«500 ԾԻԾՂՈՒՆ ԱՉՔ»
Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «500 ծիծղուն աչք» խորագրեալ ամանորեան նուիրաբաշխման ծրագիրը այս տարի եւս կեանքի կը կոչուի խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Վարդան Պալմումճեան եւ իր ընկերները, ինչպէս նաեւ այս շարժման կամաւորները երէկ այցելեցին՝ սոյն ծրագրին մէջ ներառնուած վեց վարժարաններէն երեքը։ «500 ծիծղուն աչք» նախագծին ծիրէն ներս Կաղանդ պապուկը երէկ այցելեց Գումգաբուի Պէզճեան Մայր վարժարանը, Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանը եւ Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանը։ Բառին բուն իմաստով խրախճանքի մը մթնոլորտ ստեղծուեցաւ այս երեք դպրոցներէն ներս, ուր Կաղանդ պապուկը աշակերտներուն յանձնեց նուէրներ։ Փոքրիկներն ալ զանազան ելոյթներով ողջունեցին Կաղանդ պապուկին գալուստը։