ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին համար կազմակերպուած տարեկան հանգանակութեան, որ տեղի ունեցաւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ եւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ մատաղօրհնութեան առթիւ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ, որոնք համախմբեցին համայնքային շրջանակները։

Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան եւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արարողութեան ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ եւ տեղի ունեցաւ մատաղօրհնութիւն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Նորին Ամենապատուութիւնը, որու շուրջ էին հոգեւոր հայրեր, ծանօթ բարերարներ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, համակիրներ եւ հիւրեր։ Հաւաքոյթի ընթացքին համայնքային շրջանակները ջերմօրէն ողջունեցին Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդը։ Յայտագրին մաս կազմեցին Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի սաներուն ելոյթները, որոնք արժանացան ջերմ ծափահարութիւններու։ Թոփգաբուի ընտանիքի վարիչները բացատրութիւններ տուին դպրոցի կարիքներուն մասին։ Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հուսկ բանքով։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2022