ԼԻՃԸ ՎԵ՛ՐՋՆ Է ԳԵՏԻՆ
Կեանքի մէջ անխուսափելի են դժուարութիւններ, նեղութիւններ, խոչընդոտներ, ցաւեր ու վիշտեր՝ որոնք վերցնելու, տանելու բաւական ուժ կրնայ չունենալ մարդ։ Ուստի երբ մարդուս դէմը կ՚ելլէ որեւէ արգելք՝ որուն վրայ մագլցելու անկարող է, կը համակերպի, կը տարուի ան հոն՝ ուր կ՚առաջնորդէ եւ կամ կը պարտադրէ այդ արգելքը։ Եւ կամ գալարուելով՝ մարդ կը հասնի տեղ մը, ուր երբեք չէ մտադրած։ Ակամայ կ՚ուղուի մարդ, հոն՝ ուր որ կը տանի «արգելք»ը։ Ինչո՞ւ այդպէս է։ Պատասխանը պարզ է՝ քանի որ մարդուն ուժը անբաւական է…։
Մարդիկ, ահաւասիկ այս «ուժի անբաւարարութեան» պատճառով, շատ անգամ, ակամայ կը փոխեն իրենց նկարագիրը եւ կ՚ըլլան «ուրիշ մէկը»։ Նոյն մարդուն տարբեր տարազներ գործածելուն կը նմանի այս երեւոյթը։
Ուրեմն համեմատաբար՝ եթէ մարդ ուժով է, նկարագիրն ալ զօրաւոր եւ հաստատ կը մնայ, իսկ եթէ ուժը բաւարար չէ յաղթահարելու խոչընդոտները, տկա՛ր է, այն ատեն, ստիպողաբար կը փոխուի եւ կ՚ենթարկուի անոնց հոսանքին՝ ո՛ւր որ տանին։
Բնութեան մէջ ալ նո՛յնն է պարագան։ Խե՜ղճ տերեւը՝ անզօր, կը քշուի հո՛ն ուր տանի զօրաւոր հովը։
Առուակ մը կայ նոյնիսկ հսկայ գետ մը, կը հոսի, բայց երբ հանդիպի իրմէ զօրաւոր խոչընդոտի մը, զոր օրինակ դէմը ելլէ լեռ մը, որքան ալ զօրաւոր հոսի, ի վերջոյ կը փոխէ իր ընթացքը։ Արդարեւ պահ մը կ՚արժէ խորհիլ, թէ ի՞նչ զօրութիւն, ի՞նչ ուժ է, որ կ՚որոշէ հոսող ջուրին ընթացքը։ Հո՛ս է ահաւասիկ բնութեան մեծ եւ անիմանալի խորհուրդը։ Եւ հոսող ջուրը երբ հանդիպի խոչընդոտի մը, կը փորձէ անցնիլ, սակայն երբ ուժը բաւարար չըլլայ՝ կը դառնայ կամ կը նետուի վեր տեղ մը, եւ կը շարունակէ իր ընթացքը։ Անշուշտ այս կը պատահի ջուրին հոսանքին զօրութեան, ուժգնութեան համեմատ։ Բայց եթէ ջուրին ուժգնութիւնը անբաւարար կը մնայ որեւէ կերպով անցնիլ, շարունակել ճամբան, ահաւասիկ այն ատեն կը պատահի վախճանը հոսող ջուրին եւ ան կը դառնայ լճակի մը՝ որ վե՛րջն է հոսող, վազուն ջուրին եւ ան այլեւս փոխած է իր նկարագիրը, ան այլեւս անշարժ, կայուն ջուրի կոյտ մըն է, լճա՛կ մը միայն… ան այլեւս գետ չէ՛, եւ ոչ ալ առուակ։ Հոսող ջուրը, շարժուն ջուրը, փրփրացող ջուրը լճացած է այլեւս, ջրակոյտ մը՝ որուն սովորական եւ ընդհանուր անունն է՝ լի՛ճ։
Ի՞նչ է պատճառը՝ որ հոսող, շարժուն ջուրը կը վերածէ, կը փոխէ անշարժ լիճի մը։ Ասիկա կերպով մը «պարտութի՛ւն» է, որ բնութեան մէջ կը նշանակէ զանազան պայմաններու տակ՝ անբաւարարութիւն, անբաւականութիւն, պակասը պահանջեալ ուժի։
Բնութեան մէջ կարելի է տեսնել այս օրէնքին տիրապետութիւնը եւ գործադրութիւնը. այն որ տկար է, ուժի անբաւարարութիւն ունի ի վերջոյ դասալիք կ՚ըլլայ։
Բնութեան մէջ այս օրէնքին համաձայն կ՚որոշուի ուժի մը յաղթութիւնը եւ ուրիշ ուժի մը պարտութիւնը։
Բնութեան մէջ, բնութեան մաս կազմող էակ մըն է մարդը, եւ ուրեմն, ան ալ կը հպատակի այս անայլայլելի ու մշտնջենական բնական օրէնքին՝ ուժովը կը յաղթէ, ուժը անբաւարար տկարը կը պարտուի։ Բնութեան օրէնքին համաձայն ա՛յս է արդարութիւնը, ա՛յս է իրաւունքը, բայց… երբ խնդրոյ առարկան մա՛րդն է, հոն կը փոխուի պայմանները, տարբեր պարագաներու տակ պէտք է խորհիլ եւ ուսումնասիրել այս երեւոյթը, քանի որ մարդ յատկութիւնը ունի իր ուժը զօրացնելու, ուժը կատարելագործելու, աւելի զօրաւո՛ր ըլլալու։ Պիտի ըսէինք որ մարդուն համար ալ պարագան նոյնն է՝ զօրաւորը կը յաղթէ, տկարը, անբաւարարը կը պարտուի։ Ո՛չ, սիրելի ընթերցող բարեկամներ, մարդ առիթը ունի եթէ ո՛չ մարմնապէս, բայց հոգեպէս զօրանալու, աւելի ուժով ըլլալու, ուրեմն հոգեպէս զօրանա՛նք՝ որպէսզի պարտութեան չդատապարտուի՛նք…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 12, 2015 Իսթանպուլ