«ԵՒ ԵԿԱՒ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԸ»… ՊՈԼԻՍ
Պոլիսէն հասած մեծանուն երաժիշտ Յովհաննէս Չեքիճանի ծննդեան 95-ամեակին ձօնուած փաստավաւերագրական ժապաւէնը երէկ երեկոյեան ցուցադրուեցաւ քաղաքիս մէջ։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Գնալըի բարձունքին, ուր թէկուզ իր բացակայութեամբ, սակայն ժապաւէնի ցուցադրութեամբ նշուեցաւ Յովհաննէս Չեքիճեանի յոբելեանը։ Երեկոյթը հովանաւորեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ այլն։ Այս երեկոյթը բնորոշուեցաւ այն հանգամանքով, որ «Եւ եկաւ Յովհաննէսը» անուանեալ փաստավաւերագրական ժապաւէնի հեղինակը՝ Լիլիթ Մովսիսեան եւս ներկայ էր Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ ցուցադրութիւնը։ Լիլիթ Մովսիսեան վերջին օրերու իր այցելութեամբ հաճելի ներկայութիւն դարձած է համայնքային շրջանակներէն ներս։ Երիտասարդ արուեստագիտուհին, որուն կ՚ընկերանայ իր հայրը՝ Հայկ Մովսիսեան, երէկուան ձեռնարկով հնարաւորութիւն ունեցաւ պոլսահայ գեղարուեստասէրներուն հետ ուղղակի հաղորդակցուելու եւ անոնց իր պատգամը փոխանցելու եւ այս գործին ձեռնարկելու մղումը բացատրելու։
Յայտագրի սկիզբին ցուցադրուեցաւ մաէսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեանի ներդրումով պատրաստուած «Աւետիս» երգի տեսահոլովակը։ Հարկ է յիշեցնել, որ այնտեղ բաժին ունէին նաեւ մեներգչուհի Սիպիլն ու Ս. Վարդանանց եւ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբերը։
Տեսահոլովակի ցուցադրութենէն վերջ ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ապա հանդէս եկաւ պոլսահայ մշակութային կեանքի նուիրեալներէն Սեւան Աթաօղլու, որ սրտի խօսքեր արտասանելու կամ վկայութիւններ փոխանցելու հրաւիրեց շարք մը դէմքեր, որոնք Յովհաննէս Չեքիճանի հետ ունեցած են յարաբերութիւն կամ մտերմութիւն։ Անոնց շարքին էին Տիանա Գամբարոսեանն ու Տիգրան Ալթունը։ Յաջորդեց արդէն այնքան սպասուած՝ Լիլիթ Մովսիսեանի ելոյթը։ Ան շատ հաղորդական ոճով բացատրեց այս գործին ամբողջ ոդիսականը՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։
«Եւ եկաւ Յովհաննէսը» ժապաւէնի ցուցադրութենէն վերջ յայտագիրը շարունակուեցաւ երաժշտական կատարումներու բաժնով մը։ Այս փուլին մեներգներով հանդէս եկան Լիւսի Գահվէճիօղլու եւ Յովսէփ Գույումճեան, որոնց նուագակցեցաւ Սիրուն Սիրունեան։
Հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որու ձեռամբ յուշանուէր մըն ալ յանձնուեցաւ Լիլիթ Մովսիսեանին։ Եզրափակիչ փուլին՝ ի շարունակութիւն ստեղծուած բարձր տրամադրութեան բոլորը միասնաբար խմբերգով մը հանդէս եկան։ Ատենապետ Լեւոն Շատեանի կողմէ գլխաւորուած Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդն ալ յայտագրի գործադրութենէն վերջ հիւրասիրեց երեկոյթի բոլոր մասնակիցները։