Արխիւ
1 սեպտեմբեր 2021 թուականի դրութեամբ Երեւանի մէջ պաշտօնապէս սկսաւ գործել Վատիկանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը։ Խօսքը կը վերաբերի պապական նուիրակութեան կամ դեսպանութեան գրասենեակին։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան խրախուսած ծրագիրները հետամուտ են Հայաստանի զարգացման ուղղեալ ջանքերուն ներառել նաեւ սփիւռքը:
«Սթորիթելինկը լրագրութեան մէջ. անհերքելի փաստերէ մինչեւ բարդ բովանդակութիւններ» խորագրեալ դասընթացը՝ միջազգային հեղինակաւոր մասնագէտներու մասնակցութեամբ:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ իր երկիրը պատրաստ է նպաստելու Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, ռուս դիւանագէտը երէկ տեղեկացուց, որ Մոսկուա արձանագրած եւ ի գիտութիւն ընդունած է Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ վերջերս փոխանակուած դրական պատգամները։
Լոնտոնի մէջ բացուած է ընտանի կենդանիներու ու անոնց տէրերուն համար ակումբ մը։ Այսպէս, ակումբին մէջ այցելուներուն կը տրամադրուի երկու տեսակ ճաշացանկ, ուր կան քոքթէյլներ ինչպէս մարդոց, այնպէս ալ անոնց կենդանիներուն համար։
«Ընդդէմ մամլոյ սահմանափակումներու, յանուն խօսքի ազատութեան եւ տեղեկացուած ըլլալու իրաւունքի»:
Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան աշխարհը ահազանգ կը հնչեցնէ իշխանութիւններու քաղաքականութեան դէմ:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը միշտ կը մնայ առկայ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երէկ նահատակուած է հայ զինուոր մը։
Երեւան սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքներու սկիզբին տեսակէտէ բարենպաստ ազդեցութիւն կը տեսնէ՝ Պաքուի զօրքերու իր ինքնիշխան տարածքէն դուրս բերուելու հեռանկարին մէջ:
Հայաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարները անդրադարձան տարածքաշրջանային անվտանգութեան հարցերուն:
Աշխարհահռչակ մերերգչուհի Յասմիկ Պապեան այսօր կը դառնայ 60 տարեկան։ Ան իր 60-ամեայ յոբելեանը կ՚ողջունէ՝ ջերմօրէն շրջապատուած իր արուեստի համակիրներուն կողմէ։
2021-2022 կրթական շրջանի վերամուտին ընդառաջ յայտնի դարձած են նաեւ համալսարանի մտից քննութիւններուն արդիւնքները։ Ուրախառիթ է, որ մեր համայնքէն երկու արժէքաւոր երիտասարդներ յաւակնոտ յաջողութիւններ արձանագրած են՝ քննութիւններու միլիոնաւոր մասնակիցներու կարգին մաս կազմելով առաջին 5 հազար յաջողագոյններու շարքին։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները կը շարունակուին ամբողջ թափով ու կ՚ընթանան նախատեսուած հունին մէջ։
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս այս շրջանին վերստին անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնան գաւառի մեր հարստութիւնները։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ ի Տէր հանգած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի երիտասարդ ու կորովի միաբաններէն Տ. Մաղաքիա Վրդ. Ամիրեանց։ Դժբախտաբար, ան զոհ գացած է քորոնաժահրի համաճարակին, որու ընթացքը այս շրջանին ահագնացած է Հայաստանի մէջ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, երէկ երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ տեղի ունեցաւ միաբանական հաւաք մը։ Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ Ս. Պօղոս եւ Ս. Յակովբոս առաքեալներու նամակներէն մէջբերումներով շեշտեց հաւատքին ու հաւատարմութեան առանցքային կարեւորութիւնը մարդկային կեանքէն ներս ու զանոնք կեանքի կոչելու հրամայականը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը 2021-2022 կրթական շրջանի վերամուտին եւ Հայաստանի՝ Գիտելիքի, գիրի եւ դպրութեան օրուայ առթիւ հրապարակած է հետեւեալ պատգամը:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Քրիստոսին հաւատալու, փառաբանելու համար հայոց թագաւոր Տրդատը կը շարունակէ անմարդկային տանջանքներու ենթարկել Ս. Գրիգորը: Հոգեմաշ, անտանելի ցաւերու մէջ, Գրիգոր տրտնջալու, դժգոհելու փոխարէն կը փառաբանէ բարձրեալը.
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանի մէջ լոյս տեսած է 17-րդ դարու մանկավարժ, բնագէտ ու վարդապետ, Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքի դպրոցի ուսուցիչ, վաճառական Կոստանդ Ջուղայեցիի «Աշխարհաժողով» աշխատութիւնը՝ աշխատասիրութեամբ երիտասարդ հետազօտող, Մաշտոցեան Մատենադարանի աւագ գիտաշխատող Սարգիս Պալտարեանի:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մարդիկ այսօր յոգնած են եւ խառնուած, մտահոգութիւնն ու խաւարը կը տիրեն անոնց վրայ՝ մեղքին ու անձնասիրութեան պատճառով: Այստեղէն ահա, լաւ խոստովանահայրերու անհրաժեշտութիւնը, որոնք փորձառութիւն ունին եւ մարդոց կը մօտենան պարզութեամբ, գործնական սիրով եւ կ՚առաջնորդեն զանոնք, որպէսզի իրենց հոգիները խաղաղին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Օրէ օր կ՚աւելնան մեր կեանքի մէջ թիւը ժողովականներուն եւ նորաբաց ժողովներուն, որոնք այս կամ այն ձեւով հայութեան ու հայկականութեան համար բան մը ընել կը փորձեն, սակայն կայ արտասովոր երեւոյթ մը: Ժողովները կը գումարուին հայութեան համար, հայկական գաղութ մը եւ կամ կազմակերպութիւն մը աւելի առողջ ու գործունեայ ընթացքի մը մէջ դնելու համար, բայց ի՜նչ առեղծուած... հայութեան համար գումարուած ժողով մը՝ հայերէն լեզուի բացակայութեամբ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Մեզի յայտնի է, որ 301 թուականին քրիստոնէութիւնը Հայաստանի մէջ որպէս պետական կրօն ընդունուեցաւ ի շնորհիւ Գրիգոր Լուսաւորիչի: Ո՞վ է Լուսաւորիչը, ուրկէ՞ եկաւ Հայաստան եւ ինչպէս յաջողեցաւ հեթանոս ժողովուրդ մը դարձնել դէպի ճշմարիտ Աստուած:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յայտնի երեւոյթ է, թէ վերջին տասնամեակներուն մի՛շտ կը խօսուի այն էական հարցին մասին, որ մեր մէջ կամաց կամաց կը սկսի նուազիլ լեզուի մշակները, գրականութեան ու ուսուցչութեան նուիրեալները:
«Ատրպէյճան կը խախտէ միջազգային իրաւունքը եւ հրապարակային սադրիչ քայլեր կ՚առնէ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներուն դէմ»:
Արարատ Միրզոյեան Մոսկուայի մէջ յայտարարեց, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ որեւէ բանակցութիւն չի տարուիր, իսկ եթէ անոնք սկսին, ապա անպայման օրակարգի վրայ պէտք է ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ յստակեցուած սկզբունքներուն հիման վրայ: