«ԳՈՐԾ»ԻՆ ՀՈԳԻՆ «ԽՕՍՔ»Ն Է
Ստորեւ կը ներկայացնենք 6 Նոյեմբեր 1937 թուակիր «ԺԱՄԱՆԱԿ»ի մէջ հրատարակուած, Արտաշէս Գալփաքճեանի «Լաւ Խօսալու եւ Համոզելու Արուեստը» խորագրեալ շահեկան յօդուածը։
Տղա՛ս, չեմ սխալիր եթէ ըսեմ որ «գործ»ին հոգին «խօսք»ն է։ Վաճառականութեան, ֆրանսացիները «Քօմէռս» կ՚ըսեն. բայց այս բառը կը նշանակէ նաեւ «Խօսակցութիւն»։
Խօսակցութիւնը արուեստ մըն է։ Եւ ինչպէս որ ո եւ է արհեստ կամ արուեստ կարելի չէ ի գործ դնել առանց ասոնք սորվելու, այդպէս ալ գործի մարդը, արհեստաւոր թէ առեւտրական, եթէ իր գործին մէջ յաջողիլ կ՚ուզէ, պէտք է լաւ խօսիլ, կանոնաւոր կերպով խօսակցիլ գիտնայ։
Առեւտրական գործունէութիւն ըսելով ի՞նչ կը հասկնանք.- Մեր մէկ ապրանքը կամ ծառայութիւնը ուրիշին ընդունիլ տալու համար մատուցում մը ընել, կամ ուրիշէ մը խնդրանք մը ընդունիլ, յանձնառութիւն մը կ՚առնենք, յանձնարարութիւն մը կ՚ընենք, բոլոր ասոնք եւ այս կարգի առեւտուրի վերաբերող գործողութիւնները ընելու համար կը բանակցինք, կը սակարկենք եւ մեր ուզած պայմանները ընդունիլ տալու համար, կը ջանանք համոզել կամ տարհամոզել մեզի հետ գործ ունեցող մը։
Արդ, համոզել կամ տարհամոզել գիտնալու համար պէտք է մարդ խօսակցելու արուեստը գիտնայ, լա՛ւ խօսիլ կարենայ, պերճախօս ըլլայ։
Պերճախօսութիւնը ամուր շղթայ մըն է, ոսկիէ շղթայ մը, որ լսողը կը կապէ, կը կաշկանդէ։ Չե՞ս տեսներ որ, խորհրդարաններուն մէջ անգամ, ուր ազգի մը ճակատագիրը որոշող խնդիրներ կը յուզուին, ամէն կուսակցութիւն իր տեսակէտը պաշտպանելու համար պետ մը ունի, եւ այս պետը՝ «լիտըր»ը՝ ո՛րքան ալ հմուտ եւ խելացի ըլլայ, արժէք մը չ՚ունենար, եթէ պերճախօս, ճարտասան չըլլայ։
Գիտցիր որ, տղա՛ս, ուրիշ գործերու մէջ ալ ասանկ է։ Գործի մասին բանակցութեան մը մէջ, նոյնիսկ առեւտուրի պարզ սակարկութեան մէջ պէտք է լաւ խօսիլ գիտնաս, լեզուանի ըլլաս, քու առաջարկդ, պայմանդ ընդունիլ տալու համար։
Լաւ խօսիլ գիտնալը՝ ճարտասանութիւն մըն է, եւ ասիկա բնական տաղանդ մըն է, ամէն մարդու տրուած չէ այս ձիրքը։ Ասով մէկտեղ չըլլայ որ միտքէդ անցընես թէ, դուն օժտուած չես բնական այդ ձիրքով։ Կրնայ ըլլալ որ այդպէս ըլլայ, բայց պատշաճ, վայելուչ խօսելու կանոններ կան, կրնաս սորվիլ ասոնք եւ նոյնիսկ հռետոր մը ըլլալ։
Ճարտասան, հռետոր՝ չըլլայ որ խրտչիս այս խոշոր բառերէն։ Ճարտասան մարդը եռանդուն, համոզիչ եւ գրաւիչ ոճ մը ունի, հռետորը՝ սահուն, յստակ եւ վայելուչ ոճ։ Դուն կրնաս այս ոճը ունենալ, եթէ լաւ խօսակցութեան պայմաններուն եւ կանոններուն հոգ տանիս ու սորվիս։ Եւ պէտք է որ հոգ տանիս ու սորվիս, ո՛րքան ալ համեստ գործի մը ձեռնարկես։
Մէկ երկու տողի մէջ քեզի յիշեմ լաւ խօսակցութեան քանի մը կանոնները.
Խօսակցութիւն մը՝ ո՛րքան ալ պատշաճ եւ վայելուչ բառերով ու ձեւերով ալ ըլլայ, անիկա հաւասարապէս չի յարմարիր ամէն մարդու, ուստի պէտք է նկատի առնես խօսակիցիդ տրամադրութիւնը, մտայնութիւնը, ճաշակն ու հակումը եւ ընտրես անոր հետ խօսելու յարմար եղանակն ու ժամանակը։
Պէտք է որ խօսակցութեանդ մէջ պարզ, դիւրահասկնալի եւ ընթացիկ բառեր գործածես։ Երբեք տիրական բառեր չխօսիս եւ գործին պահանջածէն աւելի մեծ բառեր չգործածես։
Պէտք չէ՛ որ միշտ դուն խօսիս. ժամանակ տուր որ խօսակիցդ ուզածը ըսէ, եւ այնպէս ցոյց տուր որ կը շահագրգռուիս ու կը հետաքրքրուիս անոր խօսքերով։
Վերջապէս, կան հնչումներ, կերպեր, ձեւեր որոնք խօսակցութեան մէջ ամէնէն հաճելի կամ անհաճոյ նշանակութիւնը կ՚առնեն, պէտք է ասոնք տեղին գործածել գիտնաս։
Վայելուչ խօսելու եւ պատշաճօրէն արտայայտուելու համար կան ձեւեր, ոճեր եւ ասոնք կրնաս իրացնել յաճախելով ընտիր ընկերութիւնները եւ շարունակ կարդալով վարպետ գրողներու հրատարակութիւնները։
Ուրիշ խորհուրդ մըն ալ տամ քեզի։
Լաւ խօսիլ կարենալու եւ ուրիշին խօսքին ալ բուն իմաստը կարենալ հասկնալու համար, պէտք է ուշադրութիւն ընես գործածուած բառերուն իսկական նշանակութեան եւ յայտնուած գաղափարին սահմանին վրայ։
Չէ՞ որ խօսքը բառերով կազմուած է եւ գաղափարներ կը յայտնէ։ Արդ, բառերը, մանաւանդ վերացական բառերը մէկ նշանակութիւն մը միայն չունին, անոնք մէկէ աւելի իմաստ ունին եւ ասոնք կը փոխուին՝ խօսողին ու լսողին մտայնութեան համեմատ։
Արդարեւ, բառերը զանազան առումներ ունին եւ շատ կարեւոր է խօսքի մը մէջ գործածուած բառին ի՞նչ առումով առնուած ըլլալը որոշել։ Հակառակ պարագային, մեր միտքը մութ կը մնայ, կամ բնաւ չենք կրնար մեր միտքը հասկցնել. խօսքը կ՚երկարի, սխալ հասկացողութիւններ կ՚ըլլան, անիմաստ վիճաբանութիւններ տեղի կ՚ունենան։
Ասոր կարեւորութիւնը բացատրելու համար օրինակ մը յիշեմ քեզի։
«Գիւղացի մը մօտակայ գիւղ մը պիտի երթայ, որուն ճամբան անծանօթ է իրեն։ Քիչ մը անդին, պիտի անցնի գետէ մը, որ յորդած է եւ վտանգաւոր տեղեր ունի։
«Դիմացը կ՚ելլէ կառապան մը եւ կը հարցնէ, թէ ո՞ր ուղղութեամբ երթայ։ Կառապանը.- աջէն գնա՛, կ՚ըսէ եւ գիւղացին աջէն երթալով գետին հեղեղին մէջ կ՚իյնայ ու կը խեղդուի»։
Այս խեղճ մարդուն խեղդուելուն պատճառը այն էր որ, կառապանը որոշ չէր կրցած ըսել թէ որո՞ւն աջ կողմէն պիտի երթար. իրե՞ն թէ գիւղացիին աջ կողմէն, որովհետեւ իրեն աջ կողմը դիմացը կեցող գիւղացիին ձախ կողմն է, անոր ձախ կողմն ալ իրեն աջ կողմը։
Եթէ կառապանը որոշապէս ըսած ըլլար թէ.- իմ աջ կողմէս գնա՛, խեղճ գիւղացին սխալ ճամբայ չի պիտի բռներ ու չպիտի խեղդուէր։
Բառերուն նշանակութիւնը որոշ կերպով յայտնի չըլլալէն, այս կարգի շատ մը սխալներ՝ սխալ հասկացողութիւններ կը պատահին նաեւ գործի մէջ, մէկ կամ միւս կողմին վնաս կը պատճառեն։
Ասոնցմէ զատ, պատմական շատ մը պայքարներ կան, որոնց պատճառը՝ միեւնոյն բառին տրուած տարբեր մեկնութիւնն է։ Յետոյ, կարգ մը բառեր կան, մոգական ուժ ունեցող միսթիք խօսքեր, որոնց համար միլիոնաւոր մարդիկ զոհուած են, առանց անոնց իմաստը հասկնալու, կամ չեն հասկցած անոնց իմաստը, որովհետեւ անոնք իմաստ չունին։
Լաւ խօսելու եւ ըսուած խօսքը խօսակցին ընդունիլ տալու համար, կարգ մը կէտեր կան, որոնց պէտք է ուշադրութիւն ընես։
Պէտք է, որ քեզի առարկայ եղող խնդիրը լա՛ւ ուսումնասիրես եւ այս խնդրոյ սահմանէն դուրս չելլես, որպէս զի աւելորդ վիճաբանութիւններու առիթ չտաս։
Չըլլա՛յ որ գործի մը վրայ պատահական պարագայի մը բացարձակ դատաստան մը ընես։ Օրինակի համար, իրենց արհեստին մէջ տգէտ բժիշկ գտնուելէն եւ անոնց վնաս հասցնելէն, բժշկութիւնը չի դատապարտես։
«Կարելի» եղած բաները «հաւանական» չնկատես, որովհետեւ ամէն բան կարելի է, բայց շատ քիչ բան հաւանական։
Քու դիմացինդ, քենէ աւելի ուժով ապացոյց չունենալէն չհետեւցնես թէ իրաւունքը քու կողմդ է։ Եւ անոր իրաւունք չունենալը ապացուցանելէ չհետեւիր թէ քու կարծիքդ ճիշդ է։
Կան տակաւին ուրիշ բազմաթիւ պարագաներ, որոնց մասին յաջորդ անգամ պիտի գրեմ։
Արտաշէս Գալփաքճեան
«ԺԱՄԱՆԱԿ», 6 Նոյեմբեր 1937
Ահաւասիկ, մօտաւորապէս 80 տարի առաջ գրուած տողեր։ Անոնց մեր օրերու պատշաճութիւնը կը թողունք մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն խորհրդածութեան։ Բայց պէտք է խոստովանիլ, որ կան շատ բաներ, որոնք այսօրուան համար ալ շատ օտար չեն մեզի համար. քանի որ մարդը միշտ «մա՛րդ» է իր բնաւորութեամբ, եւ կարգ մը բաներ չե՛ն փոխուիր…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 29, 2016, Իսթանպուլ