ԻՆՉՈ՞Ւ ՍՊԱՆՆԵՑԻՆ ՆԱՀԷՏ ՀԱԹԹԱՐԸ
Կիրակի, 25 Սեպտեմբերի առաւօտուն, երեք կապարներ վերջ կու տային Յորդանանցի մտաւորական Նահէտ Հաթթարի կեանքին:
50-ամեայ ծայրայեղական մը Հաթթարը կը սպաննէր մայրաքաղաք Ամմանի Արդարադատութեան պալատի շէնքի դրան շեմին:
Հաթթար, որ նոր դուրս եկած էր բանտէն, կ՚իյնար որպէս ազատութեան եւ ազատ խօսքի ռահվիրայ մը:
Նոյն օրը երեկոյեան անոր ծննդավայր «Ալ Ֆհէս» շրջանին մէջ տեղի կ՚ունենար ոգեկոչման միջոցառում մը, որու ընթացքին խօսք առնողները շեշտը կը դնէին վրէժխնդրութենէն խուսափելու վրայ: Քրիստոնեայ Հաթթարի մահը կրնար ներքին խռովութիւններու վտանգաւոր ալիքի մը սկիզբը դնել երկրի մը մէջ, որուն գլխաւոր սահմանային երկիրը՝ Սուրիան մտած էր արիւանհեղութեան ծանր եւ անվերջ թուացող փակուղի մը:
Այս բոլորէն անդին Հաթթարի սպանութիւնը կը կատարուէր նիւթական հատուցման դիմաց մտաւորական եւ լրագրող Հաթթարին բանտէն դուրս գալէն օրեր անց: Հաթթար, որ լիբանանեան ամենէն տարածուած «Ալ Ախպար» օրաթերթի մշտական աշխատակիցն էր, ֆէյսպուքեան իր էջին տեղադրած էր իսլամութեան «աստուածային էութիւնը» ծաղրի ենթարկող ծաղրան-կար մը, ու անոր համար էր նաեւ, որ ան ենթարկուած էր բանտարկութեան: Կիրակի օր ան կ՚ուղղուէր երկրի Արդարադատութեան պալատ, ուր վկայութիւն պիտի տար կապուած՝ իսլամութիւնը վարկաբեկող գծանկարի հրապարակման խնդրին:
Սպաննեալի գործակիցներէն մին Խալիլ Հարպի կարծիքով՝ Հաթթարի դէմ արձակուած կապարները ուղղուած էին ոչ միայն անոր, այլ նաեւ երկրի թագաւոր Ապտալլա Բ.-ի դէմ: Անոր կարծիքով՝ Հաթթարի դէմ կատարուած արարքը նոյնպէս ուղղուած էր Արեւմուտքի ու մասնաւորապէս ԱՄՆ-ի միջին-արեւելեան քաղաքականութեան դէմ եղող մտաւորականութեան: Այստեղ պէտք չէ մոռնալ, որ նախքան Սուրիոյ դէպքերը, Հաթթար տարբեր առիթներով ու բացայայտ կերպով յայտարարած էր, թէ կտրականապէս կը մերժէ Արեւմուտքի քաղաքականութիւնը ու աւելի փորձութիւն կը համարէ «Արաբական գարուն» կոչուածը: Սպանութեան հետ կապուած կայ նաեւ Յորդանանի ներքին քաղաքական կեանքին տարբեր շեշտադրումները: Այն իմաստով, որ մինչ Հաթթար իր բացայայտ ժխտական կեցուածքներով Արեւմուտքի որդեգրած քաղաքականութիւններուն դէմ էր, ան նոյնպէս բացայայտ ժխտական դիրքորոշում ունէր Ռիատի ու յատկապէս սալաֆիստ իսլամներու արարքներուն եւ անոնց որդեգրած գործելաոճին դէմ:
Տակաւին մեր մտքերուն մէջ թարմ է, երբ ան առանց բառերը ծամծմելու կը քննադատէր Ամմանի կառավարութիւնը՝ շրջանին մէջ եղած ահաբեկչական արարքին դէմը չկարենալ առնելուն վերաբերեալ: Յիշեցման կարգով նշեմ, որ այս տարուան Յունիսին արմատական զինեալ յարձակում մը գործած էին «Ալ Պաքհա» շրջանին մէջ գտնուող երկրի գաղտնի սպասարկութեան կեդրոնի մը դէմ եւ սպաննած՝ հոն գտնուող ապահովական պատասխանատուներէն հինգը:
Այս բոլորէն բացի կար նաեւ Հաթթարի անվտանգութիւնը ապահովելու խըն-դիրը: Երբ քրիստոնեայ գործիչը բանտէն դուրս կու գար, անոր պարագաներն ու ընկերները կառավարութենէն կը պահանջէին ամէն գնով ապահովել անոր անվտանգութիւնը, սակայն կառավարական պաշտօնատար անձինք կը մերժէին առաջարկը յայտնելով, որ իրենք ի զօրու չեն նման բան կատարելու:
Հաթթարի սպանութեան մասին գրող վերլուծաբաններ անոր դէմ կատարուածը կը համեմատէին ու կը նմանցնէին Յորդանանի նախկին վարչապետներէն՝ Ուասֆի Ալ Թալլի դէմ պատահածին հետ: 1971 թուականին Ուասֆի Ալ Թալլի, որ Գահիրէ մեկնած էր մասնակցութիւն բերելու արաբ պաշտպանութեան նախարարներու խորհրդաժողովին, կը սպաննուէր Գահիրէ հասնելէն միայն 48 ժամ ետք: Անոր սպանութիւնը կը ստանձնէր «Սեւ Սեպտեմբեր» անունը կրող կազմակերպութիւն մը, որ այդ արարքը կը կատարէր «լուծելու համար պաղեստինցիներու վրէժը եւ վերականգնելու համար պաղեստինցի զինեալներու վարկ»ը: Ի դէպ, այս յայտարարութիւնները կը կատարէր ահաբեկչական գործողութեան մասնակից եղող պաղեստինցի զինեալներէն մին՝ Ժաուատ Ապու Ազիզա: Հասկնալու համար այդ սպանութեան շարժառիթները, պէտք է յիշել Ամմանի մէջ պատահած դէպքերը 1970 թուականի Սեպտեմբերին, երբ Հիւսէյին թագաւորի անմիջական հրամանով յորդանանեան բանակը բախումներ կ՚ունենար երկրին մէջ անօրէն արարքներ եւ ինքնիշխան քայլեր առնել փորձող պաղեստինեան ջոկատներուն հետ, որուն գլխաւորագոյնը Եասէր Արաֆաթի (ապագային Պաղեստինի առաջին նախագահ) գլխաւորած ջոկատներուն հետ: Այդ բախումները կ՚աւարտէին պաղեստինեան կողմին երեւելի պարտութեամբ (մինչ յորդանանցի 1300 բանակայիններ կը սպաննուէին, անդին պաղեստինցի զոհերուն թիւը կարգ մը աղբիւրներու համաձայն կը հասնէր 20 հազարի) եւ այդ փուլի աւարտին աւելի քան 7 հազար պաղեստինցի զինեալներ կը յայնձ-նըւէին Յորդանանի կառավարութեան: Այս նմանեցումը կը կատարուէր, որովհետեւ Հաթթար տարբեր առիթներով յայտարարած էր իր հաւատարմութիւնը եւ հիացմունքը Ալ Թալլի հանդէպ՝ ըսելով, որ իր կարծիքով ահաբեկուած վարչապետը երկրի ազգայնականութեան գլխաւոր դրօշակիրն ու առաջնորդն է:
Շաբաթ մը առաջ սպաննուած Հաթթար խորքին մէջ մոլեռանդ քրիստոնեայ մը չէր, յար եւ նման այն քրիստոնեայ մտաւորականներուն, որոնց համար հիմնականը կրօնքը չէր, այլ կրողը այն գաղափարներուն, որոնք կան քրիստոնէական ուսմունքին մէջ: Այսինքն հաւատալ մարդու, խօսքի, ըմբռնումի ազատութեան եւ իրաւունքներու հաւասարութեան:
Հաթթար նաեւ կը պատկանէր այն հարիւրաւոր մտաւորականներու փաղանգին, որ հակառակ քրիստոնեայ ըլլալուն, յաջողեցան Միջին Արեւելքի արաբական տասնեակ երկիրներու մէջ հիմը դնել գաղափարախօսական դպրոցներու եւ եղան առաջնորդները այդ երկիրները ղեկավարող իշխող կուսակցութիւններուն:
Յորդանանցի մտաւորականին գլխաւոր կոչը այլին, դիմացինին, օտարին կարծիքները յարգելն էր ու յենլով խօսքի ազատութեան վրայ փորձել դրական տեղաշարժ յառաջացնել, ցայսօր ալ փակ համարուած հասարակութիւններուն մէջ:
Հաթթարը սպաննողը յայտարարած էր. «Ես զինք սպաննեցի, իսլամութեան դէմ ըրած վերջին հրապարակումին համար», բայց եւ այնպէս անոր սպանութեան հիմնական պատճառը միայն այդ հրապարակումը չէր:
Կային նաեւ այլ պատճառներ, որոնց հանրագումարին երեւումով պարզ կը դառնար, որ այս գործիչին սպանութիւնը տարբեր առումներով ալ «պահանջուած» ու «պիտանի» սպանութիւն էր:
Երբ շահերու, հաշիւներու, խարդավանքներու հորիզոնական գիծերը կը հասնին հանդիպման «կարմիր կէտ»ի մը, այն ատեն հեշտ կ՚ըլլայ յանուն հասարակութեան անվտանգութեան պահպանման նման անասելի ոճիրներ գործի դնել:
Քննարկելով սպանութեան դէպքը, պէտք է անպայաման հարց տալ, թէ ինչո՞ւ եւ ի՞նչ պատճառներով սպաննուեցաւ Նահէտ Հաթթար:
Քիչ չեն այն վերլուծաբանները, որոնց կարծիքով՝ Հաթթար սպաննուած է ոչ միայն իսլամութեան դէմ եղող իր հրապարակած պատկերին համար, այլ այն պատճառով, որ ան երկրի իշխանութիւններէն տարբեր մօտեցում ունէր կապուած ՝ յատկապէս վերջին շրջանին մէջ տիրող իրադարձութիւններուն վերաբրեալ:
Ան աչքի կը զարնէր մանաւանդ Սուրիոյ տագնապին առընթեր իր որդեգրած կեցուաքներուն համար, որու ընթացքին ցայտուն կերպով կը քննադատէր «Արաբական գարնան» մեծ կեղծիք մը ըլլալը եւ կը պաշտպանէր Սուրիոյ իշխանութիւններն ու Նախագահ Պեշար Էսատը:
Նոյն առումով տեղի ունեցածը անախորժ շեշտ մը կը պարունակէր կապուած՝ երկրի Ապտալլա թագաւորին հետ, մանաւանդ որ սպանութիւնը կը կատարուէր օր ցերեկով ու վայրի մը մէջ, ուր ապահովական եւ գաղտնի սպասարկութեան մարմիններ ունէին իրենց գրասենեակները:
Եղածը նաեւ կը մատնէր նոր իրականութեան մը մասին, որուն գաղտնազերծումը կրնար բաւական մտահոգիչ հարցումներու տուն տալ:
Ինչո՞ւ Նահէտ Հաթթարը եւ ի՞նչու այս հանգրուանին:
Զէնք չունեցող, ապահովական բջիջներու չտիրապետող ու մանաւանդ ատելութեան վրայ հիմնուած խօսքի մը առաջնորդը չեղող անոր ընդհանուր գաղափարախօսութիւնը դարձած էր փուշ, այն փակ հասարակութեան համար, որ այսօր կը պայքարի ամէն գնով իր դիմագիծը ցոյց տալ երկրին մէջ: Նկատառելի է նաեւ, որ Յորդանանի առաջնորդը կը փորձէ ամէն գնով հեռու պահել իսլամիստ բջիջներու ալիքը իր երկրէն:
Ուրեմն բացի անկէ, որ իսլամիստ զինեալին փամփուշտները կը զգետնէին Հաթթարը, անոնք նոյնպէս «բաց պատգամ» մը կ՚ուղղարկէին Ապտալլա Բ.-ին՝ ըսելու համար մէկ բան: Ըսելու համար որ՝ «մենք դարձած ենք անկառավարելի ու մեզի համար անհասանելի թիրախներ ընդհանրապէս չկան»:
Ու նաեւ յայտնելու որ՝ «Տեսէք մենք ամենէն թոյլ օղակը ընտրեցինք ու պատրաստ են վաղը շատ աւելի ծանր հարուած մը տալ, եթէ ...»:
Ուշագրաւ է նաեւ կեցուածքը Յորդանանի գաղտնի սպասարկութեան մարմիններու, որոնք մինչեւ այս պահը կը մերժեն մեկնաբանել եղածը եւ կը նախընտրեն լուռ ձեւով հետեւիլ յառաջիկայ զարգացումներուն:
Ամէն պարագայի եղածը կը համարուի մեծ ցնցում երկրի մը համար, որ անցնող հինգ տարիներուն անցաւ եւ կը շարունակէ անցնիլ տարբեր եւ տարաբնոյթ ցնցումներէ:
Ցնցումներ, որոնք ջուրի երես ելան ներքաղաքական անհամաձայնութեան մը պատկերով եւ որոնց դիմաց Ապտալլա թագաւոր փորձեց դիմակայել արագ փոփոխութիւններ ընելով եւ նոր նախարարներ կամ կառավարութիւն պաշտօնի կոչելով:
Բայց այս բոլորէն զատ զգալի է, որ այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ, Յորդանան սկսած է դառնալ Սալաֆիստ գաղափարախօսութեան մը հիմնական աւազաններէն մին:
Ու Նահէտ Հաթթարին սպանութիւնը թերեւս պէտք է հասկնալ, որպէս տեղւոյն հասարակութեան ներքին ու արտաքին դիմադրողականութիւնը կամ զարգացումներուն դիմաց անոր արձագանգելու ուժականութիւնը հասկնալու փորձ:
Հաթթար անցաւ պատմութեան: Անոր գաղափարները մնացին պատնէշի վրայ:
Այս բոլորը կան, սակայն աւելի վտանգաւորը սպասելի զարգացումներն են, որովհետեւ Յորդանանի ու մասնաւորապէս Ամմանի հասարակութեան այս մեծ ոճիրին դիմաց ցոյց տուած թոյլ արձագանգը ցուցանիշ է, թէ նոյն հասարակութեան մէջ արմատական սկսած է դառնալ միատարր հասարակութեամբ մը ապրելու բաւական մտահոգիչ «պատգամ»ը:
Ի վերջոյ Նահէտ Հաթթար Սուրիոյ, Լիբանանի, Իրաքի քրիստոնեաներուն զոհը կամ նահատակը չէ:
Ան ազատ խօսքի, արդարութեան եւ մանաւանդ խղճի ազատութեան զինուորն է:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 12/02/2024