ԽՈՆԱՐՀ ՀՈԳԻՆԵՐ
Քրիստոս եկաւ աշխարհին իր՝ ամբողջ սիրով ու խոնարհութեամբ, բայց մարդոց սիրտը եւ հոգին լեցուած էր աշխարհիկ տեսակ տեսակ հրայրքներով, զանազան զբաղումներով՝ ուր տեղ չկար սիրոյ, խոնարհութեամբ իրեն տեղ փնտռող Քրիստոսի անկեղծ սիրոյն։
Աշխարհիկ ամէն զբաղում իրենց տեղը ունէին մարդկային սիրտին ու հոգիին մէջ՝ արուեստ, իմաստասիրութիւն, գիտութիւն, քաղաքականութիւն, բայց տեղ չկա՛ր սիրոյ, որ խոնարհաբար կու գար տեղ գրաւելու մարդոց սրտին ու հոգիին մէջ։
Այսօր ալ, աւելի քան քսան դար վերջ, Քրիստոս կու գայ խոնարհութեամբ իր սէրը տեղաւորել մեր սրտերուն ու հոգիներուն մէջ, բայց տեղ չի կրնար գտնել շատերու մօտ, քանի որ անոնք զբաղած են աշխարհիկ մտահոգութիւններով։ Ահա թէ քսան դար առաջուան տեսարանը կը կըրկ-նըւի ա՛յսօր ալ, ինչպէս բոլոր ժամանակներու մէջ եւ ամէնուրեք։ Այսօր ալ աշխարհ տեղ չունի Յիսուսի անկեղծ սիրոյն համար, խոնարհութեան համար եւ իր սիրտն ու միտքը գո՛ց է այն բոլոր գեղեցկութիւններուն դէմ՝ զորս աստուածային «հիւր»ին, Յիսուսի կը վերաբերին։
Արդարեւ, Յիսուսի մարդեղութեան իրողութեան կը հետեւի խոնարհութիւն, հոգեւոր աղքատութիւն եւ հնազանդութիւն։ Երեք սկզբունքներ՝ որոնք խոտոր կը համեմատին ամէն շրջանի աշխարհիկ մտածելակերպին, նիւթապաշտ բարոյականին՝ որոնց համար տեղ չունի աշխարհ։
Աշխարհ տեղ չունի ո՛չ իր սրտին, ո՛չ մտքին մէջ։
Աշխարհ հեռո՜ւ է այն գիտակցութեան անդրադարձումէն՝ թէ Յիսուս կու գայ առանձնաշնորհել զինք։
«Երանի՜ հոգիով աղքատներուն» (ՄԱՏԹ. Ե 3)։
Երանութիւնները կը յայտնեն դասաւորում մը երանութեան եւ շնորհքի գեղեցկութեան եւ խաղաղութեան։ Հոս ալ Յիսուս կը ներբողէ աղքատներուն տրուած ուրախութիւնը, քանի որ անո՛նցն է Արքայութիւնը իրենց խոնարհութեան պատճառով։
«Աստուածային Բանը մարդկային հոգիին կամովին խոնարհութիւնը եւ հոգիով հրաժարումը կը կոչէ -հոգիով աղքատութիւն-, իսկ առաքեալը Աստուծոյ աղքատութիւնը մեզի օրինակ կու տայ, երբ կ՚ըսէ.- Աղքատացաւ մեզի համար» (Բ ԿՈՐՆ. Ը 9), կ՚ըսէ Սուրբ Գրիգոր Նիւսացի։
Իսկ Սուրբ Օգոստինոս կ՚ըսէ. «Ամբարտաւանը կը փնտռէ երկրաւոր զօրութիւնը, մինչդեռ հոգիով աղքատը կ՚որոնէ երկինքի Արքայութիւնը»։ Ուստի ճշմարիտ երջանկութեան բաղձանքը կ՚ազատագրէ մարդը այս աշխարհի ինչքերուն անչափ փարումէն եւ զայն կը կատարէ ու կը կատարելագործէ Աստուծոյ տեսութեան ու երանութեան մէջ։
Խոնարհ հոգիներ, հոգեպէս աղքատներ եւ հնազանդ ոգիով դիմաւորողներ պիտի կարենան տեղ բանալ իրենց սրտին ու մտքին մէջ՝ որ խոնարհութեան ու սիրոյ Իշխանը տեղաւորուի ու հանգամանօրէն բազմի։ Այն ատեն պիտի վայելեն անոնք այն առանձնաշնորհները՝ որ Յիսուս կրնայ բերել իրենց կեանքին։ Ի՛նչ որ չի կրնար օգտակար ու արդիւնաւոր ըլլալ մարդոց՝ կը դառնայ անմատչելի եւ անընդունելի։
Արդարեւ էականը, անմիջականը, պարզը եւ չափաւորը անկիւններն են մարդոց ընդունելութեան։ Եւ որեւէ նոր առաջարկութիւն մարդոց կողմէ կը դիմաւորուի կասկածով եւ հարցումով՝ թէ ի՞նչ օգուտ կրնայ քաղուիլ անկէ եւ կամ որքա՞ն եւ ինչպէ՞ս կը ծառայէ իրենց շահուն կամ օգտին։ Այսպէս, մարդիկ կլանուած են անձնական շահերով, աշխարհիկ հոգերով, մտահոգութիւններով, հեռաւոր եւ յաճախ անիրականալի, անկարելի յոյսերով եւ երազային ծրագիրներով։ Մինչդեռ ըստ առածի մը՝ մարդիկ կը ծրագրեն եւ Աստուած կը ծիծաղի։
Մարդիկ կասկածով, տարակուսանքով կը դիմաւորեն նորը, սակայն պատրա՛ստ են նոյն ժամանակ ընդունելու որեւէ նորութիւն, որեւէ նոր՝ որ կրնայ ծառայել իրենց շահուն կամ ընդհանրապէս իրենց օգտին։
Եւ ահաւասիկ, հոգեւորականին եւ ամէն ճշմարիտ հաւատացեալի պարտքն ու պարտականութիւնն է՝ աշխարհի մեծ սրտին առջեւ զգացնել, թէ մարդ պէ՛տք ունի այն միա՛կ ուժին, Փրկչին, որ կարող է օգնել իրեն, փրկել զինք մեղքէն, ամէն տառապանքէ եւ հասցնել երջանկութեան։
Մարդ երբ զգայ իրեն իրապէս օգտակարը, այն ատեն համայն մարդկութիւնը հակառակ իր խռովալից եւ երբեմն ըմբոստ հոգիին, պիտի բանայ իր սրտին դռները, եւ «մերժուա՛ծ» եւ անընդունելի հիւրը՝ Յիսուսը պիտի ընդունի սիրով, որպէսզի կատարէ իր փրկարար գործը իւրաքանչիւր անհատի ներաշխարհէն ներս։ Բայց պէտք է խոստովանիլ, թէ աշխարհ տակաւին պէտք եղած չափով ու կերպով զգացած չէ անոր պահանջքը եւ այդպէս կ՚երեւի, թէ շատ ալ հեռո՜ւ է։
Յիսուս աւելի քան քսան դարերէ ի վեր դեռ «Անծանօթ» մըն է, նոյնիսկ անոնց՝ որ իրենք զիրենք քրիստոնեայ կ՚անուանեն։ Որքա՜ն ցաւալի է. քրիստոնեայ ըլլալ բայց չճանչնալ Քրիստոսը…։ Սակայն Անոր նկատմամբ մարդուն անտարբերութիւնը, զգացուած պէտքին պակասն է, որ զԻնք հեռու կը պահէ մարդոցմէ։ Եւ այնքան ատեն, որ մարդ փակ պահէ իր սրտին դռները, Յիսուս պիտի մնայ մերժուած ու անընդունելի «Հիւր» մը՝ ինչպէս եղաւ իր ծննդեան ժամանակ. «Իրեն համար իջեւանին մէջ տեղ չկար»։ Արդարեւ ովքե՞ր էին լեցուցած Բեթղեհէմի պանդոկները, որ Յովսէփ, Մարիամ եւ նորածին մանուկը դուրս մնացին, տեղ չունեցան այդ հիւրանոցներուն մէջ։ Ովքե՞ր կը կարծէք. անշուշտ զօրաւորներ, լեցուն քսակներով վաճառականներ, եւ իրենք զիրենք Դաւթի շառաւիղ նկատող իսրայէլացիներ, որոնք հաւաքուած էին յայտնի նախանձախնդրութեամբ։ Երբ անոնք լեցուցած էին պանդոկները, բնական էր, որ դուրս մնային սէրը, խոնարհութիւնը, համեստութիւնը, պարզութիւնը…։
Եւ Սէրը, Խոնարհութիւնը, Համեստութիւնը, ամէն Առաքինութիւն, անդին, գոմին խաղաղիկ սրբութեանը մէջ՝ տեղի կ՚ունենար մարդկային ազգին պատմութեան մեծագոյն դէպքը՝ Մարդկութեան խորհուրդին կատարումը կ՚իրականանար եւ կը յեղա-շըրջուէր մարդկութեան ամբողջ ընթացքը, կը փոխուէր մարդկութեան նկարագիրը եւ ճակատագիր կարծուած կեանքը ամբողջ։
Նորածին մանուկի մը անկեղծ ժպիտին մէջէն Աստուծոյ սէրը կը տարածուէր մարդկութեան վրայ։
Եւ եթէ պանդոկներու մէջ՝ յղփանքի մէջ անգիտակից հուժկու մարդիկ գիտնային, թէ ո՞վ է որ կը մերժուէր, կը հեռացուէր իրենցմէ, եթէ կարենային տեսնել լուսաւոր ապագան, անտարակոյս հակառակ իրենց բութ անտարբերութեան, անոնք շատ լայն պիտի բանային իրենց դռները եւ սիրով պիտի ընդունէին զԱյն։
Այսօր ալ շատ տարբեր չէ տեսարանը ընդհանրապէս, մարդիկ պատրա՛ստ են իրենց դռները լայն բանալու ամէն տեսակ աշխարհային շահ եւ օգուտ քաղելու համար անոնցմէ՝ որոնք կը խոստանան եւ կամ խոստանալ կը ձեւացնեն տալ, ի՛նչ որ կը պահանջեն անոնք։ Մարդիկ այսօր ալ զբաղած են աշխարհիկ հոգերով, մտահոգութիւններով եւ անտարբեր են հոգիին ու հոգեկան ճշմարտութիւններու, աշխարհիկ բարոյականը կը գրաւէ զիրենք. աշխարհը եւ մարդկային հոգին տեղ չունին Յիսուսը ընդունելու համար, չեն կրնար զգալ ու ճանչնալ զԱյն իբրեւ գերագոյն բարիք եւ ճշմարտութիւն։ Փակ է դռները Անոր համար։
Յիսուս այն ատեն միայն կը ծնի մարդուս մէջ, երբ ան ամբողջութեամբ բացուի Իր ճշմարտութեան, Իր նկարագրին, Իր ուժին եւ վերջապէս այն գերագոյն նպատակին՝ որուն սահմանուած ու ծրագրուած է մարդուն կեանքը Իրմո՛վ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 27, 2015, Իսթանպուլ