ԶԻՊԷՉ-Ի ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՈԳԵՒՈՐ ԱՄԱՆՈՐԸ
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ԶԻՊԷՉ-ի ընտանիքի Ամանորի խրախճանքը։ Շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ անցաւ ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութենէն Մկրտիչ Սէրթշիմշէք, Ժիրայր Տաղտեւիրէնէլ եւ Կարպիս Փոլատ, ընդհանուր քարտուղարուհի Սիլվա Թրիքա, ԶԻՊԷՉ-ի պատասխանատուները, աշակերտներու ծնողներ եւ հիւրեր։
Հարկ է նշել, որ ձեռնարկը կազմակերպուած էր Սիլվա Թրիքայի ջանքերով։ Ան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը եւ ընդգծեց, թէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը միշտ խրախուսած է ԶԻՊԷՉ-ի գործունէութիւնը եւ այս միասնականութիւնը մշտապէս նոր հորիզոններ կ՚ուրուագծէ ԶԻՊԷՉ-ի առջեւ։
Ան խորապէս շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքային այն բոլոր հաստատութիւններուն, որոնք իրենց աջակցութեան առարկայ կը դարձնեն ԶԻՊԷՉ-ի տղաքը։ Խօսքի աւարտին Սիլվա Թրիքա բոլորին ջերմ շնորհաւորութիւններ յղեց Նոր տարուայ եւ Սուրբ Ծննդեան առթիւ։
Տօնական հաւաքոյթի տեւողութեան տղաքը զուարճացան հաճելի մթնոլորտի մը մէջ։ Կաղանդ պապուկին սրահ ժամանելը առաւել եւս խանդավառեց զիրենք։ Անոնք ստացան իրենց նուէրները եւ Նոր տարուան առթիւ հերթական անգամ առարկայ դարձան իրենց ընտանիքներու եւ հաստատութեան պատասխանատուներու գուրգուրանքին։