ԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆՈՒԹԵԱՆ ԴՐՕՇԱԿԻՐ
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի թեմի նախաձեռնութեամբ այս շրջանին կը կազմակերպուին առցանց դասախօսութիւններ։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Հայկազուն Արք. Նաճարեան հանդէս կու գայ դասախօսութիւններով։
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի թեմի նախաձեռնութեամբ այս շրջանին կը կազմակերպուին առցանց դասախօսութիւններ։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Հայկազուն Արք. Նաճարեան հանդէս կու գայ դասախօսութիւններով։
Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ, շաբաթավերջին ուխտագնացութիւն մը տեղի ունեցաւ դէպի Վան։ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի կողմէ գլխաւորուեցաւ այս տարուան ուխտագնացութիւնը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը 2021-2022 կրթական շրջանի վերամուտին եւ Հայաստանի՝ Գիտելիքի, գիրի եւ դպրութեան օրուայ առթիւ հրապարակած է հետեւեալ պատգամը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, երէկ երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ տեղի ունեցաւ միաբանական հաւաք մը։ Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ Ս. Պօղոս եւ Ս. Յակովբոս առաքեալներու նամակներէն մէջբերումներով շեշտեց հաւատքին ու հաւատարմութեան առանցքային կարեւորութիւնը մարդկային կեանքէն ներս ու զանոնք կեանքի կոչելու հրամայականը։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ ի Տէր հանգած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի երիտասարդ ու կորովի միաբաններէն Տ. Մաղաքիա Վրդ. Ամիրեանց։ Դժբախտաբար, ան զոհ գացած է քորոնաժահրի համաճարակին, որու ընթացքը այս շրջանին ահագնացած է Հայաստանի մէջ։
2021-2022 կրթական շրջանի վերամուտին առթիւ երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ մասնաւոր արարողութիւն մը։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի մէջ ամէն տարի 1 սեպտեմբերը վերամուտ է, ուստի, վերամուտի ընդառաջ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ կրթութեան մշակներու օրհնութեան կարգ։
Մեզի համար հոգեւոր մեծ գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն է ողջունել Աստուծոյ փառքին ընծայուած տաճարի մը վերականգնումը, յետ իրականացած հիմնական վերանորոգչական աշխատանքներու։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Անցեալէն մինչեւ այսօր, հայոց մօտ դարձած է գեղեցիկ սովորութիւն մը, որով երբ հաւաքականութիւն մը կազմուի, անոնք առաջին հերթին կը հիմնեն իրենց եկեղեցին եւ ապա եկեղեցին որպէս կեդրոն ունենալով կը կազմակերպեն համայնքային կեանքը։
Երբեմնի հայաշատ Մալաթիոյ եւ կամ այլ անունով՝ Մելիտինէի մէջ տեսարանը տարբեր չէ եղած եւ քաղաքի մէջ նախնական ժամանակներուն բարձրացած են վանական համալիրներ եւ եկեղեցիներ։
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ սարկաւագի ձեռնադրութիւն։ Այսպէս, Ս. Ղեւոնդեանց Առաջնորդանիստ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնադրութիւնը՝ ձեռամբ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը արագ ապաքինում մաղթեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին, որ վերջերս վիրահատութեան մը ենթարկուած ըլլալով՝ ներկայիս բժշկական հսկողութեան տակ կը գտնուի։ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը երէկ երեկոյեան ժամերուն կապ հաստատած է Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ՝ հետաքրքրուելով անոր որպիսութիւնով։