ԻՄ ԵՒ ՄԵՐ ՏՂՈՑ ԱՐԵՒԵԼՔՆ ՈՒ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԸ -Է-

Ինչքան ալ ներկայիս համաշխարհայնացումով հաւաքականութիւններն ու ժողովուրդները աւելի հանգիստ ու յարմարաւէտ զգային, նոյն այդ Արեւելք-Արեւմուտք բաժանումն ու ծանրաբեռնուածութիւնը մնաց: Եւ ինչքան ալ նոյն Միացեալ Նահանգները իր տարածած կեանքի ոճով եւ բաց հասարակարգերու եւ միջազգային ընկերութիւններու հաստատումով այդ մէկը ըրին, տակաւին Արեւմուտքէ ներս զգալի է համաշխարհայնացումը այդ «ազնիւ ու հաւասարեցնող» գործին մէջ եւ «ոսկեայ միլիառի» մը դիմագիծն ու տիրականութիւնը: Համաշխարհայնացումը ամերիկեան գիւտ, ծրագիր ու գործադրում է եւ բնականաբար ինչպէս որեւէ գիւտ, ան ունի իր տէրն ու շարժիչ ուժը:

Մենք՝ արեւելքցիներս մէկ կողմէն ուրախացանք համաշխարհայնացումով, որովհետեւ դրժենք կամ ոչ, մեծ կարօտ ունէինք եւ տակաւին ունինք աշխարհի հանդէպ (քանի բացուածութիւնը, ամենահաղորդականութիւնը, որոնք մարդկութեան անժամանցելի ու մշտական տենդերը եղած էին, ինքնին արեւելեանով հասանելի չէին) եւ տեղ մըն ալ մենք մեզ կայացած ու ներկայանալի կամ ներկայացուող զգացինք այդ բացուածութեամբ, բայց միեւնոյն ժամանակ ներքնապէս գիտէինք ու գիտենք, որ մենք չենք այդ համաշխարհայնացումի տէրն ու երկաչափը եւ Արեւելքը բնաւ չէ ստեղծած վերջնական համաշխարհայնացում ու բացուածութիւն մը՝ մանաւանդ գիտական ու մշակութային իմաստներով:

Արեւմուտքը ամէն տեղ է հիմա, բայց տակաւին ամէն տեղ Արեւելք չէ եւ չի կրնար ըլլալ, պատճառները կրնան վերագրուիլ միաբեւեռ կամ արեւմտաբեւեռ աշխարհ ունենալու հետ եւ պատճառ մը եւս՝ նոյն Արեւելքին իր սեփական առաքելութիւնն եւ ինքնութիւնը փնտռտուքին մէջէն ալ կու գայ: Բայց կարեւոր հարցերէն մէկը այն է, որ եթէ կառուցուի բազմաբեւեռ աշխարհ, նոյն այս մեր սիրած ու վարժեցուած կամ վարժ համաշխարհայնացումը աւելի պիտի լիանա՞յ ու ազնուանա՞յ, կամ մենք պիտի վերադառնա՞նք երկաթեայ վարագոյրներուն կամ չինական պարիսպներուն: Ինչպէս ըսինք, քաղաքակրթութիւնը ինչքան ալ բազմազան, շահադիտական սահմանումներ ունի, բայց անոր մէկ ու անհերքելի չափանիշը գիտութիւնն ու ապրանքանիշային կեանքի հանգստաւէտութեան ու անվտանգութեան կերտումն է: Արեւելքը նոյնիսկ եթէ վերածուի մէկ մեծ ու միասնական ճակատի ու խմբաւորման՝ պիտի կրնա՞յ -չըսենք արեւմտեանի (որ արդար չէ հոս)- ամերիկեանի արտադրած արհեստագիտութիւնը գերազանցել։ Այս կէտին պէտք չէ մոռնալ, որ կուտակուածութեան եւ եղափոխութեան մէջ ալ է, այսինքն բոլորովին նոր բան չի կրնար յղանալ մարդկային միտքը, ինչպէս որ էր համացանցը, առանց նոյն համացանցի կամ ուրիշ մեծ գիւտի մը օգտագործման: Իսկ եղածի եւ հրամցուածի-ծառայեցուածի վերակերտումն ու նոյնիսկ կատարելագործումը մինչեւ հիմա կ՚օրինակէ Չինաստանը: Եւ այդ մէկը չի տար իրեն ազնիւ ընկերային տիտղոսին կողքին, նոյնիսկ գիտական ու վստահելիութեան ալ տիտղոսը, որ նոյն գիտականով կը տանի դէպի մարդկային հաւաքական կեանքերու ղեկավարում եւ յարաբերական արդար ազատութիւններ: Իսկ, օրինակ, Չինաստանի քաղաքացիները ազա՞տ են… բնականաբար չկանխելով անակնկալներն ու հաւանական մեծ յառաջդիմութիւնները:

Գանգատելով համաշխարհայնացումէն, միաժամանակ օգտուելով անկէ, մենք կը դառնանք անհամերաշխ ու հակասական: Օգտուելով հասանելի գիտութիւններէն՝ որոնք ընծայուած չէին եօթանասուն տարի առաջ կամ նոյնիսկ չկային եւ գանգատելով, որ անոնք մեր կեանքերը կ՚ապականեն, մեզ կը դարձնեն աւելի անկար, կամայազուրկ ու պարտուած: Այո՛, ընդհանուրին մաս դառնալը եւ ղեկավարման հասնելու ձգտումը՝ զիրար խանգարող եւ տեղ մըն ալ իրարմէ սնանող բաներ են, բայց ներդաշնակութիւնն ու միջավայրի, համաշխարհային դրոյթի ճանաչումը եւ մանաւանդ ինքնաճանաչումը կարեւորագոյն գնահատականներն են զարգացում արձանագրելու:

Այո՛, Արեւմուտքը տակաւին ինքն է որոշողը։ Երբ ուզէ՝ ինքը «Արեւմուտք» է, եւ երբ ուզէ՝ ինքը համաշխարհայնացումն է ինքնին: Երբ ուզէ՝ իրեն հակադրուողը Արեւելքն է, եւ երբ չուզէ՝ նոյն իրեն ստեղծած Արեւելքը պարզ համաշխարհայնացման մաս կը դառնայ: Բայց անկեղծ պէտք է ըլլանք, որ Արեւմուտքը վաստակած է այդ իրաւունքը ո՛չ միայն պարսաւելի գաղութատիրութեամբ, այլ գիտութեան զարգացումը ստանձնելով եւ տեսակ մը հունաւորելով արդի քաղաքակրթութիւնը: Հաւանաբար համաձայն չըլլանք Ֆոքոյամային հետ, որ «արեւմտեան քաղաքակրթութեան յաղթանակը վերջնական ու անշրջելի յաղթանակ է», կամ Էտուարտ Սաաիտի արեւմտեան «արեւելականացումը» թերագնահատենք, բայց եթէ որեւէ գործ կայ ընելու «անկատար ու չարչրկուած Արեւելքին» մէջ, նախ պէտք է ճանչնանք, թէ ո՞վ է այդ Արեւելքը կամ ո՞րն է ամենաարդար արեւելեանը անոր մէջ: Այդ իսլամականն է, ռուսաչինական-հնդկականն է կամ այս բոլորին մեծ դաշնակցութիւնն է իրարու հետ, խորտակելու համար Արեւմուտքը, որ այս պարագային ինքզինք չի պարզեր բացի ԱՄՆ-ով, քանի եթէ խորտակուի Ճաբոնը, Տուպային ու Աւստրալիան, արդէն ինքնին կը խորտակուի Արեւելքը, իսկ եթէ խորտակենք ԱՄՆ-ը, պիտի խորտակենք համաշխարհայնացումը:

Արեւելքը, այո՛, ունի իր վեհութիւնը եւ իր «արեւելացման» սեփական աղբիւրները, բայց հոն կան իրաւական, կրօնական, ընկերային, քաղաքական, տնտեսական ու ռազմական հարցեր, հակասութիւններ, որոնք նոյնիսկ եթէ հարթուին եւ բացառիկ պարագայով մը լուծուին, անոնք ինքնուրոյն ու անկախ պիտի չլուծուին՝ հեռու բաց աշխարհէն:

Կը կարծեմ, նոյնիսկ աթոմական բախումի մը պարագային ԱՄՆ-ի կամ Անգլիայի եւ Ռուսաստանի միջեւ աշխարհի ընկերաբանական ու համաշխարհայնացման քարտէսը դիւրաւ չի փոխուիր: Յաղթողներ եւ իրենց կամքը պարտադրողներ կրնան ըլլալ, եւ բնականաբար, մարդկային ինքնութիւնը կը սիրէ յաղթողները, բայց ինչպէս ըսինք, եթէ չկայ որեւէ յաղթութեան (տեւական կամ նոյնիսկ ժամանակաւոր) քաղաքակրթական զուգակից նուաճումն ու արտադրանքը, որ կը սնուցանէ եւ կ՚ապրեցնէ բոլոր մարդկութիւնը, բովանդակազուրկ ու անարդիւնաւէտ է այդ յաղթանակն ալ:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

•վերջ

Երեւան

Երեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2023