ԽՕՍՔԻ ԵՒ ԳԻՐԻ ՄԱՍԵՐ
Խօսելու կամ գրելու ատեն բառերու միջոցաւ նախադասութիւններ կը կազմուին. այդ բառերը իրենց նշանակութեամբ եւ ձեւով իրարմէ կը տարբերին։ Զոր օրիակ՝ «Աշակերտը հոն գնեց գիրք եւ մատիտ» նախադասութեան մէջ «աշակերտ», «գիրք», «մատիտ» բառերը ունին առարկայի նշանակութիւն եւ կրնան փոփոխուիլ, հոլովուիլ՝ «աշակերտի», «գիրքի», «մատիտէն» եւ այլն։ Իսկ «գնեց» բառը ունի գործողութեան նշանակութիւն եւ նոյնպէս կրնայ փոփոխուիլ, բայց ո՛չ թէ հոլովուիլ, այլ խոնարհուիլ՝ «գնեմ», «գնես», «գնէ», «կը գնեմ», «կը գնես» եւ այլն։ Սակայն «հոն» բառը ո՛չ առարկայի եւ ո՛չ ալ գործողութեան իմաստ կ՚արտայայտէ։ Ան կը ցուցնէ գործողութեան կատարման տեղ եւ չի կրնար փոփոխութեան ենթարկուիլ, այսինքն՝ հոլովուիլ կամ խոնարհուիլ։
Բառերը ըստ իրենց նշանակութեան, երբեմն նաեւ ըստ իրենց ձեւին ու կիրարկութեան՝ կը կազմեն «խումբեր», որոնք կը կոչուին «խօսքի մասեր»։ Այն բոլոր բառերը՝ որոնք գործողութիւն, այսինքն՝ բան մը ընել կամ ըլլալ կը ցուցնեն, «բայ» են։ Բայերը կը թեքուին, կը խոնարհուին. ատիկա անոնց ձեւն է։ Անոնք իբրեւ խօսքի մաս «բայ» են, քանի որ գործողութեան իմաստ կ՚արտայայտեն եւ կրնան խոնարհուիլ։
Ան բոլոր բառերը՝ որոնք կը ցուցնեն առարկայի մը ինչպէս ըլլալը, «ածական» կը կոչուին։
Ածականները ո՛չ կը հոլովուին, ո՛չ ալ կը խոնարհուին, այսինքն՝ չեն թեքուիր, չեն փոխուիր, անփոփոխ կը մնան։
Հայերէնի խօսքի մասերը տասն են՝ «գոյական», «ածական», «թուական», «դերանուն». «բայ», «մակբայ», «կապ», «շաղկապ», «եղանակաւորող բառեր» եւ «ձայնարկութիւն»։
Խօսքի մասերը կ՚ըլլան՝ «փոփոխուող» եւ «անփոփոխ»։ «Փոփոխուող» խօսքի մասերն են՝ «գոյականներ»ը, «դերանուններ»ը (մէկ մասը) եւ «բայեր»ը. որոնցմէ առաջին երկուքը՝ գոյականները եւ դերանունները կը հոլովուին, իսկ վերջինը՝ բայերը կը խոնարհուին։
Անփոփոխ խօսքի մասերն են՝ «ածականներ»ը, «թուականներ»ը, «մակբայներ»ը, «կապեր»ը, «շաղկապներ»ը, «եղանակաւոր բառեր»ը եւ «ձայնարկութիւններ»ը։
Ասոնք ո՛չ կը հոլովուին եւ ո՛չ ալ կը խոնարհուին։ Անփոփոխ են այն խօսքի մասերը՝ մասնաւորաբար ածականը եւ թուականը կրնան հոլովուիլ միայն գոյականաբար գործածուելու ատեն՝ «կապոյտ», «կապոյտի» եւ այլն։
«Գոյական անուն» են այն բառերը՝ որոնք առարկայի իմաստ կ՚արտայայտեն։ «Առարկայ» ըսելով կը հասկնանք իրեր, կենդանի արարածներ, երեւոյթներ, գաղափարներ, եւ մէկ խօսքով՝ այն բոլոր բառերը՝ որոնց համար կրնայ ուղղուիլ գոյականներու յատուկ «ո՞վ» կամ «ի՞նչ» հարցումը։
«Հասարակ անուն» է այն անունը՝ որ կը տրուի նոյն տեսակի առարկաներէն իւրաքանչիւրին։
«Յատուկ» է այն անունը՝ որ կը տրուի նոյն տեսակի առարկաներէն միայն մէկուն՝ իր նման միւս առարկաներէն զատելու, զատորոշելու եւ զանազանելու համար։ Օրինակ՝ շատ քաղաքներ կան, որոնք իրարմէ զանազանելու նպատակով իւրաքանչիւրին անուն մը տրուած է՝ իրեն յատուկ։
Գոյական անունները նախադասութեան մէջ կը գործածուին տարբեր ձեւերով։ Գոյականի փոփոխութիւնը նախադասութեան մէջ այս կամ այն պաշտօնը կատարելու համար, կը կոչուի «հոլովում», իսկ փոփոխուած, հոլովուած իւրաքանչիւր ձեւ կը կոչուի «հոլով»։ Գործածուած տարբեր ձեւերէն իւրաքանչիւրը ունի իմաստ եւ նախադասութեան մէջ կը կատարէ որոշակի պաշտօն։
Ժամանակակից հայերէնի մէջ գոյական անունները ունին վեց հալով. «ուղղական», «հայցական», «սեռական», «տրական», «բացառական» եւ «գործիական»։ Սակայն, չորս ձեւ միայն, քանի որ մէկ կողմէն ուղղականը եւ հայցականը, իսկ միւս կողմէն սեռականը եւ հայցականը, իսկ միւս կողմէն սեռականը եւ տրականը ձեւով նոյնն են։
Արդարեւ, այս հոլովները իրարմէ զանազանելու համար պէտք է հաշուի առնենք անոնց իմաստը եւ պաշտօնը։ Նախադասութեան մէջ սեռական հոլովը գոյականի լրացում (լրացուցիչ) կ՚ըլլայ եւ կը ցուցնէ առարկայի պատկանելիութիւն, վերաբերութիւն, յարաբերութիւն ամբողջի եւ մասի. իսկ տրականը՝ բայի լրացում է եւ կ՚արտայայտէ զանազան յարաբերութիւններ։
Ուղղականը եւ հայցականը եւս ձեւով նոյնն ըլլալով՝ կը տարբերին իրարմէ իմաստով եւ պաշտօնով։ Ուղղականը բան մը ընող կամ բան մը եղող առարկայ ցոյց կու տայ եւ նախադասութեան մէջ «ենթակայ» կ՚ըլլայ։ Հայցականը գործողութեան անմիջական առարկան, կրող խնդիրը կը ցուցնէ եւ նախադասութեան մէջ ուղիղ խնդիր կ՚ըլլայ։
Արեւելահայերէնը ունի նաեւ «ներգոյական հոլով»։ Ներգոյականը ունի «ում» վերջաւորութիւնը՝ որ կ՚աւելնայ գոյական անուան ուղղականին վրայ՝ «փողոցում», «անտառում», «դաշտում»։ Անձի անունները չունին ներգոյական ձեւ։ Ներգոյականի իմաստը կ՚արտայայտուի նաեւ սեռականով եւ «մէջ» կապով. ինչպէս՝ «գետում» կամ «գետի մէջ» եւ այլն։
Արեւելահայերէնի ներգոյական հոլովին իմաստը արեւմտահայերէնի մէջ կ՚արտայայտուի սեռականով եւ «մէջ» կապով, երբեմն ալ նաեւ՝ հայցականով եւ տրականով։ Օրինակ՝ «մեր քաղաքում…». «մեր քաղաքին մէջ…»։
- Սկզբնաղբիւր.- Ս. Գ. Աբրահամեան, Բ. Յ. Վերդեան, Վ. Ա. Քոսեան, «Հայերէն լեզուի դասագիր», Երեւան, 1968։
Mark Twain (1835-1910) կ՚ըսէ. «Մարդուս կեանքը երկու կարեւոր պահեր ունի. իր ծնունդը եւ անդրադարձած պահը, թէ՝ ինչո՞ւ ծնաւ…»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 10, 2024, Իսթանպուլ