ԽՈՐԱՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆ

«Խո­րա­ման­կու­թիւն» իր լայն ա­ռու­մով կը նշա­նա­կէ խա­բէու­թիւն, չա­րահ­նար ա­րուեստ, կեղ­ծա­ւո­րու­թիւն, նեն­գու­թիւն։ Ուս­տի երբ մարդ կը ծած­կէ իր բուն նպա­տա­կը եւ տե­սակ-տե­սակ կեր­պե­րով, ճամ­բա­նե­րով, ա­նուղ­ղա­կի ձե­ւեր ընտ­րե­լով կը ձգտի խա­բել իր շուր­ջին­նե­րը, ան կ՚ա­նուա­նուի «խո­րա­մանկ», խո­րա­ման­կու­թեամբ «գոր­ծը քա­լեց­նող» մարդ։

Եր­բեմն խո­րա­մանկ մար­դիկ «ճար­պի՛կ», նպա­տա­կին կեր­պով մը հաս­նող «յա­ջող» կը սե­պուին եւ յարգ ու պա­տիւ կը վա­լե­լեն ըն­կե­րու­թեան մէջ։ Բայց ա­նոնք իս­կա­պէս յար­գի՞ մար­դիկ են։

Պի­տի ը­սեն շա­տեր, թէ «յա­ջող» մար­դը, ան­շո՛ւշտ յար­գի մարդ է, քա­նի որ ան հա­սած է իր նպա­տա­կին։

Բայց կա­րե­ւո­րը ո՞րն է. ո­րե­ւէ կեր­պով հաս­նիլ նպա­տա­կի մը, թէ ի՛նչ կեր­պով կամ ո՛ր ճամ­բով հաս­նիլն է։

Ըն­դու­նուած ի­րա­կա­նու­թիւն մըն է, թէ նպա­տա­կը եր­բեք չ՚ար­դա­րաց­ներ մի­ջո­ցը եւ փո­խա­դար­ձա­բար։

Պահ մը ջա­նանք վեր­լու­ծել «ստա­խօ­սու­թիւն»ը։

Ստա­խօ­սու­թիւ­նը բո­լո­րո­վին ա­նօ­գուտ խօ­սակ­ցու­թիւն մըն է, պա­րապ խօ­սակ­ցու­թիւն՝ որ ո՛չ ը­սո­ղին եւ ոչ ալ լսո­ղին օ­գուտ մը կ՚ա­պա­հո­վէ։ Ան­շուշտ հոս երբ կը խօ­սինք «օ­գուտ»ի մա­սին, այս պէ՛տք է հասկ­ցուի ի­րա­կան եւ ար­դար օ­գուտ, եւ ո՛չ թէ ժա­մա­նա­կա­ւոր, յատ­կա­պէս կա­ցու­թիւ­նը փրկող շահ։

Ուս­տի սու­տը միշտ «սո՛ւտ» է. ինչ տե­սա­կի կամ կար­գի սուտ ալ ըլ­լայ՝ ան վնա­սա­կա՛ր է, ո՛չ մէկ օ­գուտ կ՚ա­պա­հո­վէ մար­դուն։ Ո­մանք կ՚ը­սեն, թէ կա՛ն սպի­տակ կամ վար­դա­գոյն սու­տեր, ո­րոնք ա­նուղ­ղա­կի կեր­պով օ­գուտ կ՚ա­պա­հո­վեն մար­դուն։ Ո­մանք ալ սու­տը կ՚աս­տի­ճա­նա­ւո­րեն, ո­րա­կե­լով զայն «պո­չա­ւոր» եւ կամ «ան­պոչ»։ Բայց սու­տին նկա­րա­գի­րը միշտ նոյ­նը կը մնայ՝ վտան­գա­ւոր, վնա­սա­կար եւ ո՛չ մէկ ար­դար օ­գուտ ա­պա­հո­վող դա­տար­կա­խօ­սու­թիւն միայն…։

Ու­րեմն, սի­րե­լի­նե՜ր, խո­րա­ման­կու­թիւ­նը այս ի­մաս­տով «ան­ձայն ստա­խօ­սու­թիւն» չէ՞։ Ծած­կուած ա­մէն խոր­հուրդ՝ որ չի հա­մա­պա­տաս­խա­ներ խօս­քին եւ գոր­ծին, ստա­խօ­սու­թիւն չէ՞, կամ ստա­բա­նել՝ սուտ խոր­հիլ, սուտ ար­տա­յայ­տուիլ։ Մէկ խօս­քով՝ ան­կեղծ չըլ­լալ։ Ար­դա­րեւ, երբ մէ­կու մը խոր­հուրդ­նե­րը, խօս­քը եւ գոր­ծե­րը հա­մա­պա­տաս­խան չեն, ի­րա­րու կը հա­կա­սեն, ա­պա ու­րեմն, հոն կ՚այ­լայ­լի ճշմար­տու­թիւ­նը՝ սու­տը կը տի­րէ, եւ խո­րա­ման­կու­թեան մո­լու­թիւ­նը կը ձե­ւա­ւո­րէ ամ­բողջ կեան­քը։ Խո­րա­ման­կու­թիւ­նը պէտք չէ՛ շփո­թել խո­հե­մու­թեան կամ խո­հա­կա­նու­թեան հետ։ Խո­րա­ման­կու­թիւ­նը կ՚են­թադ­րէ հնա­րա­գի­տու­թիւն՝ խա­բե­լու մէջ, խար­դախ եւ նեն­գա­միտ ըլ­լալ իր ամ­բողջ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն եւ ապ­րում­նե­րուն մէջ։ Կեղ­ծը ա­նոր հիմ­քը կը կազ­մէ…։

Բայց, ի­րա­տես ըլ­լանք՝ կեան­քի մէջ միշտ պի­տի պա­տա­հին սու­տեր, ստա­խօս­ներ, պի­տի ըլ­լան խար­դա­խու­թիւն­ներ, նեն­գա­միտ­ներ եւ ծա­ծուկ բա­րե­պաշտ­ներ՝ խո­րա­մանկ­ներ, ո­րոնց դէմ պէտք է պայ­քար մղել, եւ մարդս «մա՛րդ» կը մնայ այն­քան՝ ո՜ր­քան կը պայ­քա­րի սու­տին դէմ եւ փոյթ չէ՝ թէ յաղ­թա­կան ել­լէ այդ պայ­քա­րէն, քա­նի որ պայ­քար­նե­րը կը ծա­ռա­յեն ի­րենց նպա­տա­կին այն­քան՝ ո՛ր­քան կը յա­րա­տե­ւեն եւ եր­բեք չե՛ն վհա­տիր ու չե՛ն յու­սալ­քուիր։ Եւ ե­թէ մի­ջո­ցը ար­դար է, նպա­տակն ալ ի­րա՛ւ է։ Ու­րեմն կա­րե­ւո­րը ո՛չ թէ ար­դիւնքն է, այլ՝ մի­ջո­ցը, այ­սինքն ի՛նչ կեր­պով եւ ի՛նչ ճամ­բով ըն­թա­նա­լը եւ գոր­ծելն է։

Շատ զար­մա­նա­լի՜ է, որ կան մտա­ծող­ներ, ո­րոնք կը պնդեն, թէ «ո­րոշ» դէպ­քե­րու մէջ սու­տը օգ­տա­կար կրնայ հան­դի­սա­նալ եւ այդ­պէս կը հասց­նեն սե­րունդ­ներ։ Այս սկզբուն­քը «կեղծ»ի վրայ հիմ­նուած սխա՛լ մտա­ծում մըն է։ Նպա­տա­կը ե­թէ բա­րի է, չար մի­ջո­ցով կա­րե­լի՞ է հաս­նիլ ա­նոր։

Նպա­տա­կի տե­սա­կը, ո­րա­կը պէտք է լա՛ւ ո­րո­շել, բայց բա­րո­յա­կան սկզբունք­ներ կա­րե­լի չէ եր­բեք ան­տե­սել, քա­նի որ ազ­նուու­թիւ­նը, ա­ռա­քի­նու­թիւ­նը, բա­րու­թիւ­նը ա­մե­նա­բարձր նպա­տակ­ներ են։

Պէտք է խոս­տո­վա­նիլ, թէ վճռա­կան պա­տաս­խան մը տալ այն­քա՜ն ալ դիւ­րին չէ այս հար­ցին։ Ուս­տի ե­թէ նպա­տա­կը աս­տուա­ծա­հա­ճոյ է, ի­րա­պէս բա­րի է, ու­րեմն այդ նպա­տա­կին կա­րե­լի՞ է հաս­նիլ ա­մէն մի­ջոց­նե­րով։ Եր­բեմն «նպա­տակ»ը եւ «մի­ջոց»ը ի­րա­րու տեղ կը գրա­ւեն։ Կա­րե­ւոր է, անհ­րա­ժե՛շտ է նպա­տա­կը եւ մի­ջո­ցը ի­րար չշփո­թել, եւ եր­բեք մի­ջո­ցը նպա­տա­կի ար­ժէ­քին չբարձ­րացուի։ Նպա­տա­կը պէ՛տք է ար­դար եւ հիմ­նա­կան ըլ­լայ եւ ար­դար ու ի­րաւ մի­ջոց­նե­րով, բա­րի ու ճշմա­րիտ ճամ­բա­նե­րով հաս­նե­լու է ա­նոր։

Այն կեղծ սկզբուն­քը՝ թէ նպա­տա­կի մը հաս­նե­լու հա­մար ա­մէն մի­ջոց ար­դա­րա­ցի է, լուրջ հիմք չու­նի, քա­նի որ ա­նի­րաւ մի­ջոց­նե­րով ձեռք ձգուած ար­դիւնք մը հաս­տատ հիմք չ՚ու­նե­նար եւ ի վեր­ջոյ կ՚ոչն­չա­նայ…։

Իսկ սու­տը երբ աս­տի­ճա­նա­ւո­րուի եւ «սպի­տակ սուտ»ի խա­բէու­թեամբ ար­դա­րաց­նե­լու ջանք թա­փուի՝ այդ սու­տը կը դառ­նայ եւ ի վեր­ջոյ կը հա­րուա­ծէ ու կը զգետ­նէ նոյ­նինքն՝ «սպի­տակ սուտ»ե­րու խա­բէու­թեամբ մար­դիկ մո­լո­րեց­նո­ղը եւ միտ­քեր շփո­թո­ղը։ Ուս­տի ո՛ւր որ չկայ ճշմար­տու­թիւն, հոն գո­յու­թիւն ու­նի ստու­թիւ­նը, ինչ­պէս կ՚ը­սէ Ա­ւե­տա­րա­նի­չը. «… Անի­կա սկիզ­բէն մար­դաս­պան էր եւ ճշմար­տու­թեան կողմ­նա­կից չէ ե­ղած բնաւ, քա­նի որ ա­նոր մէջ ճշմար­տու­թիւն չկա՛յ» (ՅՈՎՀ. Ը 44)։

­Սուտ խօս­քե­րէ կ՚ել­լէ ա­մէն տե­սակ կռիւ, ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւն, ան­միա­բա­նու­թիւն, եւ ա­մէն թշնա­մու­թիւն։ Եւ քա­նի որ խո­րա­ման­կու­թիւնն ալ հաս­տա­տուած եւ հիմ­նուած է կեղ­ծի­քի եւ սու­տի վրայ, ու­րեմն խո­րա­ման­կու­թիւնն ալ եր­բեք օ­գուտ չ՚ըն­ծա­յեր մար­դուս, այլ՝ վնա՛ս միայն։

Եւ երբ մար­դուս խօս­քե­րը խոր­հուրդ­նե­րուն եւ կա­տա­րած գոր­ծե­րը խօս­քե­րուն չեն հա­մա­պա­տաս­խա­ներ, մարդ կը դառ­նայ ստա­խօս, քա­նի որ կը խոր­հի եւ խոր­հա­ծը չի խօ­սիր, կը խօ­սի բայց ը­սա­ծը չի կա­տա­րեր, այ­սինքն սուտ կը խօ­սի։ «Խօսք»ը կա­րե­ւոր է մար­դուս նկա­րա­գի­րը ցոյց տա­լու տե­սա­կէ­տէն, քա­նի որ ան կը գտնուի խոր­հուր­դին եւ գոր­ծին ճիշդ մէջ­տե­ղը եւ պէտք է ցո­լաց­նէ միտ­քը եւ կա­տա­րուած գոր­ծը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օ­գոս­տոս 10, 2015, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Օգոստոս 28, 2015