Արխիւ
Համայն մարդկութիւնը մեծ հրճուանքով եւ խաղաղութեան համատարած մաղթանքով ողջունեց 2020-ը:
Ամանորի առթիւ Երեւանի մէջ ստեղծուած մթնոլորտը համահունչ էր հայաշխարհի աւանդական խանդավառութեան:
Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ ի հայրենիս եւ ի սփիւռս,
Ամանորի տօնական այս երեկոյ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն հայրական սիրոյ մեր օրհնութիւնն ու շնորհաւորութիւնները կը բերենք ամէնքիդ։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Շուտով, շուտով, շուտով Նոր տարի է...
Եւ ամէն տարի անկրկնելի հեքիաթ...
Արդեօ՞ք...
Ամիս մը ու աւելի պատրաստութիւններ... Նոր տարի է շուտով։
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի ընտանիքը Ամանորի առթիւ հանդիսութիւն մը կազմակերպեց Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Հանդէսի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ Նոր տարուոյ եւ Ս Ծննդեան առթիւ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը, որու պատուոյ հիւրն էր Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Հայրը։ Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան խնամակալութեան ատենապետ Փրոֆ. Թորոս Ալճան եւ վարժարանի տնօրէն Արմէն Սարուխանեան։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ տարեմուտի առթիւ տեղի ունեցաւ խանդավառ խրախճանք մը։ Դպրոցէն ներս տօնական մթնոլորտ ստեղծուեցաւ Կաղանդի հանդէսին առթիւ։
Մխիթարեան վարժարանի մէջ 2020 թուականի տարեմուտին առթիւ կազմակերպուած հանդէսը առիթ հանդիսացաւ տօնական մթնոլորտի ստեղծման։ Ամբողջ դպրոցէն ներս բարձր տրամադրութիւնը զգալի էր։
Գալֆաեան Տան ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ ողջունեց 2020 թուականի գալուստը։ Այս առթիւ դպրոցէն ներս տեղի ունեցան շարք մը հանդէսներ։
Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը նախընթաց օր հիւրընկալեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուն եւ իր գործակից ընկերները, որոնք փութացած էին Ամանորը շնորհաւորելու։
Երիտասարդութեան ու մարմնամարզի նախարար Մեհմէտ Մուհարրէմ Քասափօղլու Ամանորի ընդառաջ այցելեց Թաքսիմ մարզակումբը։ Վարչութեան ատենապետ Կարօ Համամճեանի եւ գործակից ընկերներուն կողմէ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ նախարարը, որ շրջայց մը կատարեց ակումբէն ներս։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Այսօր ալ արթնցայ, առտու է նորէն: Է՜հ, ի՞նչ ընել առտուն, ի՞նչ ընել իրիկունը, օրերը, շաբաթները, ամիսները..., ի՞նչ ընել առանձին կեանքը, աս օտար, անշունչ, անմարդ պատերուն մէջ...
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Զարմանալի զուգադիպութեամբ մը, եւ հայ մամուլին նուիրուած տարուան լրումին հետ կը բարձրաձնեմ նիւթ մը, որ այսօր ալ կը շարունակէ աղերս ունենալ հայկական ընդհանուր օրակարգին մէջ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Տօնական օրեր են դարձեալ: Մարդիկ իրարանցումի եւ պատրաստութիւններու մէջ են՝ դիմաւորելու համար Նոր տարին, այս անգամ արդէն 2020-ը:
Տ. ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքը անհո՜ւն ժամանակին եւ անսահման միջոցին մէջ շրջան մը, ընթացք մըն է, որ պահանջքը ունի տեւապէս նորոգուելու եւ բարեփոխուելու։ Միօրինակ շարժում մը, ընթացք մը չէ «կեանք» կոչուած ժամանակաշրջանը։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Բարեւ, սիրելի Կաղանդ պապուկ…
Ամանորի նախաշեմին իմ այս սրտաբաց նամակին պարզապէս անկարող էի սկսելու, առանց յիշատակելու Մուշեղ Իշխանի տողերը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Նոր յոյսերով, նոր ակնկալութիւններով դարձեալ կը դիմաւորենք Նոր տարին։ Մարդիկ ինչպէս անցեալ տարիներուն, այս տարի եւս ետին կը ձգեն ձեռքբերումներն ու կորուստները, բայց նաեւ վերաքննելով իրենց գործած բարի արարքներն ու սխալները։ Առանց թերահաւատութեամբ կը բանանք մաքուր, սպիտակ էջ մը, որու առաջին տողերը կը տրամադրենք մեր ուրուագծած նոր հորիզոններուն, ծրագրերուն, նոր ուղիներուն, սպասումներուն՝ անդորր, խաղաղ, յաջող ու համերաշխ կեանք մը ունենալու ուղղութեամբ…
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Կը դիմաւորենք 2020-ը: Երկու քսաններու միացութիւն է այս տարին: Գեղեցիկ թուական մը: Թուականին արտաքին գեղեցկութիւնը յոյս կը ներշնչէ բոլորիս, նաեւ կ՚ակնկալենք բարի բովանդակութիւն, որ կը բերէ իրեն հետ:
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ամանոր է դարձեալ։
Ինչպէս ամէն տարի, այս անգամ ալ կը պատրաստուինք հին տարին թաղել պատմութեան էջերուն մէջ եւ դիմաւորել՝ նորը։
Տարեմուտ է կրկին: Մեր աշխարհը իր միլիառաւոր դարձերէն մէկը կատարած է արեւուն շուրջ: Հի՛ն է արեւը, հի՛ն է աշխարհը: Բայց ամենայն կարողութեամբ օժտուած են երկուքն ալ միշտ նոր մնալու, նորոգելու եւ նորոգուելու:
Եւ այսպէս, 2020 թուականի այգաբացը… Սա նոր լուսաբաց մըն է յոյսի շողերով եւ մանաւանդ՝ լաւատեսութեան ճառագայթումով։