ԿԼԻՄԱՅԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐ

Վստահաբար ներկայիս աշխարհի ամենէն հրատապ խնդիրը կլիմայի վտանգաւոր փոփոխութիւնն է, որուն համար հիմնական պատասխանատուութիւն կը կրեն մեծ պետութիւնները, որոնք ամէն պարագայի յաճախ ջայլամի քաղաքականութիւն կը վարեն: «Եուրոնիւզ» եւ «Կրնփիս» տարբեր յօդուածներով անդրադարձած են բրիտանական գիւղի մը ճակատագիրին:

*

ԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆ ԳԻՒՂԵՐԸ, ՈՐՈՆՔ ՇՈՒՏՈՎ ԿԸ ԿՈՐՍՈՒԻՆ ԾՈՎՈՒՆ ՄԷՋ

Կալեսի (Ուէյլզ) ափին, որ շրջապատուած է Սնոուտոնիայով, Ֆէյրպուրն գիւղը կը գտնուի ցած, հարթ հողատարածքի վրայ: Մէկ կողմէ ծով, միւս կողմէ՝ լեռ… կը թուի, որ այդ գիւղը հիանալի դիրքով տեղակայուած է, սակայն ան միաժամանակ կորուստի դատապարտուած է: Բարձր ափերով պաշտպանուած գիւղը փոթորիկի ժամանակ արդէն իսկ ծովու մակերեսէն ցած է, իսկ նկատի ունենալով, որ մակընթացութիւնը կը բարձրանայ, կառավարութիւնը որոշած է զայն ձգել ալիքներու տակ: Ծովային պաշտպանութեան գանձատրումը կը նախատեսուի աւարտել մինչեւ 2054 թուականը:

Ֆէյրպուրնը միակ գիւղը չէ, որ այս ճակատագիրը ունի: Յառաջիկայ 28 տարիներուն Բրիտանիոյ մէջ շուրջ 200 հազար շինութիւններ եւս պիտի յայտնուին ծովու մակերեսէն ցած: Տեղ-տեղ ծովափի պարիսպներն ու թումբերը կը պահպանեն սահմանագիծը: Միւսներուն մէջ բնութիւնը կը պահէ իր ընթացքը:

Մարդիկ շատ երկար ժամանակէ կը բնակին Նորֆոլք Հապսպուրկ գիւղին մէջ: Գիւղի եկեղեցին թուարկուած է Ա. աստիճանի, փապը 16-րդ դարէն մնացած է, իսկ 2013-ին հնագէտները, ուսումնասիրելով ափամերձ մաշումի ենթարկուած վայրը, գտան 850-950 հազար տարուան հնութիւն ունեցող ոտնահետքեր, ամենէն հինը՝ Ափրիկէի սահմաններէն դուրս:

Նոյն մաշումը, որ բացայայտեց այս ոտնահետքերը, կարճ ժամանակ ետք ոչնչացուց զանոնք: Հապսպուրկը ծով կ՚իյնայ: Ժայռերը, որոնք կը պահեն քաղաքը, կը կորսնցնեն տարեկան երեք մեթր՝ քանդուելով ջուրին մէջ, իրենց հետ տանելով տուներ, ճամբաներ եւ, ի վերջոյ, ամբողջ գիւղը: Այս վտանգները չեն սահմանափակուիր փոքր գիւղերով: Յարմարեցումի մեծ աշխատանք կը պահանջուի Սանտրլենտի, Լոնտոնի, Քարտիֆի, Հալի եւ այլ քաղաքներու մէջ: Նոյնիսկ՝ այն վայրերուն մէջ, ուր մաշումը կամ ծովու նոր միջին մակերեսը վտանգաւոր չէ, մենք կրնանք ակնկալել, որ աւելի մեծ վտանգի տակ կ՚ըլլանք ջրհեղեղներէն եւ փոթորիկներէն: Այս իրողութիւնը մեզի համար նոր եւ վախցնող է:

Մեր նախնիներուն համար այդ կրնար ձեր մտածածէն աւելի ծանօթ թուիլ:

Բրիտանիան շրջապատուած է իր խորտակուած քաղաքներու ուրուականներով, ինչպէս իրական, այնպէս ալ՝ երեւակայական: Սաֆոք նահանգի Տանուիչ փոքր գիւղի բնակչութիւնը 200-էն նուազ կը հաշուէ: 1086 թուականին Տումզտէյ գիրքին մէջ գիւղը կը յիշատակուի որպէս 500 տուն ունեցող քաղաք, ուր կ՚ենթադրուի, թէ բնակչութիւնը եղած է շուրջ 3000: 13-րդ դարուն անիկա բարգաւաճ քաղաք էր՝ թագաւորական կանոնադրութեամբ, հինգ թագաւորական նաւերով, որոնք խարսխած էին նաւահանգիստին մէջ, եւ՝ երկու պատգամաւորներով, որոնք ի վիճակի էին Հենրի Գ.-ին տրամադրել երեսուն նաւ՝ «լաւապէս օժտուած ամէն տեսակի սպառազինութեամբ, լաւ նաւավարներով եւ ծովայիններով»:

Եւ ինչպէս Տանուիչի բարգաւաճումը եկաւ ծովէն, այնպէս ալ անոր աւարտը եկաւ ծովէն: Փոթորիկներ եւ մակընթացութիւններ Տանուիչը տարին՝ քայքայելով այն հողը, որուն վրայ ան կանգնած էր: Ժամանակակից գիւղի ձկնորսները դեռ կը հանդիպին հին քաղաքին, երբ ցանցերը կը բռնուին անոր քարերուն վրայ:

Ռաւենսըր Օտը կը գտնուէր Հիւսիսային ծովու եւ Համպերի միջեւ, նստած էր «Ագռաւի լեզուն» (Hrafn՚s Eyr) անունով երկար հրուանդանի վրայ՝ Ռաւենսըր Օտի սկզբնական վայրէն քիչ մը հեռու: Ռաւենսըր Օտը կառուցուած է աւազներու եւ քարերու վրայ՝ «թափած» ծովու ափին:

13-րդ դարուն ան բարգաւաճ քաղաք էր՝ աշխոյժ առեւտրականներով եւ ձկնորսներով: 14-րդ դարու վերջաւորութեան ան ամբողջովին անհետացաւ: Փոթորիկները քայքայեցին աւազի այն ափերը, որոնց վրայ կանգնած էր, մինչեւ՝ 1362 թուականի մեծ ջրհեղեղը, որ վերջնականապէս ոչնչացուց զայն՝ նետելով ջուրի մէջ, ուր անխռով կը մնայ աւելի քան 650 տարիէ ի վեր:

Շեթլանտեան կղզիներու Սալլոմ Վոէ մուտքին մօտ ափերը կը բարձրանան ջուրէն վեր, դէպի արտաքին աշխարհ, մակընթացութեան բարձր նշագիծէն 9 մեթր բարձրութեան վրայ, մուգ հողը իր տեղը կը զիջի բաց գոյնի աւազի շերտին, որ նշուած է փայտի բեկորներով: Սկովտիոյ արեւելեան ափին կը յայտնաբերուին նման աւազի շերտեր, որոնք կը հասնին մինչեւ 50 մղոն ցամաքի վրայ եւ հազարաւոր տարիներու հնութիւն ունին: Հազուադէպ չէ, որ հողը կազմուած ըլլայ հին ծովու յատակէն. Քանզասի վատ հողերուն մէջ կան կաւիճէ սիւներ, որոնք մնացած են նախապատմական ծովերու նահանջի ժամանակներէն: Բայց Շեթլանտներու աւազը այլ է: Անիկա ծովուն տակ մնաց այն ժամանակ, երբ ծովու մակարդակը աւելի ցած էր, երբ հողը ափէն 20 մեթր բարձրութեան վրայ էր: Այսինքն հսկայ ալիքի ետին մնացած է:

Նորվեկիական ծովուն մէջ, ցամաքի եզրին, հազար մղոն սպի փորագրուած է ծովու յատակին. այս հսկայական սողանքի մնացորդները 1931 թուականին Հիւսիսային ծովուն մէջ ձկնորսները փշոտ եռաժանի յայտնաբերեցին՝ փորագրուած կարմիր եղնիկի եղջիւրէ: Յիսուն տարի ետք ռատիօածխածնային թուագրումը տուաւ մեր լաւագոյն ենթադրութիւնը անոր ծագման մասին՝ Ք. Ա. 11000 թուական: Տոկըր Պենքը այսօր առաւել յայտնի է բեռնափոխադրումներու կանխատեսման գիշերային երթով՝ Թայնի եւ Ֆիշերի միջեւ:

Տասը հազար տարի առաջ հոն անտառ եւ մարգագետին էր, ուր կը բնակէին որսորդներ, կար լիճը, ուր Թայմզ գետը կը հանդիպէր Հռենոսի՝ կերակրելու Մանշ գետը: Երբ վերջին սառոյցի դարաշրջանը աւարտեցաւ, ծովու մակերեսի բարձրացումը սկսաւ խեղդել ցած ցամաքը՝ ստեղծելով ոչ բարձր կղզիներու շղթայ: Ստորեգետնեայ սողանքները եւ անոնց ստեղծած հսկայ ալիքները վերջ դրին իրենց վրայ մնացած բոլոր մարդոց, նոյնպէս Բրիտանիոյ ափերու շրջակայքին մէջ գտնուող բնակչութեան: Այս դարու ծովու մակերեսի բարձրացումը հազիւ թէ ըլլայ այնքան ճակատագրական, որքան Տանուիչի ծովամոյն ըլլալը կամ Տոկըրլենտի ջրհեղեղը, ինչպէս որ այդ կ՚ըլլայ անոնց համար, որոնք կը կոր-սընցնեն իրենց տուները ջուրի պատճառով:

Բայց հետաքրքրական է մտածել, թէ ինչպէ՛ս այս կորսուած գիւղերը դարեր շարունակ սնունդ տուած են տեղական հեքիաթներու: Դուք կրնաք առասպելներու եւ պատմութիւններու մէջ տեսնել Բրիտանիոյ երկար պատմութեան ակնարկներ: Կալեսի մէջ 2019-ին փոթորիկները յայտնաբերած են աւազի եւ ջուրի տակ թաղուած նախապատմական անտառի քարացած մնացորդներ: Մարդիկ կապը գծեցին թագաւորութեան առասպելի հետ, որ կը պաշտպանուէր բարդ ծովային պարիսպներով, կը խեղդուէր, երբ գինովցողը կ՚անտեսէր իր պարտականութիւնը եւ կը ձգէր փոթորիկի ջուրերը:

Այդպիսի թագաւորութիւն գոյութիւն չէ ունեցած, բայց այդ մարդոց ցոյց կու տայ հեռաւոր մարդկային բնակութեան մասին պատկերացումները, եւ պատմութիւնները բնականաբար կ՚աճին: Նմանապէս, հին Մանքս առասպելները, որոնք կը խօսին Ֆին Մաքքուլի կողմէ անիծուած սուզուած կղզիներու մասին, կամ որոնք կը պնդեն, թէ աւազի ափերը, որոնք արգելափակած են Ուիլիամ թագաւորը, անցեալին եղած են կղզիին մէկ մասը, ապա «կատաղի քամին» բզկտած է ատոնք, ճիշդ այն են, որոնք դուք կրնաք երազել՝ դիտելով, թէ ինչպէ՛ս ալիքները կը քայքայեն ափը: Կղզին հազարաւոր տարիներ առաջ շատ աւելի մեծ եղած է, կապուած՝ ցամաքային կամուրջով Քամպրիային:

Կալեսի հեռաւոր արեւմուտքին մէջ, ծովուն շատ մօտ, կը գտնուի փոքր գիւղ մը, որ կը կոչուի Ֆէյրպուրն: Այս գիւղը կը նկատուի Բրիտանիոյ մէջ առաջին վայրը, որ կը կորսուի կլիմայի փոփոխութեան պատճառով, քանի որ ծովու մակերեսի բարձրացումը եւ ծայրայեղ եղանակային պայմանները կը բազմանան եւ կարելի չ՚ըլլար զայն պաշտպանել:

Ֆէյրպուրն բացառիկ պատմութիւն է, բայց այս կամ այն ձեւով մենք բոլորս կը տուժենք կլիմայական այս արտակարգ իրավիճակէն՝ սկսեալ ամառնային հզօրացող տաքերէն մինչեւ ջրհեղեղներ եւ անտառային հրդեհներ:

ՋՐՀԵՂԵՂ

Երկար, աւելի խոնաւ ձմեռները նման են այն բանին, որ կլիմայագէտները կ՚ակնկալէին Բրիտանիոյ փոփոխուող կլիմայէն: Կը նախատեսուի միայն վատացում: Եւ ինչպէս պարզուած է «Կրինփիս»ի վերջին հետաքննութեամբ, կը նախատեսուի հազարաւոր նոր տուներ կառուցել բարձր վտանգային ջրհեղեղներու գօտիներուն մէջ, որոնք պարզապէս խնդիրներ կը կուտակեն ապագային համար:

ՏԱՔ ԱԼԻՔՆԵՐ

Բրիտանիոյ որոշ շրջաններու համար 2019 թուականի ամառնային տաքերը կրնան ողջունելի ըլլալ՝ բրիտանական ամրան բնորոշ երկար հանգստացնող օրերով: Բայց հարաւ-արեւելեան Անգլիոյ, յատկապէս՝ քաղաքներու, տաքը հասած է աննախընթաց մակարդակի, յուլիսին Քէյմպրիճի մէջ մրցանշային 39 աստիճան էր: Քաղաքները կանգ առած են, հիւանդանոցները ծանրաբեռնուած են: Անգլիոյ մէջ 2019-ի երկու տաք ալիքները, մէկը յուլիսի վերջաւորութեան եւ միւսը՝ օգոստոսի, յանգեցուցած են առնուազն 900 յաւելեալ մահուան:

ԱՆՏԱՌԱՅԻՆ ՀՐԴԵՀՆԵՐ

Վերջին տարիներուն Բրիտանիոյ անտառային հրդեհները աւելի շատ եղած են: Կլիմայի փոփոխութեան հետեւանքով յառաջացած աւելի երկար ցամաքացումը հողերը անգործածելի կը դարձնէ, կ՚ոչնչացնէ բնակավայրերը, կ՚ապականէ միջավայրը եւ մարդոց կը ստիպէ տարհանուիլ իրենց տուներէն:

«ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱՂԷՏ». ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԿԼԻՄԱՅԱԿԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐԸ ԿԸ ՀՐԱԺԱՐԻՆ ՀԵՌԱՆԱԼ

Հիւսիսային Կալեսի Ֆէյրպուրն փոքր գիւղի բնակիչները կրնան դառնալ կլիմայական առաջին գաղթականները:

Ինչպէս շատերը, որոնք կու գան Ֆէյրպուրն, Սթիուըրտ Իվս գիտէր, որ հիւսիսային Կալեսի այս ափամերձ գիւղը իր վերջնական տունն էր, երբ ան տեղափոխուեցաւ այստեղ 26 տարի առաջ:

Շուտով ան սիրահարուեցաւ Սնոուտոնիայի խորտուբորդ լեռներու եւ Իրլանտական ծովուն միջեւ ինկած 700 հոգինոց գիւղի կեանքի դանդաղ կշռոյթին:

Այդ կեանքը անսպասելիօրէն փոխուեցաւ 2014-ին, երբ իշխանութիւնները Ֆէյրպուրնը ճանչցան որպէս Բրիտանիոյ առաջին ափամերձ շրջանը, որ կլիմայի փոփոխութեան պատճառով ջրհեղեղի բարձր վտանգի տակ էր: Կանխատեսելով ծովու մակերեսի բարձրացումը եւ ծայրայեղ փոթորիկները՝ կառավարութիւնը ըսաւ, որ կրնայ գիւղը պաշտպանել 40 տարի եւս:

Պաշտօնատարները կ՚ըսեն, որ մինչեւ 2054 թուականը Ֆէյրպուրնի մէջ ապրիլը այլեւս անվտանգ չ՚ըլլար: Տուներու գիները կտրուկ նուազած են եւ գիւղացիները լրատուամիջոցներու անցանկալի ուշադրութեամբ հեղեղուած են:

Ապագայի վերաբերեալ անոնց հարցումներուն մեծ մասը 7 տարի ետք տակաւին անպատասխան կը մնան։

«Երբ անոնք առաջին անգամ մեզի ըսին, որ գիւղը ջրհեղեղի պիտի ենթարկուի, այդ բաւական քանդիչ նորութիւն էր, քանի որ կը նշանակէ, թէ այն բոլորը, որոնք դուք ստեղծած էք, կը կորսնցնէք», կ՚ըսէ Սթիուըրտ, որ Ֆէյրպուրնի մէջ քարաւաններու պուրակ ունի:

«Մարդոց մեծամասնութիւնը երբ կը գնէ անշարժ գոյք, անոնք կ՚ակնկալեն տեսնել այն, որ կը հասուննայ եւ կ՚աճի դրամի մէջ: Ֆէյրպուրն գիւղի բնակիչներուն համար այն ամէն ինչը, որ անոնք գնած են, պիտի դիտեն, թէ ինչպէ՛ս կը մահանայ եւ վերջաւորութեան անարժէք պիտի ըլլայ»:

ԻՆՉՈ՞Ւ ԳԻՒՂԸ ԱՅԴՔԱՆ ԽՈՑԵԼԻ Է ԿԼԻՄԱՅԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ

Կալեսի գիւղը յատկապէս ենթակայ է կլիմայի փոփոխութեան, քանի որ անիկա կը բախի ջրհեղեղներու բազմաթիւ աղբիւրներու:

Կառուցուած 1850-ականներուն ցածրադիր աղի ճահիճի վրայ՝ Ֆէյրպուրն արդէն կը գտնուի ծովու մակերեսին տակ՝ բարձր գարնանային մակընթացութեան ժամանակ: Փոթորիկներու ժամանակ մակընթացութեան մակարդակը կրնայ հասնիլ գիւղէն աւելի քան 1,5 մեթր բարձրութեան վրայ:

Ըստ գիտնականներու, անցեալ դարուն մէջ ծովուն մակարդակը բարձրացած է 10 սանթիմեթրով: Քանի որ ջերմոցային կազերու արտանետումները կը շարունակեն աճիլ, այդ մակարդակները կրնան գերազանցել մէկ մեթրը մինչեւ 2100 թուականը:

«Քանի որ կլիմայի փոփոխութիւնը տեղի կ՚ունենայ եւ ծովու մակերեսը կը բարձրանայ, այդ կը նշանակէ, որ մենք պէտք է շարունակաբար աւելցնենք պաշտպանութեան լրացուցիչ միջոցներ, որպէսզի պահպանենք վտանգէն պաշտպանուածութեան մակարդակը, ինչպէս որ կայ այս պահուն», կ՚ըսէ մասնագէտ մը: Ան կ՚աւելցնէ. «Քանի որ ժամանակը կը յառաջանայ, ան շատ աւելի սուղ կը դառնայ, եւ կը գտնուի կէտ մը, երբ գիւղի պահպանման ծախսերը կը դառնան աւելի բարձր, քան՝ այնտեղ պաշտպանուածին արժէքը»:

«ՄԵՆՔ ՈՉ ՄԷԿ ՏԵՂ ՊԻՏԻ ԵՐԹԱՆՔ»

Հակառակ այս տագնապալի թիւերուն՝ խիտ բնակչութիւն ունեցող շրջանի բազմաթիւ գիւղացիներ կը մերժեն հեռանալ:

«Ես կը մնամ այստեղ», կ՚ըսէ Էլըն Ճոնզ՝ տեղական ձուկի եւ տապկուած գետնախնձորի խանութի սեփականատէրը:

«Տապակները կրակին վրայ պատրաստ կ՚ըլլան, եւ վե՛րջ: Քանի դեռ ջուրը իրականութեան մէջ չի գար այստեղ, եւ մենք ֆիզիքապէս կրնանք աշխատիլ, մենք կը շարունակենք»: Պեքի Օֆլենտ վերջերս վարձեց պանդոկը: Ինչպէս շատ այլ բնակիչներ, ան յոյս ունի, որ իշխանութիւնները կը շարունակեն վճարել ջրհեղեղներէն պաշտպանուելու համար 2054 թուականէն ետք: «Այդ հանգամանքը շատ աւելի դրամական աջակցութիւն կը բերէ մեր գիւղին եւ այստեղի առեւտուրին, այնպէս որ, մեզ փակելու պատճառ չ՚ըլլար, կը մնանք, կը մնանք»:

Սթիուըրտ աւելի նուազ լաւատես է:

«Եթէ անոնք կ՚ուզեն, որ մենք դուրս գանք մինչեւ 2054 թուականը, պէտք է մեզ տեղաւորելու միջոցները ունենան», կ՚ըսէ քարաւանի պուրակի սեփականատէրը: «Այն, որ այստեղ կայ, մարդկային աղէտ է, թէեւ՝ փոքր ծաւալով: Եղածը պարզապէս զգացական է եւ մարդիկ կը կորսնցնեն այն, ինչի համար աշխատած են իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին»:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Շաբաթ, Յուլիս 23, 2022