ՄԱՆԿԻԿ. ՓՈՔՐ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԾՆԱԾ ՎԱՅՐԿԵԱՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ 3-4 ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՍԱԿԸ

Զ.

ԲՆԱԿԱՆ ՍՆՆԴԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ

Սննդատուութեան խնդիրին կարեւորութիւնը: Մանուկներուն մահանումը: Մանկիկին մարսողական գործարաններուն առանջնայատկութիւները: Անոր թուքը, ստամոքսը, աղիքները, կղկղանքը: Բնական սննդատուութիւնը.- կնոջ կաթը, անոր յատկութիւնները, անոր զանազանութիւնը միւս կաթնատու կենդանիներուն կաթէն: Ի՞նչ դէպքերու մէջ մայրը պէտք չէ կերակրէ իր զաւակը: Ի՞նչ փոփոխութիւններու կ՚ենթարկուի կնոջ կաթը զանազան պատճառներէ: Ծծմայրը եւ անոր ընտրութիւնը: Ծծմօր սնունդը եւ անոր առողջապահութիւնը: Դեղերուն ազդեցութիւնը: Կերակրումը կաթնատու կենդանիներու միջոցով: Լաւ սնուող երեխային յատկութիւնները:

Կնոջ կաթի զանազանութիւնը կենդանիներու կաթէն. կնոջ կաթը նոյն կազմութիւնը ունի, ինչ որ միւս կաթնատու կենդանիներուն կաթը, այն նոյնպէս հետեւեալ մասերէն բաղկացած է. ջուրէն, սպիտէն, իւղէն, որ կազէին կամ բնապանիր կը կոչուի, կաթնաշաքարէն, աղերէն:

Սակայն, այս բաղադրութիւններուն քանակը տարբեր է կնոջ ու կենդանիներուն կաթերուն մէջ:

Որպէսզի այս մասին գաղափար մը տանք, առաջ բերենք կնոջ եւ կենդանիներուն կաթին բաղադրութիւնները:

Եթէ 100 մաս վերցնենք (օրինակ՝ 100 մսխալ) կաթ, հետեւեալ քանակութեամբ ջուր, կազէին, իւղ, շաքար եւ աղեր կը գտնենք:

                       Կնոջ      կովի      էշի       այծի

Ջուր                 87          86         90        79
Բնապանիր       մօտ 2    մօտ 5    2          8 զ
Իւղ                   4 զ        4           1 զ        8 զ
Կաթնաշաքար   6          5 զ        մօտ 6    2 զ
Աղեր                 Զ         1/3        զ           1/3

Այս աղիւսակէն կ՚երեւի, որ կնոջ կաթին աւելի մօտ է իշու կաթը, այն ինչ, կովին կաթը կը տարբերի բնապանիրի շատութեամբ, որ կը դժուարացնէ մարսելը. այծի կաթը աւելի եւս բնապանիրով եւ իւղով հարուստ է, բայց քիչ կաթնաշաքար ունի:

Այս գիտելիքները գործնական կարեւորութիւն ունին, որ մենք ցոյց կու տանք, երբ արհեստական սննդատուութեան մասին կը խօսինք:

Կնոջ կաթը նաեւ այն միւս շատ կարեւոր յատկութիւնն ալ ունի, որ անոր բնապանիրը շատ աւելի դիւրամարս է, քան կենդանիներունը:

Ի՞նչ փոփուխութիւններու կ՚ենթարկուի կնոջ կաթը զանազան պատճառներէ.

Սնունդը, աշխատանքն ու հանգիստը, հիւանդութիւնները, հոգեկան յուզմունքները կ՚ազդեն կաթի թէ՛ քանակի եւ թէ՛ բաղադրութեան վրայ:

Կաթը նոյնպէս կը փոխուի մօր հասակին հետ: Բացի այդ, կաթը կը տարբերի նայելով թէ ինչքան ժամանակ անցած է ծննդաբերութենէն:

Օրինակ, մսային կերակուրը սպիտային մասերը (բնապանիր) կը շատցնէ եւ իւղը, ու աւելի կը թանձրացնէ կաթը, նոյնիսկ պասուց ուտելիքը կը ջրիկացնէ ու կը պակսեցնէ կաթը:

Հեղուկի չափազանց գործածութիւնը նոյնպէս կը ջրիկացնէ կաթը: Նոյնպէս կանաչեղէնին ու մրգեղէնին չափազանց գործածութիւնն ալ կ՚ազդէ: Ծանր հիւանդութիւններու ընթացքին (օրինակ՝ տիֆ) կաթը կրնայ ամբողջութեամբ ցամքիլ:

Մենք չենք կրնար երկար կանգ առնել այս մանրամասնութիւններուն վրայ,- այդ մէկը մեզ հեռու կը տանի:

Սակայն, այստեղ անհրաժեշտ է երկու խօսք մը ըսել դաշտանի եւ յղիութեան ազդեցութեան վրայ:

Վիճակագրութիւնը ցոյց կու տայ, որ ստնդող կիներուն կէսը (58 առ հարիւր) վաղ թէ ուշ կը սկսին դաշտան ունենալ:

Մի քանի բժիշկներ դաշտանի մէջ գտնուող կնոջ կաթը զննած են ու գտած են, որ շատ չնչին փոփոխութիւններու կ՚ենթարկուի ան: Ճշմարիտ է, կը պատահի, որ երեխաները փորլուծութիւն եւ փսխում կ՚ունենան, բայց այդ երեւոյթները շուտով կ՚անցնին: Ուստի, միանգամայն այդ վախը անհիմն է, որ դաշտան ունեցող մայրերը կ՚ունենան, թէ կաթը փճացած կ՚ըլլայ եւ երեխան կը վնասուի:

Ուրիշ նախապաշարում մըն ալ կայ, թէ յղիացած մայրը պէտք չէ այլեւս ծիծ տայ իր զաւակին: Այդ ալ սխալ է, որովհետեւ յղիութիւնը ո՛չ մէկ կերպով կրնայ ազդել կաթի բաղադրութեան վրայ, եթէ, անշուշտ, յղիացած կինը առողջ է, լաւ կը տանի յղիութիւնը: Հակառակ պարագային, երբ կինը կը հիւանդանայ, ջղային կը դառնայ, փսխումներ եւ ուռուցքներ ունի (պլոճիկի հիւանդութիւն), կամ կաթը կտրուած է, հասկնալի է, որ պէտք է ծծմայր վարձէ:

Ծծմայրը. երբ մայրը անկարող է իր զաւակը կերակրել, կամ սկսած է, բայց անկարող է շարունակել, պէտք է ծծմայր վարձել, եթէ, անշուշտ, երեխան տակաւին մատղաշ է: Ծծմայրը կամ տուն կը բերուի, կամ երեխան դուրս կը տարուի՝ ծծմօր մօտ:

Ծծմօր ընտրութիւնը. ծծմօր ընտրութիւնը պէտք է հմուտ բժիշկի միջոցով կատարուի: Բժիշկը միայն ձեռնհաս է հասկնալու՝ առո՞ղջ է արդեօք ծծմայրը, չունի՞ արդեօք ժառանգական հիւանդութիւններ, կամ վատ ցաւ (սիֆիլիս), լա՞ւ է արդեօք անոր կաթը: Քաղաքներուն մէջ, ուր բժիշկներ կան, մայրերը անոնց կը դիմեն եւ անոնց ցուցմունքներուն կը հետեւին: Բայց ի՞նչ ընէ մայր մը, ուր բժիշկ չկայ:

Ասոնց համար է, որ այս խորհուրդները կու տանք: Նախ եւ առաջ ծծմայրը պէտք է միանգամայն առողջ ըլլայ եւ լաւ կազմուածք ունենայ, անոր տարիքը, ինչքան ալ կարելի է, պէտք է մօտ ըլլան մօր տարիքին. բայց քանի որ այդ մէկը յաճախ անկարելի կ՚ըլլայ, պէտք է բաւարարուիլ, վերցնելով երիտասարդ կիներ, մինչեւ 35 տարեկան հասակը: Տարիքներուն յարմարումը նշանակութիւն ունի այս տեսակէտէն, որ կաթին որպիսութիւնը տարիքին հետ կը փոխէ, եւ 40 տարեկան կնոջ կաթը կը տարբերի 20-25 տարեկանի կաթէն: Ծծմայրը ո՛չ ծիծերուն վրայ, ո՛չ ծննդական մասերուն եւ ընդհանրապէս մարմինի ո՛չ մէկ մասին վրայ վէրքեր, պզուկներ, դուրս տուածներ պէտք է ունենայ: Ամենէն առաջ ուշադրութիւն պէտք է դարձնել ծիծերուն ձեւին վրայ: Կախ ինկած թոյլ կուրծքը քիչ կաթ կը պարունակէ: Ամուր գեղձ ունեցող ծիծը նախադասելի է, կաթնառատ ստինքին վրայ խոշոր կապոյտ երակներ կը սողան: Աւելի ապահովութեան համար պէտք է կթել. լաւ ծիծը՝ կթած ատեն, մի քանի ծակերը առատ հոսանք կու տայ, բայց այստեղ եւս պէտք է զգոյշ ըլլալ, որովհետեւ ծծմայրերը մի քանի օր ծիծ չեն տար եւ կաթը կը հաւաքուի, հետեւաբար մէկ ժամ ետք պէտք է կրկնել փորձը: Ծծմայրը ո՛չ բերանացաւ եւ ո՛չ ալ բգացաւ պէտք է ունենայ. ան պէտք է բաւական գէր ըլլայ, լաւ վայելուչ կազմուածք ու լաւ ակռաներ ունենայ: Հազացող ծծմայրը կրնայ թոքախտ ըլլալ, խոցեր ու սպիներ ունեցողը՝ սիֆիլիս: Թուխ մազ ունեցող կիները պէտք է նախամեծար համարուին: Լաւ կաթը սպիտակ-դեղնաւուն (եւ ո՛չ կապտագոյն), քաղցրահամ ու անհոտ կ՚ըլլայ: Կաթի թանձրութիւնն ու ջրիկութիւնը իմանալու համար, պէտք է կաթիլ մը կաթեցնել ջուրին մէջ: Եթէ կաթը լաւն է, ան ջուրին տակը կ՚իջնէ, յետոյ կը լուծուի, կը բացուի եւ ամպիկներու նման ջուրին մէջ կը տարածուի: Եղունգին վրայ կաթեցուցած մի կաթիլը գնդաձեւ կը մնայ ու չի՛ տարածուիր:

Ծծմայրը քննելէ ետք, պէտք է նայիլ նաեւ անոր սեփական երեխային, որ պէտք է գէր ու առողջ ըլլայ: Պէտք չէ անտեսել նաեւ ծծմօր հմտութիւնը երեխայ պահելուն մէջ. այս տեսակէտէն, պէտք է նախամեծար համարել բազմածին կինը, քան թէ առաջնածինը, որ դեռ երեխայ պահել չի՛ գիտեր: Առանձին ուշադրութեան պէտք է առնուի ծծմօր բարոյականութիւնը: Դիտումները ցոյց կու տան, որ ծիծ տուող կինը մանկիկին իր բնաւորութիւնը կը հաղորդէ, գոնէ որոշ չափով, այն է չարութիւնը, ուրախ բնաւորութիւնը, դանդաղկոտութիւնը, բարութիւնը: Ծծմայրը, բացի այդ, պէտք է ուրախ, ժիր, մաքրասէր ըլլայ, եւ ժուժկալ՝ ուտելու եւ խմելու մէջ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 14

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2023