ՀՐԱՇՔԻՆ ԲԱՆԱԼԻՆ ՀԱՒԱ՛ՏՔՆ Է

Կը պատմուի, թէ գիւղ մը մէջ երկար ժամանակ անձրեւ չէր տեղար եւ երաշտ կը տիրէր։ Ուստի գիւղացիներ կը դիմեն գիւղի քահանային, որպէսզի գիւղի ամբողջ բնակչութիւնը հաւաքէ եկեղեցի եւ կատարուի հաւաքական աղօթք։ Երեկոյեան ժամու մը գիւղի ամբողջ բնակիչներ՝ ընտանիքներ իրենց զաւակներով կը հաւաքուին։

Եւ կը սկսին աղօթել քահանային առաջնորդութեամբ։

Երբ աղօթքը կը շարունակուէր, յանկարծ լսուեցաւ սաստիկ ճայթում մրրկալից ամպերէն, որոտում՝ որուն յաջորդեց տեղատարափ՝ յորդ տեղացող անձրեւ։

Ժողովուրդը մեծ ուրախութեամբ փորձեց եկեղեցիէն դուրս գալ եւ մեկնիլ դէպի իրենց տուները։

Բայց անկարելի էր անձրեւին պատճառով, քանի որ անպատրաստ էին՝ ո՛չ հագուստ եւ ոչ ալ անձրեւանոց, հովանոց։ Մինչ փոքրիկ աղջիկ մը՝ բացած իր հովանոցը եւ հագած իր հագուստը դուրս եկաւ։

Ամբողջ ժողովուրդը զարմացած եւ հիացած դիտեցին այս հրաշալի տեսարանը եւ փոքրիկ աղջիկը։

Յետոյ լսուեցաւ քահանային ձայնը, որ կ՚ըսէր. «Ահաւասիկ, ճշմարիտ հաւատացեալը՝ որուն աղօթքին պատճառով կատարուեցաւ այս հրաշքը»։

Արդարեւ, եթէ կատարեալ եւ ճշմարիտ հաւատք չկայ՝ հրաշք ալ չի պատահիր, քանի որ հրաշքին բանալին հաւա՛տքն է։

Բայց եւ դժբախտաբար, մենք, յաճախ առօրեայ կեանքի մէջ՝ աշխարհային զբաղումներու, հոգերու եւ մտահոգութիւններու տարուելով կը մոռնանք, կ՚անտեսենք երկնային արժէքները։ Ասիկա, կը ներկայացնէ մարդ-Աստուած յարաբերութիւնը։

Արդարեւ, պէտք է մարդ գիտնայ, որ Երկնային Հայրը՝ Աստուած միշտ Իր արարածներուն հետ է, եւ երբեք չի՛ թողուր զանոնք։ Ուստի, Աստուծոյ համար անկարելի բան երբեք չկա՛յ։

Հին ժամանակներու իմաստասէրի մը աշակերտը իր ափին մէջ թիթեռնիկ մը սեղմած, կը մօտենայ իր ուսուցչին եւ կը հարցնէ. «Ափիս մէջ սեղմած թիթեռնիկը կ՚ապրի՞ թէ անկենդան է, կրնա՞ք գիտնալ ատիկա»։ Իմաստուն ուսուցիչը կը պատասխանէ. «Հարցումին պատասխանը քու ձեռքիդ մէջն է»։ (Պէտք է նշեմ, որ այս պատմուածքը քաղեցի իմ սիրելի հոգեւոր եղբայր Տ. Գէորգ Քահանայ Ապեանի հոգեշունչ մէկ քարոզէն)։

Ուստի, սիրելի՜ներ, մենք մեր ճակատագիրը կը սեղմենք մեր ձեռքին մէջ. ապրիլ եւ ապրեցնել, կենդանի կամ անկենդան պահել մեզի յանձնուածները, հոգեւոր արժէքները մեր կամքէն կախում ունի. երբեմն երբ շատ կը սեղմենք, կը կորսնցնենք զանոնք։ Ուստի չափաւորութիւնը անհրաժե՛շտ է մեր կեանքին բարեբեր ըլլալուն համար։

Արդարեւ, հրաշքը հաւատքի մէջ է, եւ ո՛չ թէ հաւատքը հրաշքին մէջ։ Ինչպէս ըսուեցաւ, եթէ հաւատք գոյութիւն չունենայ՝ հրաշք ալ չի պատահիր։ Այս ուղղութեամբ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Արդ՝ հաւատքը յուսացուած բաներուն հաստատութիւնն է եւ չերեւցած բաներուն ապացոյցը». (ԵԲՐ. ԺԱ 1)։

Արդարեւ, ճշմարտութեան նշաններ են հրաշքները, որոնք բնական են Աստուծոյ համար, քանի որ «Գիտցի՛ր որ Աստուծոյ համար անկարելի բան չկա՛յ». (ՂՈՒԿ. Ա 37)։ Եւ մա՛րդն է, որ իր անկատարութեան եւ անկարողութեան մէջ «հրաշք» կ՚անուանէ Աստուծոյ կարգ մը արարքները։ Այս իմաստով, Կէօթէ կ՚ըսէ, թէ՝ հրաշքները բնութեան բնական երեւոյթներուն մէջ յայտնուած բացառութիւններ են։

Հաւատալու շարժառիթը այն չէ, որ յայտնեալ ճշմարտութիւնները մեր բնական բանականութեան լոյսին տակ մեզի ճշմարիտ եւ իմանալի կ՚երեւին։ Մենք կը հաւատանք յայտնութիւն կատարող Աստուծոյ հեղինակութեան պատճառով, որ չի կրնար ո՛չ մոլորիլ եւ ոչ ալ մեզ մոլորեցնել, չի կրնար ո՛չ սխալիլ եւ ոչ ալ մեզ սխալեցնել։ Սակայն որպէսզի մեր հաւատքին մատուցած մեծարանքը մեր խելքին եւ բանականութեան համապատասխան ըլլայ, Աստուած ուզեց, որ Սուրբ Հոգիին պարգեւած ներքին օգնութիւններուն զուգակցին Իր Յայտնութեան արտաքին փաստերը։ Այսպէս ուրեմն, Քրիստոսի եւ սուրբերուն հրաշքները ամէնուն իմացականութեան յարմարող ստո՛յգ նշաններ են Յայտնութեան եւ պատճառներ՝ անոր հաւատալիութեան։ Ուստի, հաւատքին հաւանութիւնը ամենեւին մտքի կոյր մղում մը չէ՛…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 4, 2024, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2024