ՅԻՇԵԼՈՎ «ԱԶԴԱՐԱՐ»Ի ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ
Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը հարուստ է մշակութային արժէքներով։ Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպի ու իրենց անմիջական աշակերտներու ներդրումով բացուեցաւ Հայ գրականութեան Ոսկեդարը։ Հայերէնով արտադրուած երկերու ընդմէջէն անմահացաւ այս կարեւոր շարժումը։