Կեդրոնական վարժարանի ծնողաց միութիւնը Ամանորի սեմին կազմակերպած է քէրմէս մը։ Սա աւանդական նախաձեռնութիւն մըն է ի նպաստ դպրոցին։ Այս տարուան քէրմէսը տեղի կ՚ունենայ Սեբաստահայերու միութեան հաւաքատեղիին մէջ։
Երկօրեայ քէրմէսը կ՚եզրափակուի այսօր։