Արխիւ
ԵՐԱՄ
Ձորը կտրող երկար ու բարձր սովետական կամուրջի վրայէն կ՚անցնէր այս առաւօտ եւս, գործի ճամբան բռնած։ Աւելի հին, աւելի գիւղական եւ սիրուն իրենց մասէն կ՚ուղեւորուէր դէպի գետի միւս ափի աւելի նոր, սովետաշէն թաղամասը, ուր կեդրոնացած էր եղած-չեղած շուկայական շարժը ամբողջ քաղաքին։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Աղջիկ ճան, քանի՞ տարի էլ էսպէս վարձով ես բնակուելու:
Կ՚ըսէ շրջանի կազի ստուգման պաշտօնեան, երբ հերթական եռամսեայ այցելութիւններուն ընթացքին նոյն բնակարանին մէջ, նոյն հայրենադարձ կինը կը տեսնէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ի՞նչ համեմատութիւն կարելի է՝ որպէսզի հասարակաց կէտ մը ստեղծուի մարդուն եւ փոշիի հատիկի մը միջեւ։ Եթէ նիւթը միայն «մարդ»ը ըլլար, աւելի դիւրին պիտի ըլլար անշուշտ խորհրդածել անոր մասին, բայց երբ հարցը բաղդատութիւն մըն է, մանաւանդ էապէս իրարմէ շատ հեռու եւ օտար նիւթերու, որոնց մէջ հասարակաց կէտ գտնել գրեթէ անկարելի է, դժուար է գաղափար մը կազմել։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ընտանիքի ծանր բեռը կիսով չափ թեթեւցնելու նպատակաւ Գոհարիկ ստիպուած թողուց ուսումը։ Ընդամէնը տասնչորս տարեկան էր, երբ դպրոցական նստարանէն անցաւ գորգագործի չոր աթոռին։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այս տարի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ նշուեցաւ Սպիտակ տան տօնածառի աւանդոյթին 130-ամեակը: Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն պաշտօնական նստավայրին՝ Սպիտակ տան մէջ առաջին տօնածառը տեղադրուած է 1889 թուականին, երբ այդ շրջանին նախագահը Պենիամին Հերիսընն էր:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Դարձեալ նշեցինք մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի սքանչելի Սուրբ Ծնունդը: Աշխարհը, այլ խօսքով՝ մարդկութիւնը այս օրերուն դարձեալ վերյիշեց աշխարհի Արարիչին ու մեր՝ մարդոց փրկութեան Պատճառին, պարզ բայց միաժամանակ խորախորհուրդ ծնունդը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անձնասիրութիւնը երկու տեսանկիւններէ դիտելով կարելի է երկու տարբեր նշանակութիւններով բացատրել՝ որոնք ըստ երեւոյթի հակասական կը թուին։ Անձը երբ մարդկային էութեան ամբողջութիւնն է՝ մարմին, հոգի եւ միտք, զայն պահպանել, հոգալ, խնամել, զարգացնել մարդուն պարտքն է եւ պարտականութիւնը։
Այսօր շարժանկարի անմոռանալի վարպետ Սերկէյ Փարաճանովի ծննդեան տարեդարձն է։ Եթէ ան ապրէր պիտի դառնար 96 տարեկան։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ առկայ լարուածութիւնը կը շարունակէ անմիջականօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ ԱՄՆ-ի կողմէ Իրանի բարձրաստիճան հրամանատարներէն Քասըմ Սիւլէյմանիի սպանութեան զուգահեռ՝ Թեհրան պալիսթիք հրթիռներով թիրախաւորած էր Իրաքի ամերիկեան ռազմախարիսխները։
Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ կը հաստատուին նոր թռիչքներ։ «Ryanair» ընկերութեան կողմէ պիտի իրականացուին այս նոր թռիչքները բաւական մատչելի գիներով։
Հայաստանի կառավարութիւնը այս առաւօտ գումարեց 2020 թուականի առաջին ժողովը, որու բացումին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց, որ անցեալ տարին ընդհանրապէս յաջող կը համարուի։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մամլոյ քարտուղարը՝ Վլատիմիր Կարապետեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Վլատիմիր Կարապետեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ տեղեկացուց, որ այլեւս չի կատարեր վարչապետի մամլոյ քարտուղարի պարտականութիւնները։
«Թրքական հոսք» կազամուղ խողովակաշարի պաշտօնական բացման պատմական հանդիսաւոր արարողութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի մէջ:
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը նոր տեսք մը կու տայ համաշխարհային ուժանիւթի քարտէսին, դիմագրաւելով նաեւ երկրի կարիքները:
Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց պոլսահայ տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները։ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ անոնք Պատրիարքարան այցելեցին՝ ըստ ընկալեալ սովորութեան։
Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու երէկ հիւրընկալեց Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւորը:
Զեքիեան Գերապայծառ եւ ընկերակիցները այսօր հանդիպում մը կ՚ունենան Կրօնից տեսուչ Ալի Էրպաշի հետ:
Սամաթիոյ ընտանիքը ներկայ տարեմուտը դիմաւորած է մասնաւոր ոգեւորութեամբ։ Արդարեւ, վաղը երեկոյեան Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի եւ համանուն մանկանց երգչախումբի համերգը։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. «Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը ազգի նուիրական տունն է»:
Վեհափառ Հայրապետը տարեմուտի առթիւ հիւրընկալեց պաշտօնէութեան աշխարհական անդամները:
Նորոգ հանգուցեալ կրթական մշակ Կարապետ Մխալեանի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Ներկայ էին Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը, Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու եւ բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։
Տիգրան Էօզպիւլպիւլ ներկայ տարեմուտն ալ կը դիմաւորէ Իսթանպուլի ախոյեանի փայլուն տիտղոսով:
Առնօ Կարապետեանի պատանի սանը յառաջիկայ օրերուն կը պատրաստուի իր ուժերը չափել Անթալիայի մէջ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Արմաւիրի թեմակալ առաջնորդ Տ. Սիոն Արք. Ադամեանը։ Նորին Սրբութիւնը վերջերս իրեն շնորհած էր արքութեան պատիւ։