Արխիւ

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2020

Արցախի ժողովուրդը կը քուէարկէ՝ պաշտօնի կոչելու համար երկրի նոր նախագահն ու խորհրդարանը:
Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ տարածքին առընթեր, այսօր ընտրատեղամաս մըն ալ կը գործէ Երեւանի մէջ:

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2020

Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ, Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ երեկոյեան ժամերուն արձագանգ հանդիսացաւ Թուրքիոյ վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալներուն։ Այսպէս, երէկ կատարուած է 11 հազար 535 քննութիւն։ Նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուած է 1610 վարակեալ։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Այսպէս կ՚երեւի, թէ քաղաքակիրթ ժողովուրդներու ապրելու քաջութիւնը կը նուազի։ Գրեթէ ամէն երկրի մէջ ալ տաղանդաւոր անհատներու թիւը կը պակսի։ Այս երեւոյթը ահաբեկիչ նշանակութիւն մը ունի։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2020

ՊԻԱՆ­ՔԱ ՍԱ­ՐԸԱՍ­ԼԱՆ

Մարդկութեան հասարակաց թշնամին դարձած քորոնաժահրը կը շարունակէ զբաղեցնել ամբողջ աշխարհի օրակարգը։ Մինչ բովանդակ աշխարհ կը պայքարի քորոնաժահրի համաճարակին դէմ, ընկերային ցանցերու վրայ տարածուած է այն վարկածը, թէ 16-րդ դարու բժիշկ, աստղագէտ, գիտնական եւ գուշակ Նոսդրատամուս իր հեղինակած «Մարգարէութիւններ» (Les Prophéties) գիրքին մէջ «կանխատեսած» է քորոնաժահրի ծագումն ու տարածումը։ 

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2020

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

«Ճանչնանք «Քորոնա» ժահրախտը կամ թագաժահրախտը» վերնագիրով 26 յունուար 2020-ին իմ ստորագրութեամբ յօդուած մը լոյս տեսաւ Մոնրէալի «Հորիզոն» շաբաթաթերթին մէջ: Այդ օրէն անցած են երկու ամիս:

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մեր օրերէն ժամանակ մը անց, երբ մարդիկ, վերլուծողներ, փորձեն մեր օրերու մասին «ակադեմական» մակարդակի բնորոշում-անուանում մը տալ, անվարան կերպով պիտի գրեն «նախքան-քորոնայի» ու ապա «խետ-քորոնայի» ժամանակները։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2020

Համաճարակի պատճառաւ տուներու մէջ փակուելու պարտաւորուած երէց սերունդի մեր ժողովուրդի անդամներուն ուղղուած եւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր առաջնորդութեամբ «Հեռախօսային օժանդակութեան աջակցութիւն» կարգախօսով արշաւ մը սկսած է։ Մօտաւորապէս 20 կամաւոր կիներ, իրենց ուղարկուած հեռախօսային տուեալներով, մեր երէց քոյր եւ երբայրներուն հետ կապ պիտի հաստատեն հեռաձայնի միջոցաւ, իրենց հետ պիտի զրուցեն ու իրենց պիտի ջանան զգացնել, թէ այս օրերուն առանձին չեն։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2020

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ առ Աստուած աղօթք բարձրացաւ Հայաստանի եւ համայն հայ ժողովուրդի համար:
Վեհափառ Հայրապետը Ս. Տրդատի բաց խորանին առջեւ ծնրադիր խնդրեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի բարեխօսութիւնը:

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2020

Ռուսաստան եւ Վրաստան «Կանաչ գօտի» պիտի ապահովեն Հայաստանի բեռներուն:
Նիկոլ Փաշինեանի եւ Միխայիլ Միշուսթինի միջեւ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հեռախօսազրոյց մը:

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2020

Լեհ անուանի երգահան Քրիստոֆ Պենտերեցքի շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքեց՝ 87 տարեկան հասակին։ Երգահան ու խմբավար Պենտերեցքի ծնած էր 1933 թուականին։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2020

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վաղը նախատեսուած են ընտրութիւններ։ Արցախի ժողովուրդը քուէատուփի մօտ պիտի փութայ ընտրելու համար երկրի թէ՛ նոր նախագահը եւ թէ խորհրդարանը։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2020

Առողջապահութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ քորոնաժահրի հետեւանքով երէկ մահացած է եւս 23 հոգի։ Այսպէսով, ընդհանուր առմամբ, Թուրքիոյ մէջ համաճարակի զոհերուն թիւը բարձրացած է 131-ի։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2020

Ֆրանսահայ հեղինակաւոր պետական-քաղաքական գործիչը զոհ գնաց քորոնաժահրի համաճարակին:
Ոչ եւս է Փաթրիք Տէվէճեան, որ սփիւռքի ամենաազդեցիկ դէմքերէն մին էր Եւրոպայի մէջ: Հայաստանի Հանրապետութեան պետական աւագանին եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը հրապարակեցին ցաւակցականներ:

Շաբաթ, Մարտ 28, 2020

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ երեկոյեան Իսթանպուլի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին տեղեկացուց, որ քորանաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի բերումով նոր սահմանափակումներ հաստատուած են բովանդակ երկրէն ներս։

Շաբաթ, Մարտ 28, 2020

Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր պատգամը. «Այսօր Սուրբ Աստուածածնի առջեւ ծնրադիր իր բարեխօսութիւնը կը խնդրենք այս քորոնաժահրի համաճարակին դէմ, որպէսզի իր զօրութիւնը ցոյց տայ եւ վերստին չարը խափանէ, որովհետեւ երբեմն մարդուն ուժերը բաւարար չեն»:
«Սա ոսկի առիթի մը կրնանք վերածել՝ երբ որ մենք մեր առանձնութիւնը կ՚օգտագործենք Աստուծմով լեցուելու, սուրբերով լեցուելու, Աւետարանի խօսքերով լեցուելու համար»:

Շաբաթ, Մարտ 28, 2020

«Արմէնփրէս» գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը ներգրաւուած է քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարին։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի երէկուան հաղորդումներէն արտատպումի հիման վրայ Հայաստանի պաշտօնական գործակալութիւնը ի լուր աշխարհին տեղեկացուց այս կարեւոր հանգամանքը։

Շաբաթ, Մարտ 28, 2020

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Հասանք մեր հաւատքի հօր Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի խոր վիրապ մուտքի տօնին։
Տօնակատարութիւն մը, որուն միջոցաւ կը յայտնուի Անակի որդի Սուրէնի հաւատքի արիութիւնը։

Շաբաթ, Մարտ 28, 2020

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ պահոց շրջանի վեցերորդ կիրակին մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ Սրբազան հայրերը կոչած են՝ «Գալստեան»: Գալստեան անուանումը մեզի կը ներկայացնէ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին կրկնակի գալուստները աշխարհ. առաջին գալուստը՝ որպէս մարդ, որպէս զոհ, որպէս պատարագ Հօր Աստուծոյ, երբ մեր մեղքերը Իր ուսերուն վրայ առնելով խաչ բարձրացաւ՝ մեր պարտամուրհակը վճարեց ու մեզ վերստին Աստուծոյ որդեգիր դարձուց:

Շաբաթ, Մարտ 28, 2020

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Միջին-արեւելքցի հայերը, որոնք տասմանեակներ առաջ նաեւ թրքախօս էին, չեմ գիտեր, թէ ճիշդ ե՞րբ եւ ի՞նչ պայմաններու բերումով, բանաձեւած են մտածում մը, որ թարգմանի. «Ամերիկայի մէջ մանկապարտէզ կը փնտռէ…»: Ենթիմաստը այն է, որ Ամերիկայի մէջ մանկապարտէզ չկայ:

Շաբաթ, Մարտ 28, 2020

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Ֆրանսայի Ելեւմուտքի նախարար Պրիւնօ լը Մեր քորոնաժահրին դէմ պայքարը նկատեց «տնտեսական եւ ելեւմտական պատերազմ»: Ան այդպիսով մատնանշեց այդ պայքարին բնոյթներէն մէկը, սակայն ոչ՝ արդիւնքը:

Էջեր