրաստանի Ներքին գործոց նախարար Վախթանկ Կոմէլաուրին, որ այցելեց Երեւան։ Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի ոստիկանութեան պետ Վահէ Ղազարեան։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ ընդունեց Աւստրիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Շալենպերկը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Օրուայ տեւողութեան Միրզոյեան եւ Շալենպերկ ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան ղեկավար Նեչիրվան Պարզանին։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Պեշթեփէի համալիրէն ներս։
Միրզոյեան. «Հայաստան կրնայ մասնակցիլ Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումին, խնդիր չեմ տեսներ»:
Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքները երէկ վերսկսան՝ բնականոնացման գործընթացի համայնապատկերին վրայ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առաւօտ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց «Fly One Armenia» օդային ընկերութեան կառավարման խորհուրդի նախագահ Արամ Անանեանն ու իր ընկերակիցները։ Հարկ է նշել, որ ան Երեւան-Իսթանպուլ երէկուան առաջին թռիչքով ժամանած է քաղաքս, ուր կ՚ունենայ կարճ կեցութիւն մը՝ մինչեւ վաղը երեկոյեան, մինչեւ յաջորդ թռիչքը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուն եւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պատրիարքական փոխանորդ մետրապոլիտ Եուսուֆ Չեթինը։ Այս երկու այցելութիւններն ալ քաղաքավարական բնոյթ ունէին։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Բոլոր օրկաններն ալ կարեւոր են: Սակայն ապրելու համար առաւել կարեւոր է սիրտը: Դէպի սիրտ շտապող կան բազում երակներ, որոնցմէ մէկուն մէջէն կը հոսի յիշողութիւնը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ինչպէս արդէն յայտնի դարձաւ անցնող օրերուն՝ թողարկուած են Մխիթարեան միաբանութեան հանդէսներու թուային գրադարանը եւ կայքէջը: Անոնք կը ներկայացնեն 1794-1920 թուականներու միջեւ տպուած հայ մամուլէն հաւաքածոներ՝ թուայնացուած ու անվճար։