ՕՐՀԱՍԱԿԱՆ ՀԱՆԳԱՄԱՆՔՆԵՐ
«Դուք ձեր պապերէն ժառանգած էք քաջութիւն։ Հաստատուն մնանք հաւատի մէջ, անկոտրում՝ նեղութիւններու ու դժուարութիւններու առջեւ։ Ամուր պահենք իրարու հանդէպ քրիստոսապատուէր սէրն ու հզօր միասնութիւնը, որոնց առջեւ կը նահանջեն փորձութիւնները եւ կ՚ամրապնդուի ու կը զօրանայ լաւատեսութեան ոգին»:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը քառօրեայ հայրապետական այցելութիւն մը կու տայ դէպի Սիւնիքի մարզ եւ Արցախ, իր հետն ունենալով նաեւ ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեանը: