Արխիւ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Ամանորի ներկայ տօնական շրջանին յատկանշական հանդիպում մը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահն ու Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը գօտեպնդեցին հաշմանդամ զինուորներ:
Թուրքիոյ մէջ արտադրուած ինքնաշարժը երէկ առաջին անգամ ներկայացուեցաւ պատմական հաւաքոյթով մը:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան ընդգծեց, որ երկիրը պիտի տիրանայ կլոպալ վաճառանիշի մը:
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ամանորի խրախճանք մը։ Տղաքը փայլուն յաջողութեամբ գործադրեցին օրուան յայտագիրը։
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Հակադրութիւններ տեսնելու մարդ արարածի ընդհանրութեան մէջ այնքան է տարածուած, որ ամէնուր զայն ելակէտի հետ է փոխարինուած. Սեւի դէմ՝ ճերմակը, գիշերուան դէմ՝ ցերեկը, բարութեան դէմ՝ չարիքը, մահուան դէմ՝ ծնունդը…
Սուրիոյ տագնապը վերջին շրջանին վերստին արիւնալի իրադարձութիւններով կը զուգորդուի։ Ռուսաստանի եւ Սուրիոյ ղեկավարութեան զօրքերը Իտլիպ քաղաքի հարաւին կ՚իրականացնեն գործողութիւններ, որոնք կը թիրախաւորեն նաեւ քաղաքային ժողովուրդը։
Ամերիկահայութիւնը Ամանորի ներկայ շրջանին լուրջ հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ ընկերային անհրաժեշտ զօրակցութեան գետնի վրայ:
Հայաստանի Մանուկներու հիմնադրամի (COAF) տարեկան ընթրիքին արդիւնքով գոյացաւ աւելի քան 6 միլիոն տոլար, ինչ որ պիտի յատկացուի 51 գիւղերու ծրագրերուն:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի պաշտօնական խօսքերու ժողովածոյի երկրորդ հատորը, որ կը կոչուի՝ «Հատընտիր պաշտօնականք. 2010-2018»։ Այս ժողովածոն նուիրուած է Վեհափառ Հայրապետի օծման եւ գահակալութեան 20-ամեակին։
Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլն ու գործակից ընկերները։
Հարպիյէի Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ (CRR) համերգասրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ՝ «Կեդրոնական, ջահդ վառ» կարգախօսով կազմակերպուած համերգը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտ մը։
Երեկոյթը պատուեց Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը, որու ընկերացան Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալուեցան յատուկ խնամքի կարօտ երեխաներ ու մանուկներ:
Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց ծնողներու եւ խնամակալներու կողմէ ցուցաբերուած զոհաբերութեան ոգին:
Արաբերէն թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Աշխարհահռչակ բանաստեղծ, փիլիսոփայ, գրականագէտ, թարգմանիչ եւ քննադատ Ատոնիս (բուն անունով՝ Ալի Ահմատ Սաիտ Էսպէր) ծնած է Սուրիոյ ծովափնեայ Ճէպլէ քաղաքի Քասսապին գիւղը՝ 1 յունուար 1930-ին, աղքատ եւ այգեգործ ընտանիքի մը մէջ:
ԵՐԱՄ
Վերջին անգամ մը ետեւ նայեր էր, ձեռք ըրեր էր սիրած մարդուկներու այդ խումբին. երեք թոռնուհիները՝ Անուշը, Լիլօն եւ Թագուհին, որդին՝ Ալպերթը, եւ հարսը՝ Սօնան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ իր ստեղծագործութենէն կոչուած է կատարելութեան, բարեփոխութեան եւ միշտ աւելի յառաջդիմութեան։ Մարդ քանի որ ստեղծուած է իր Արարչին՝ Աստուծոյ պատկերով եւ Անոր նմանութեամբ, ուրեմն պէտք է նմանի Անոր եւ կատարեալ ըլլայ, որովհետեւ Ան կատարեալ է։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ամերիկեան Ռաշմոր լերան վրայ պատկերուած նշանաւոր արձանախումբը արդեօք արուեստի գո՞րծ է, թէ՞ դրամ շահելու յաւելեալ աղբիւր: Արձանախումբը, իր գոյութեան ութսուն տարիներուն ընթացքին բնութեան նախնական եւ անապական վիճակը խաթարած է, որովհետեւ ժամանակին այս հսկայական արձանները ստեղծելու համար բնութեան մէջ պայթուցիկ ուժանիւթ գործածուած է, որպէսզի ժայռաբեկորները ճեղքուին:
Պատրաստեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հ. Ո՞վ է առաջին նոպելեան կին մրցանակակիրը:
Պ. Մերի Քիւրի (Ինչպէս նաեւ Փարիզի Համալսարանի առաջին կին փրոֆեսէօրը եղած է):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կա՞յ արդեօք աւելի վատ զգացում մը քան «իրեններէն» մերժուիլ եւ ապերախտութեամբ վիրաւորուիլ։
Մարդ երբ կը վստահի մէկու մը՝ կը սպասէ, որ ան միշտ հաւատարիմ մնայ ներշնչած վստահութեան։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը Ամանորի ներկայ շրջանին ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է նոր գիրք մը։ Այսպէս, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ լոյս ընծայուած է Տ.Տ. Մատթէոս Ա. Կոստանդնուպոլսեցի Կաթողիկոսի (1858-1865) «Հայելի աստուածային շնորհաց» աշխատութեան։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ երկրի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի հետ։ Քննարկուեցան նախագահական եւ խորհրդարանական վարչամեքենաներու միջեւ առաւել սերտ համագործակցութեան հաստատման ուղղեալ հարցեր։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ Թունուզ, ուր հիւրընկալուեցաւ նախագահ Քայս Սայիտի կողմէ։ Անգարա այս շրջանին Միջերկրականի պարագային հանդէս կու գայ կարեւոր նախաձեռնութիւններով։
Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրն ու հետեւորդները երէկ այցելութիւններ տուին Ֆէնէր եւ այլ հոգեւոր կեդրոններ:
Նորին Ամենապատուութիւնը Սուրբ Ծնունդի տաղաւարի առթիւ շնորհաւորութիւններ ու բարեմաղթանքներ յղեց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքին: