ՏԷ՛Ր, ՓՐԿԷ ԶԻՍ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԷՍ ԵՍ ԿՐՆԱՄ ՓՐԿԵԼ ԻՆՔԶԻՆՔ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐԷՍ
Մենք՝ հայերս պնդագլուխ ու յամառ ժողովուրդ մըն ենք. կը խօսինք ճիշդին մասին, գիտենք, թէ ո՛րն է ճիշդը, սակայն չես գիտեր ինչպէս, դարձեալ սխալին կառչած կը մնանք ու այս ընթացքին համար մենք մեզ կը քննադատենք: Այդ յամառութիւններէն մէկն է վստահաբար այն դարաւոր յորդորը, որ եթէ մինչեւ այսօր էշին ըսէինք՝ անպայման որ տեղ մը հասկցած պիտի ըլլար... այդ մէկը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ միութիւնը. արժէք՝ որ մտաւորականները յոգնեցան ըսելէ, սակայն մեր ազգը երբեք ալ լսելէ չյոգնեցաւ եւ անգամ մը նոյնիսկ չուզեց լսել եւ կեանքի վերածել այդ մէկը: Այսօր մամուլի պատմութեան մէջ կարելի է գտնել բազմահազար յօդուածներ ու գրութիւններ միութեան կարեւորութեան մասին. ո՞վ է այն հայը, որ նուազագոյնը անգամ մը լսած չըլլայ Չարենցի յայտնի «Ով հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է». Չարենց իր այս տողերը գրած է մեր թուականէն 91 տարիներ առաջ՝ 1933 թուականին, սակայն այդ թուականէն տասնամեակներ առաջ նոյնիսկ գոյութիւն ունէր այդ հասկացողութիւնը:
Դարեր առաջ իսկ յայտնի էր, որ հայ ժողովուրդը փրկութեան համար կարիքը ունի մի՛ միայն միասնութեան եւ տարօրինակը հո՛ն է, որ այս համոզումը ո՛չ միայն հայ մտաւորականներու, այլ նաեւ օտար մտաւորականներ կը շեշտէին. նկատի ունենալով, որ հայը հայուն ըսածին այնքան ալ կարեւորութիւն չի տար, ահաւասիկ կու գանք օտար մը ներկայացնելու՝ որ մեր թուականէն 119 տարիներ առաջ՝ 1905 թուականին կը խօսէր հայութեան միութեան անհրաժեշտութեան մասին։ 1905 թուականին հրատարակուող «Armenia» ամսագիրին մէջ անգլիացի մը կը խօսի հայ ժողովուրդին մասին եւ այդտեղ կ՚արձանագրէ շատ կարեւոր տողեր, որոնք մինչեւ օրս կը շարունակեն այժմէական մնալ հայ ժողովուրդին համար։ Անգլիացի գրողը կ՚ըսէ.
«Հայերու դիրքը ապահով պիտի դառնայ միայն այն ատեն, երբ անոնք հասկնան, թէ որեւէ շնորհ ակնկալելու չեն քրիստոնեայ կոչեցեալ պետութիւններէն, այլ պարտին միանալ իրարու հետ, որպէսզի կարենան խիզախ ու ամրակուռ ճակատ մը յարդարել հասարակաց թշնամիին դէմ: Հայերը պարտին անպայմանօրէն միանալ, հակառակ պարագային, անոնց պիտի զլացուի ազգ մը կազմելու պատեհութիւնը»: Տասնամեակներ շարունակ մեր ազգին հասկցնել փորձած այդ գաղափարը հասկցած էր օտարը՝ իսկ հայը ոչ: Սակայն այնպէս մը չէ՛, որ հայը այդ մէկը հասկցած չէ. հայը ինք շա՛տ լաւ գիտէ, որ իր փրկութեան գաղտնիքը իր միութեան մէջ է, սակայն չես գիտեր ինչու, կը զլանայ այդ միութիւնը հիմնել. մեր ազգը կը փորձէ այդ միութիւնը քիչ քիչ հիմնել. այո՛, մենք եւս գիտենք, որ այդ միութիւնը մէկ օրէն միւսը կարելի չէ հաստատել, սակայն այս մէկը կարծես հայերը հասկցած են, թէ կրնան այդ միութիւնը 5-6 դար ետք հիմնել. այդ միութիւնը հաստատելու համար նախ պէտք է համոզուիլ, ետքը հիմնել դէպի միութեան տանող ուղին. մենք որպէս նպատակակէտ ունինք տեսնել ազատ, անկախ ու զօրացեալ Հայաստան մը, սակայն չե՛նք կրնար հասնիլ այդտեղ՝ եթէ աւելի առաջնահերթ հեռանկարներ ու նպատակներ չճշդենք։ Ճարտարապետի նպատակը շէնք կառուցելն է, սակայն հիմքը եթէ ծուռ է՝ ամբողջ շէնքի վիճակը վտանգուած կը մնայ. այդ իսկ պատճառով մենք շէնքէն առաջ պէտք է մտածենք հիմքը, որ մեր պարագային մեր ներքին համերաշխ ու միասնական վիճակն է:
Անգլիացի գրողը կը շարունակէ ըսելով. «Հայեր, դուք ապրելու չէք ձեր անցեալի փառահեղ պատմութեան մէջ, այլ պարտիք ձեր արարքները պատշաճեցնել ներկայի պահանջներուն: Ձգեցէ՛ք, ձեր բոլոր փանաքի նախանձոտութիւններն ու ճղճիմ ատելութիւնները, եւ նկրտեցէ՛ք տիրանալ վսեմ հայրենասիրութեան մը». օտար մը, անգլիացի մը հայերու մէջ կը գտնէ իրարու հանդէպ նախանձ մը. աննպատակ, ճղճիմ կռիւներ։ Օտարն ու աշխարհը այսպէ՞ս պիտի ճանչնար հայուն՝ որ հպարտ իր անցեալի պատմութեամբ կը ձախողի նոր պատմութիւն կերտել. այսօր նման ենք անոնց՝ որոնց նախնիները մեծ ժառանգ մը ձգած են, սակայն զաւակները անհաշիւ մսխած են եւ այսօր յայտնուած՝ աղքատութեան մէջ. այսօր մենք նման ենք այն անտունին, որ յաճախ կը յիշէ ու կը պատմէ իր անցեալի պալատներուն մասին, որոնք այսօր լոկ երազ են:
Ո՞ւր է այսօր միութիւնը. անոր բացակայութիւնն է մեր մեծագոյն թշնամին։ Հիները կ՚ըսէին հետաքրքրական խօսք մը. «Տէ՛ր, փրկէ զիս բարեկամներէս, ես կրնամ փրկել ինքզինք թշնամիներէս»։ Մարդու ներքին թշնամին արտաքին թշնամիէն շա՜տ աւելի վտանգաւոր է. այդ վտանգաւորն է, որ մենք ունինք մեր մէջ: Տակաւին քանի՞ յօդուած պիտի գրուի միութեան կարեւորութեան մասին. մեր ժողովուրդը ե՞րբ պիտի հասկնայ, որ անոնք կը պայքարին մէ՛կ նպատակի համար, որն է հայրենիքի պայծառութիւնը. անոնց պայքարը իրարու հե՛տ է եւ ո՛չ իրարու դէմ եւ անոնք միութեամբ պիտի յաջողին աւելի զօրանալ. այսօր աշխարհի մէջ շատ մը գործեր կը յաջողի, երբ միասնաբար կատարուի. նոյնն է պարագան ազգին եւ երանելի են այն ազգերը, որոնք ո՛չ թէ իրարու դէմ, այլ իրարու հետ ըլլալով կը յաջողին յառաջանալ:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Կորսուած վստահութիւնը կարելի՞ է վերականգնել:
Պատասխան. Կորսուած վստահութիւնը կարելի է վերականգնել, սակայն այդ մէկը ժամանակ, ջանք եւ անկեղծ զղջում կը պահանջէ: Վստահութեան վերականգնումը կը պահանջէ առողջ հաղորդակցութիւն, ուր երկու կողմերն ալ կ՚ընդունին իրենց սխալները եւ կ՚աշխատին ուղղել այդ բոլորը: Վստահութիւնը խախտած անձը ժամանակի ընթացքին պէտք է ցուցաբերէ յուսալիութիւն եւ թափանցիկութիւն եւ վիրաւորուած կողմը պէտք է ըլլայ ներումի եւ հաշտութեան կողմնակից: Վստահութիւնը կարելի է վերականգնել, եթէ երկու կողմերն ալ ըլլան յարաբերութիւնները վերականգնելու գաղափարակից:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան