ՔՈՒԷԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԸ
Թրքահայութեան արդի տարեգրութեանց տեսակէտէ կարեւոր օր մըն է այսօր։ Պոլսոյ Պատրիարքութեան արդի պատմութեան տեսակէտէ կարեւոր իրադարձութիւնով մը կը բնորոշուի այս օրը։ Ինչպէս արդէն պաշտօնապէս հաղորդուած է, յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ տեղի կ՚ունենայ Պատրիարքական Աթոռի եկեղեցականաց դասու համագումար ժողովը։ Օրակարգի վրայ է տեղապահի մը ընտրութեան հարցը։ Պատրիարքական Աթոռի շուրջ երեք տասնեակ հոգեւոր սպասաւորները ժողով մը կը գումարեն՝ ընտրելու համար տեղապահ մը։ Մեծ պահոց նուիրական օրերուն կը զուգադիպի այս ժողովը, որ ունի անկիւնադարձային նշանակութիւն։ Շուրջ ինն տարիէ ի վեր գործնականօրէն թափուր է Պատրիարքական Աթոռը։ Վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին ալ պաշտօնականացուած է այդ հանգամանքը՝ Տ. Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանի հանգստեան կոչուելով։ Ինն տարիներու այս ժամանակաշրջանը դժուարութիւններու, ալեկոծումներու ալիքներով բնորոշուեցաւ մեր հաւաքական կեանքէն ներս։ Պատրիարքական Աթոռը նոր ու արժանաւոր գահակալով մը օժտելու որոնումները միշտ զբաղեցուցին մեր հաւաքական օրակարգը՝ ատեն-ատեն դժբախտաբար ելեկտրականացեալ մթնոլորտի մը մէջ։ Այս ինն տարիներու հաշուեյարդարը՝ պարզ է, որ հաւաքական ձախողումի մը նշանակութիւնը ունի մեր համայնքին տեսակէտէ, սակայն ներկայիս արդէն հաւաքաբար թօթափուելու փուլը հասած ըլլալ կը թուի։ Տեղապահի պաշտօնի կոչուիլը պիտի նշանակէ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին սկիզբը։ Հետեւաբար, եթէ տեղապահի ընտրութեան փուլը արդարութեամբ, պատուով ու բաց ճակատով յաղթահարուի, ապա մեր համայնքին առջեւ պիտի ուրուագծուի նոր պատրիարքի մը շուրջ համախմբուելու հեռանկարը։ Բնականաբար տեղապահի ընտրութեան զուգահեռ նախատեսուած ընթացակարգը պիտի ունենայ այլ կարեւոր փուլեր եւս. ինչպէս՝ նախաձեռնարկ մարմնի ընտրութիւն, պետութեան մօտ դիմում եւ այլն։ Յամենայնդէպս, ամենախորհրդանշականը տեղապահի ընտրութիւնն է։ Արդարեւ, տեղապահի մը գոյութիւնը ինքնաբերաբար կը նշանակէ միջանկեալ շրջան մը։ Տեղապահի մը գոյութիւնը միշտ ալ ժամանակաւոր կը համարուի։ Մնաց, որ տեղապահի մը հիմնական պարտականութիւնը կը համարուի փութով կազմակերպել պատրիարքական ընտրութիւն մը եւ ասան յանձնել նոր գահակալին։
Ինչպէս արդէն յայտնի է, Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի երեք սրբազանները՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Գերմանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Տեսականօրէն մեր այս երեք սրբազանները անխուսափելի թեկնածուներ են տեղապահ դառնալու համար։ Բայց եւ այնպէս, արդէն ծանօթ է, թէ գործնականօրէն կայ երկու թեկնածու։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան թեկնածութենէ կը հրաժարի ի նպաստ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի։ Այսինքն, տեղապահ ընտրելու համար մեր հոգեւոր հայրերը պիտի ունենան երկու հիմնական թեկնածու։ Կա՛մ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ կամ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան պիտի ստանձնեն այդ պաշտօնը։
Պատրիարքարանի երդիքին տակ Եկեղեցականաց համագումարը նախատեսուած է ժամը 15.00-ին։ Մեր երեք սրբազաններն ալ, բնականաբար, ներկայ կը գտնուին համագումարին։ Ժողովի բացման կը կազմուի դիւան մը եւ այսպէսով ժողովական հայրերը կը ձեռնարկեն բուն աշխատանքին։ Հարկ է յիշեցնել, որ Եկեղեցականաց համագումարի այսօրուան ժողովին Երկուշաբթի նախորդեց Կրօնական ժողովի նիստը, որու աւարտին հրապարակուեցաւ նաեւ այսօրուան ժողովին պաշտօնական զեկոյցը։