Արխիւ

Շաբաթ, Մարտ 21, 2020

Գրեց՝ ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Կարծեմ բոլորդ համաձայն էք, որ ներկայիս ամենաշատ գործածուող բառն է այս աշխարհի բոլոր լեզուներով ու բոլոր անկիւններուն մէջ, եւ բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, որ տակաւին շատ երկար պիտի պահէ ան իր արդիականութիւնը: Պարագան տարբեր չէ հայ իրականութեան մէջ՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս:

Շաբաթ, Մարտ 21, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լիբանանի մէջ քորոնա վարակի առաջին պարագան կ՚արձանագրուէր փետրուարի 21-ին։ Այդ օրէն սկսեալ մինչեւ այս տողերուն գրուիլը առկայ խնդիրը կը դառնար ոչ միայն առողջապահական ոլորտին մէջ մտավախութիւն կամ տաղտուկ յառաջացնող նիւթ, այլ կը մտնէր նաեւ քաղաքական բեմահարթակ։

Ուրբաթ, Մարտ 20, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նեղութիւններու, դժուարութիւններու մէջ յաճախ կը յանձնարարուի «համբերութիւն», որպէս անոնց հակաթոյն կամ դարման։
Համբերութիւն իր ամենալայն իմաստով կը նշանակէ տանիլ հանդուրժողութեամբ որեւէ նեղութիւն, ինքնազսպել, չխռովիլ եւ տոկալ առանց դառնութեան։

Ուրբաթ, Մարտ 20, 2020

Չինաստանի մէջ մարդամեքենայ մշակած են քորոնաժահրի ստուգման համար։ Այսպէս, Չինաստանի մէջ շինուած է խելացի մարդամեքենայ մը, որ կրնայ մարդոց կոկորդէն քսուք առնել՝ նոր քորոնաժահրի վարակի ախտորոշման համար։

Ուրբաթ, Մարտ 20, 2020

Apple-ի բոլոր խանութները ժամանակաւորապէս կը փակուին քորոնաժահրի համավարակի պատճառով։ Այսպէս, քորոնաժահրի համավարակի պատճառով Apple ամբողջ աշխարհի վրայ երկու շաբաթով կը փակէ իր խանութները, բաց կ՚ըլլայ միայն Չինաստանի մէջ գտնուող խանութը:

Ուրբաթ, Մարտ 20, 2020

Քորոնաժահրէն պաշտպանուելու դիմակները վերածած են նորաձեւ աքսեսուարի։ Այսպէս, Նիւ Եորքի բնակիչները քորոնաժահրէ պաշտպանուելու համար նախատեսուած բժշկական դիմակները վերածած են նորաձեւ աքսեսուարի:

Ուրբաթ, Մարտ 20, 2020

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ նախընթաց օր երեկոյեան ժամերուն Անթիլիասի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրեալ սպասաւորներէն մին՝ Տ. Տիրայր Արք. Փանոսեան։

Ուրբաթ, Մարտ 20, 2020

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ երէկ ստորագրուած հրամանագրերու հիման վրայ երկրէն ներս կատարուեցան երկու նոր կարեւոր նշանակումներ։ Այսպէս, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէն նշանակուեցաւ Եդուարդ Մարտիրոսեան։

Ուրբաթ, Մարտ 20, 2020

Քորոնաժահրի դէմ պայքարը ամբողջ թափով յառաջ կը տարուի բովանդակ աշխարհէն ներս։ Համաճարակի արտասովոր պայմաններուն ներքեւ Թուրքիան ալ ամբողջական զօրակոչի մը մօտեցումով կը ջանայ յաղթահարել այս մեծ առողջապահական սպառնալիքը։ Հանրային կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ այս խնդիրը դարձած է թիւ մէկ առաջնահերթութիւնը։

Ուրբաթ, Մարտ 20, 2020

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Ներկայիս համաշխարհային չափանիշով վտանգ սպառնացող համաճարակ մը դուռ բացած է որ մենք զմեզ գտնենք սահմանափակուած կեանքի պայմաններուն մէջ, մատնուած՝ բանտարկեալի մը հոգեբանութեան։ Մեր կամքէն անկախ յառաջացած այս պայմաններուն մէջ երբ կը հետեւինք հեռատեսիլի մեզի ընձեռած հաղորդակցութեան միջոցներուն՝ կը տեսնենք, թէ մարդիկ ընդհանրապէս իրենց ապաւէնը կը փնտռեն աղօթանուէր կեանքի պարգեւած շնորհներուն մէջ։

Ուրբաթ, Մարտ 20, 2020

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մշտահունչ աղօթքներ կը բարձրացուին առ Աստուած քորոնաժահրէ վարակուածներուն համար։ Կը հաղորդուի, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ամէն օր կը կատարուին մասնաւոր բժշկական աղօթքներ։

Ուրբաթ, Մարտ 20, 2020

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց. «Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն աղօթք կը բարձրացնենք առ Աստուած՝ խնդրելով Տիրոջ զօրակցութիւնն ու օգնութիւնը աշխարհին եւ մեր ժողովուրդին պատուհասած համաճարակի դիմագրաւման համար։ Արդարեւ, ուր որ կայ սէր, յոյս եւ հաւատք, այնտեղ չկայ երկիւղ ու կասկած, այնտեղ չկայ վախ եւ յուսալքութիւն, որովհետեւ մեր ապաւէնն է նոյնինքն Արարիչ Աստուած»:
«Դժուարին այս օրերուն մտահոգութեամբ ականատես կ՚ըլլանք, թէ խաթարուած է բնականոն կեանքը։ Փրկիչ մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս անսահման սիրով մեզի համար չարչարուեցաւ ու խաչուեցաւ, իր հրաշափառ յարութեամբ մարդկութեան պարգեւեց փրկութեան, յոյսի, հաւատի եւ սիրոյ շնորհները, որպէսզի մենք իրեն ապաւինած կարողանանք նեղութիւնները յաղթահարել»:

Ուրբաթ, Մարտ 20, 2020

Պատկառելի Կրօնական ժողովի 16 մարտ 2020 թուակիր Է. արտակարգ նիստի որոշումներու 8-րդ յօդուածին համաձայն, կու գանք անգամ մը եւս յիշեցնել մեր հոգեւորականաց դասուն, համայնքային ու թաղային մարմիններուն եւ մերազն հաւատացեալ ժողովուրդի անդամներուն, թէ Պատրիարքարանը փակ է ընթացիկ այցելուներու։

Ուրբաթ, Մարտ 20, 2020

ԵՐԱՄ

Ծնած եմ Պուլկարիոյ Փերնիք քաղաքին մէջ։
Ամառնային օր մը մայրս աշխարհ բերեր է զիս առանձին. հայր չեմ ունեցած երբեք։ 

Ուրբաթ, Մարտ 20, 2020

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

-Անի՛, Անի՛, Անի՛...
Կը լսուէր դուրսէն. դրացուհիս էր, որ կը կանչէր. ձայնին ելեւէջներէն յստակ էր, որ բան մը պատահած է: Բացուած դուռիս ձայնին հետ հեւ ի հեւ, աւելի բարձր ձայնով, հաղորդեց.

Հինգշաբթի, Մարտ 19, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Նորէն ջերմաչափի խնդիր ունինք։ Տանը եղածը լաւը չէր,- կ՚ըսէ Անուշս, իսկ ես յօնքերս կիտելէ ետք կը յիշեցնեմ, որ առնուազն երեք դեղատուն մտայ, որպէսզի նոր, լաւ, որակաւոր ջերմաչափ մը առնեմ, սակայն չկար...

Հինգշաբթի, Մարտ 19, 2020

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Մարդկութեան պատմութիւնը համաճարակներու, պատերազմներու, աղէտներու պատմութիւն է: Յիշելով անցեալը եւ ուսումնասիրելով պատմութիւնը՝ մեր աչքին առջեւ նախ կու գան աւերները, մահերը, պատերազմները, ապա ծաղկուն կեանքի, սիրոյ, արարումի պատմութիւնները:

Հինգշաբթի, Մարտ 19, 2020

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի կողմէ օրեր առաջ մարտի 18-ը հռչակուած էր Համազգային աղօթքի օր՝ քորոնաժահրի համաճարակի յաղթահարման եւ հիւանդներու բժշկութեան համար։ Ուստի, երէկ երեկոյեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Սուրբ Գայիանէ վանքի երդիքին տակ, Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ հանգստեան ժամերգութիւն։

Հինգշաբթի, Մարտ 19, 2020

Քորոնաժահրի համաճարակը յաղթահարելու նպատակով Թուրքիոյ մէջ համատարած դիմադրութեան մթնոլորտ ստեղծուած: Պետութիւնը շարժման անցուցած է բոլոր լծակները: Անգարա պայքարը յառաջ կը տանի թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին գործօնները հաշուի առնելով: Չանքայայի ապարանքէն ներս երէկ ծաւալուն քննարկումներ տեղի ունեցան Հանրապետութեան նախագահին գլխաւորութեամբ:
Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կոչ ուղղեց՝ հնարաւորինս դուրս չգալ բնակարաններէ: Իշխանութիւնները կը ձգտին թէ՛ առողջապահութեան եւ թէ տնտեսութեան գետնի վրայ չէզոքացնել առկայ սպառնալիքները:

Հինգշաբթի, Մարտ 19, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ստորեւ կը ներկայացնենք Սարգիս Սերոբեանի 1 հոկտեմբեր 1985 թուակիր «ՔՈՒԼԻՍ» հանդէսին մէջ հրատարակուած շահեկան մէկ յօդուածը։

Էջեր