ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ-ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ ՄԱՏՈՅՑ ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նորընտիր կաթողիկոս-պատրիարք Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. երէկ Հռոմի մէջ մատոյց իր անդրանիկ Ս. Պատարագը, Լեւոնեան քահանայապետական հայկական վարժարանի համալիրի մատրան երդիքին տակ։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։