ԲԱԶՄԱԱՌԱՆՑՔ ՕՐԱԿԱՐԳ

Հա­մայն­քա­յին Վա­գըֆ­նե­րու հար­թա­կը (VADİP) ե­րէկ ե­րե­կո­յեան գու­մա­րեց իր հեր­թա­կան ժո­ղո­վը Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի «Պի­լէք» հանգս­տա­րա­նի սրա­հին մէջ։ Նիս­տը գլխա­ւո­րեց Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու։ 

Ժո­ղո­վի սկիզ­բին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հար­ցը։ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու դի­տել տուաւ, թէ այս նիւ­թին շուրջ խորհր­դակ­ցու­թիւն մը ու­նե­ցած էր Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի հետ։ Ծա­նօթ է, որ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան խոս­տա­ցած էր ան­ցեալ Փետ­րուա­րին հա­մա­պա­տաս­խան դի­մում մը կա­տա­րել պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն մօտ։ Այդ դի­մու­մը սա­կայն ցարդ չէ կա­տա­րուած։ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու յայտ­նեց, որ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ներ­կա­յիս հակուած է պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան խնդի­րը լու­ծե­լու հա­մար շարժ­ման անց­նիլ յա­ռա­ջիկայ Ապ­րի­լի 24-էն վերջ։ Ա­տե­նա­պե­տի բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով մեր հա­մայն­քէն ներս, նոյ­նիսկ ար­տա­սահ­մա­նի մէջ ան­հանգս­տու­թիւն յա­ռա­ջա­ցած է ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին ձգձգման բե­րու­մով, ի­րենք եւս ան­հան­գիստ են թէեւ այս ե­րե­ւոյ­թէն, սա­կայն միեւ­նոյն ժա­մա­նակ նա­խան­ձախնդ­րու­թիւն կը դրսե­ւո­րեն, որ­պէս­զի Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը չմա­շի։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուին յայտ­նած է, թէ ինք եւս ան­հան­գիստ է, սա­կայն Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը կողմ­նա­կից չէ ճնշում­նե­րու եւ ծայ­րա­յե­ղա­կան խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ազ­դե­ցու­թիւ­նով գոր­ծե­լու։ Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու ա­ռա­ջար­կեց, որ VADİP ըն­թացք տայ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի նա­խա­տե­սած ձե­ւին։ Այ­սինքն, Շի­րի­նօղ­լու յայտ­նեց, թէ Ա­րամ Սրբա­զա­նին պէտք է քիչ մը եւս ժա­մա­նակ տալ այս խնդրի լուծ­ման հա­մար։ Իր հա­մոզ­մամբ, Մա­յի­սի 10-ը տրա­մա­բա­նա­կան թուա­կան մըն է, որ­պէս­զի Ապ­րի­լի 24-ին յա­ջոր­դե­լիք օ­րե­րուն Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը կա­րե­նայ անհ­րա­ժեշ­տը կա­տա­րել։  «Շուրջ ութ տա­րի համ­բե­րած ըլ­լա­լով՝  կրնանք մէ­կու­կէս ա­միս եւս սպա­սել», ը­սաւ Շի­րի­նօղ­լու եւ ա­ւել­ցուց, թէ այդ­պի­սի նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նով մը Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան թէ՛ հա­մայն­քին գո­հու­նա­կու­թիւն պի­տի պատ­ճա­ռէ եւ թէ ինք­զինք պի­տի հանգս­տաց­նէ։ 

Ժողովականները համամիտ գտնուեցան այս եզրին։

​ԹՈՐՈՍ ԱԼՃԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ

​Վա­գըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճան VADİP-ի ե­րէ­կուան ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին տե­ղե­կա­ցուց, որ յա­ռա­ջի­կայ Եր­կու­շաբ­թի՝ Մար­տի 23-ին Ան­գա­րա­յի մէջ հան­դի­պում մը պի­տի ու­նե­նայ Ազ­գա­յին կրթու­թեան նա­խա­րար Նա­պի Ավ­ճըի հետ։ Այս տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ պի­տի գան փոք­րա­մաս­նու­թեանց վար­ժա­րան­նե­րու զա­նա­զան խնդիր­նե­րը։ Ներ­կա­յիս պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ որ­դեգ­րուած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը այն­պի­սի ուղ­ղու­թիւն մը ստա­ցած է, որ երկ­րի բո­լոր վա­գըֆ­նե­րուն կամ միու­թիւն­նե­րուն կող­մէ մա­տու­ցուած ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն պա­րա­գա­յին յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին պի­տի ստեղ­ծուի նոր մթնո­լորտ մը։ Ար­դա­րեւ, ե­թէ նոյ­նիսկ այդ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը ըլ­լան բա­րեն­պա­տակ եւ ե­թէ նոյ­նիսկ ի­րենց մա­տու­ցած ծա­ռա­յու­թիւ­նը ու­նե­նայ մար­դա­սի­րա­կան բնոյթ, ա­պա այդ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն փո­խա­րէն կա­տա­րուած գան­ձում­նե­րուն բե­րու­մով տուեալ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը պե­տու­թեան, պատ­կան ելմ­տա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն առ­ջեւ պի­տի ու­նե­նան նոր կար­գա­վի­ճակ մը։ Այդ վճա­րո­վի մա­տու­ցուած ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու բա­ժին­նե­րը պի­տի դասուին տնտե­սա­կան ձեռ­նարկ (iktisadi işletme)։ Այս հե­ռան­կա­րը մեր վար­ժա­րան­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ էա­կան նո­րու­թիւն­ներ կ՚են­թադ­րէ։ Հե­տե­ւա­բար, փոք­րա­մաս­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րը հա­շուի առ­նե­լով մեր դպրոց­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը պի­տի փոր­ձեն այս նոր ի­րա­վի­ճա­կին հա­մա­պա­տաս­խա­նեց­ման մի­ջոց­ներ գտնել՝ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կազ­մա­կեր­պե­լով հարթ ան­ցու­մա­յին շրջան մը։ 

Թո­րոս Ալ­ճան ե­րէկ ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն տե­ղե­կա­ցուց, որ Նա­պի Ավ­ճըի հետ պի­տի շօ­շափուին նաեւ այս խնդիր­նե­րը։ 

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԵՒ ԳԱԼՖԱԵԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՓՈՒԼ

Քա­ղա­քիս ա­սիա­կան ա­փի ե­րեք վար­ժա­րան­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան շրջագ­ծով շօ­շա­փե­լի ար­դիւնք­նե­րը հետզ­հե­տէ կը հա­սուն­նան։ VADİP-ի ե­րէ­կուան ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին յայ­տա­րա­րուե­ցաւ, որ Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քի եւ Գա­լֆաեան տան խնա­մա­կա­լու­թիւն­նե­րուն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը կը թե­ւա­կո­խէ գործ­նա­կան հանգ­րուան։ Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քի խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Տոց. Թո­րոս Ալ­ճան յայտ­նեց, որ պաշ­տօ­նա­կան գետ­նի վրայ ու­րոյն կար­գա­վի­ճա­կի պահ­պա­նու­մով հան­դերձ, այ­լեւս այս եր­կու կա­ռոյց­նե­րը պի­տի ղե­կա­վա­րուին մէկ հաս­տա­տու­թեան նման։ 

Ալ­ճա­նի բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով, յա­ռա­ջի­կայ Հինգ­շաբ­թի՝ Մար­տի 26-ին պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ եր­կու խնա­մա­կա­լու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ հա­մա­պա­տաս­խան փաս­տա­թուղթ մը պի­տի ստո­րագ­րուի հան­դի­սա­ւոր պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ, համայնքային շրջանակներու մասնակցութեամբ։ 

KEY PLAZA-Ի ՅԱՐԿԷՆ ՆԵՐՍ ԸՆԴԱՐՁԱԿ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Գա­րա­կէօ­զեան տան խնա­մա­կա­լու­թիւ­նը KEY Plaza-ի մէջ ըն­դար­ձակ տա­րածք մը յատ­կա­ցու­ցած է՝ որ­պէս գրա­սե­նեակ Վա­գըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Տոց. Թո­րոս Ալ­ճա­նին։ Ե­րէկ ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն տե­ղե­կա­ցու­ե­ցաւ, թէ խնա­մա­կա­լու­թիւ­նը այս տա­րած­քը ե­ռա­մեայ ժամ­կէ­տով տրա­մադ­րած է անվ­ճար։ Այ­սինքն, Թո­րոս Ալ­ճան ներ­կայ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ի­րա­կա­նաց­նե­լիք ժա­մա­նա­կաշրջա­նին պի­տի կա­րե­նայ այդ գրա­սե­նեա­կը օգ­տա­գոր­ծել եւ այս հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ Վա­գըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան կա­յաց­ման ի­մաս­տով։ 

Ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն ներ­կա­յու­թեամբ Թո­րոս Ալ­ճան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Գա­րա­կէօ­զեան տան խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կի­լին եւ իր ըն­կեր­նե­րուն՝ ցուցաբերուած պատրաստակամութեան համար։

​ԳՆԱԼԸԷՆ ԱՀԱԶԱՆԳ

​Գնա­լը կղզիի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Լե­ւոն Շա­տեան VADİP-ի ե­րէ­կուան ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին հան­դէս ե­կաւ ա­հա­զան­գով մը։ Ծա­նօթ է, որ Կղզեաց թա­ղա­յին խոր­հուր­դը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լուած­նե­րու սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի վե­րա­ձեռք­բեր­ման եւ ար­ժե­ւոր­ման ճա­նա­պար­հին կ՚առ­նէ կա­րե­ւոր քայ­լեր։ Այս ծի­րին մէջ ար­ձա­նագ­րուած են նաեւ շօ­շա­փե­լի ար­դիւնք­ներ։ Դժբախ­տա­բար, վեր­ջին շրջան­նե­րուն Կղզեաց թա­ղա­յին խոր­հուր­դը կը դի­մագ­րա­ւէ լուրջ մար­տահ­րա­ւէր­ներ։ Ար­դա­րեւ, մեր հա­մայն­քի կղզեբ­նակ ան­դա­մու­հի­նե­րէն մին ար­հես­տա­կան ար­գելք­ներ կը յա­ռա­ջաց­նէ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի գոր­ծու­նէու­թեան առ­ջեւ։ Ան պաշ­տօ­նա­կան զա­նա­զան մար­մին­նե­րուն մօտ դի­մում­ներ կա­տա­րե­լով՝ ան­հիմն պնդում­ներ յա­ռաջ կը քշէ՝ կաս­կա­ծի տակ առ­նե­լով ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լուած­նե­րու սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը։ Սա թէեւ հիմ­նա­զուրկ պնդում­նե­րով պայ­մա­նա­ւո­րուած ար­հես­տա­կան օ­րա­կարգ մըն է, սա­կայն թա­ղա­յին խոր­հուր­դին աշ­խա­տան­քը կա­թուա­ծա­հա­րուած է եւ այս ի­մաս­տով կ՚ապրուի ճգնա­ժամ մը։ 

Ա­տե­նա­պետ Լե­ւոն Շա­տեան ե­րէկ ընդվ­զու­մով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ այս ի­րադ­րու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ, ա­ռանց վա­րա­նե­լու յայտ­նե­լով նաեւ են­թա­կա­յին ա­նու­նը։ Ան կոչ ուղ­ղեց, որ­պէս­զի հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը զօ­րակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րեն Կղզեաց թա­ղա­յին խոր­հուր­դին։ 

ԵԼՄՏԱԿԱՆ ՆՈՐԱՍՏԵՂԾ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԱՐԴԷՆ ԳՈՐԾԻ ԳԼՈՒԽ

VADİP-ի ե­րէ­կուան ժո­ղո­վը բնո­րո­շուե­ցաւ նաեւ այն հան­գա­ման­քով, որ ա­ռա­ջին ան­գամ ամ­բող­ջա­կան կազ­մով ներ­կայ գտնուե­ցաւ ի­րեն յա­րա­կից ստեղ­ծուած ելմ­տա­կան յանձ­նա­խում­բը։ Ժո­ղո­վա­կան­նե­րը բա­րեմաղ­թանք­նե­րով ող­ջու­նե­ցին յանձ­նա­խու­մի ան­դամ­նե­րը։ Ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու ա­նոնց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը կա­րե­ւո­րեց՝ շեշ­տե­լով, որ այ­սօ­րուան վա­րիչ­նե­րը մեր հա­ւա­քա­կան ստա­ցուած­քի պա­հակ­նե­րը կը նկա­տուին եւ ի­րենց կը վի­ճա­կի այդ հա­ւա­քա­կան հարս­տու­թիւ­նը զար­գաց­նե­լով փո­խան­ցել յա­ռա­ջի­կայ սե­րունդ­նե­րուն։ Ելմ­տա­կան յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­ներն ալ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նե­ցին ի­րենց ա­ջակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լու հա­մար հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րուն, որ­պէս­զի ի­րե­րան­ման խնդիր­նե­րու մէջ ըլ­լայ ներ­դաշ­նա­կու­թիւն, հաս­տա­տուի թա­փան­ցի­կու­թիւն, ինչ որ պի­տի կա­տա­րե­լա­գոր­ծէ մեր ընդ­հա­նուր ղե­կա­վար­ման դրու­թիւ­նը։ 

Յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րը ժո­ղո­վի սկիզ­բի բաժ­նին մաս­նակ­ցե­ցան եւ հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն ու­ղար­կուած վեր­ջին պաշ­տօ­նա­կան հրա­հանգ­նե­րուն լոյ­սին տակ ի­րենց տե­սա­կէտ­նե­րը բաժ­նե­ցին՝ մեր վար­ժա­րան­նե­րու որ­պէս տնտե­սա­կան ձեռ­նարկ դա­սուե­լու հե­ռան­կար­նե­րուն շուրջ։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ պե­տա­կան պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ներ­կա­յիս տե­ղե­կա­տուու­թեան միաս­նա­կան շտե­մա­րան մը ստեղ­ծած են հա­մա­ցան­ցա­յին մի­ջա­վայ­րի մէջ, ա­պա ա­նոնք խոր­հուրդ տուին, թէ մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն կող­մէ մա­տու­ցուե­լիք տուեալ­նե­րը պէտք է կազ­մեն ամ­բողջ մը, որ­պէս­զի ներշն­չեն հա­ւաս­տիու­թիւն եւ ա­պա­գա­յին վար­չատն­տե­սա­կան գետ­նի վրայ չյա­ռա­ջա­նան ար­հես­տա­վար­ժու­թեան պա­կա­սի հե­տե­ւան­քով ծնունդ առ­նե­լիք խնդիր­ներ։ 

Միւս կողմէ, Պետրոս Շիրինօղլու երէկուան ժողովին ընթացքին յայտնեց, թէ պէտք է լաւ խնամուին այն համայնքապատկան կալուածները, ո­րոնց սեփականութեան իրաւունքը նոր վերաձեռքբերուած է։

ՎԻՆԿԱՍԻ ՄԱԿԱՆԻՆ ՆԵՐՔԵՒ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ ՄԸ

Վա­գըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց նախ­կին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Լա­քի Վին­կաս եւս մաս­նակ­ցե­ցաւ VADİP-ի ե­րէ­կուան ժո­ղո­վին։ Լա­քի Վին­կաս այս շրջա­նին կը գլխա­ւո­րէ Թուր­քիոյ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ հե­տաքրք­րա­կան ծրա­գիր մը, որ կը հո­վա­նա­ւո­րուի Եւ­րո­միու­թեան մի­ջոց­նե­րով։ Եւ­րո­միու­թեան գծով նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ նա­խա­տե­սուած ծրագ­րե­րուն շրջագ­ծով այս գոր­ծին ձեռ­նա­մուխ ե­ղած է յոյն հա­մայն­քի հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէն մին, ո­րու վա­րիչ­նե­րու շար­քին է Լա­քի Վին­կաս։ 

«Ըն­կե­րա­յին մե­տիան եւ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը» խո­րագ­րեալ այս նա­խագ­ծին շուրջ Վին­կաս եւ իր գոր­ծա­կից­նե­րը տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին VADİP-ի ե­րէ­կուան ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին։ Ա­նոնք կոչ ուղ­ղե­ցին, որ­պէս­զի հա­մա­պա­տաս­խան հար­ցա­խոյ­զը ան­պայ­ման ար­ժա­նա­նայ ու­շադ­րու­թեան եւ հար­ցա­թեր­թիկ­նե­րը չմատ­նուին ան­տար­բե­րու­թեան՝ առողջ տուեալներ ունենալու համար։

Երեքշաբթի, Մարտ 17, 2015