Եկեղեցական

ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՊԱՀՊԱՆՈՒԹԻՒՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց. «Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն աղօթք կը բարձրացնենք առ Աստուած՝ խնդրելով Տիրոջ զօրակցութիւնն ու օգնութիւնը աշխարհին եւ մեր ժողովուրդին պատուհասած համաճարակի դիմագրաւման համար։ Արդարեւ, ուր որ կայ սէր, յոյս եւ հաւատք, այնտեղ չկայ երկիւղ ու կասկած, այնտեղ չկայ վախ եւ յուսալքութիւն, որովհետեւ մեր ապաւէնն է նոյնինքն Արարիչ Աստուած»:
«Դժուարին այս օրերուն մտահոգութեամբ ականատես կ՚ըլլանք, թէ խաթարուած է բնականոն կեանքը։ Փրկիչ մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս անսահման սիրով մեզի համար չարչարուեցաւ ու խաչուեցաւ, իր հրաշափառ յարութեամբ մարդկութեան պարգեւեց փրկութեան, յոյսի, հաւատի եւ սիրոյ շնորհները, որպէսզի մենք իրեն ապաւինած կարողանանք նեղութիւնները յաղթահարել»:

ՄՇՏԱՀՈՒՆՉ ԱՂՕԹՔ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մշտահունչ աղօթքներ կը բարձրացուին առ Աստուած քորոնաժահրէ վարակուածներուն համար։ Կը հաղորդուի, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ամէն օր կը կատարուին մասնաւոր բժշկական աղօթքներ։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԱՂՕԹՔԻ ՕՐ՝ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏՈՒԹԵԱՄԲ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի կողմէ օրեր առաջ մարտի 18-ը հռչակուած էր Համազգային աղօթքի օր՝ քորոնաժահրի համաճարակի յաղթահարման եւ հիւանդներու բժշկութեան համար։ Ուստի, երէկ երեկոյեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Սուրբ Գայիանէ վանքի երդիքին տակ, Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ հանգստեան ժամերգութիւն։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ «ՄԱՏԵԱՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ» ԱՂՕԹԱԳՐՔԻ ԱՇԽԱՐՀԱԲԱՐ «ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ» ԱՌԱՋԻՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Հոգւոյ բերկրութեամբ կ՚ողջունենք Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» աղօթագրքի արեւմտահայերէն թարգմանութեան նոր հրատարակութիւնը, որ իրականացուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ՝ ի նպաստ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի հոգեւոր եւ ազգային կեանքի նորոգութեան։

ԳՀԽ-Ի ԿՈՂՄԷ ԿԱՐԵՒՈՐ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անցեալ շաբթուան մէջ տեղի ունեցած ընդլայնուած կազմով քառօրեայ նստաշրջանի արձագանգները կը շարունակուին։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկսի բարձր նախագահութեամբ գումարուած ժողովներէն վերջ հրապարակուեցան՝ ազգային-եկեղեցական կեանքի տեսակէտէ կարեւոր տեղեկութիւններ։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԶԻՆԵԱԼ ՈՒԺԵՐՈՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՍՊԱՍԱՒՈՐՆԵՐԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց այն 62 հոգեւոր սպասաւորները, որոնք ծառայութիւն կը մատուցեն Հայկական զինեալ ուժերու շարքերէն ներս։ Զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդութեան ներքեւ սպասարկող հոգեւորականները Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մէկտեղուեցան եռամսեայ գործունէութիւնը ամփոփելու նպատակով։

ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ԱՄՐԱԿԱՅՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ

Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի հիմնանորոգութիւնը միջոցէ մը ի վեր առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ օրակարգը։ Այս մթնոլորտին մէջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը այս առաւօտ պաշտօնապէս համազգային հանգանակութիւն յայտարարեց՝ ի նպաստ Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան եւ բարեզարդութեան։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Աւստրալիոյ նորանշանակ դեսպան Կրաէմ Միհանը, որու նստավայրը կը գտնուի Մոսկուայի մէջ։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը բարեմաղթանքներ փոխանցեց նորանշանակ դեսպանի առաքելութեան ստանձնման առթիւ։

Էջեր