Եկեղեցական

ԼԱՅՆ ՈՒ ԴՐԱԿԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Տ.Տ. Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի միջեւ երէկ առաւօտ Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։ Այս տեսակցութեան ներկայ էր նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀՌՈՄ ԿԸ ԺԱՄԱՆԷ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այսօր կը ժամանէ Հռոմ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Վեհափառ Հայրապետը յառաջիկայ օրերուն մասնակցութիւն կը բերէ Ս. Էճիտիօ միջազգային համայնքի տարեկան աւանդական խաղաղութեան աղօթքին եւ անոր յարակից կազմակերպուած հաւաքին։

ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱԾԷՍ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Շաբաթավերջին Պարսելոնայի մէջ, Փետրալպեսի Ս. Մարիամ Աստուածածին կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ հայածէս Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ՝ ձեռամբ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի։ Ներկայ էր նաեւ Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեան։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Շուէտի նորանշանակ դեսպան Փաթրիք Սվենսոնը։ Ողջունելով դեսպանը՝ Վեհափառ Հայրապետը արդիւնաւոր առաքելութեան բարեմաղթանքներ յղեց անոր։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՏՆՕՐԷՆԻ ՊԱՇՏՕՆԻՆ ՄԷՋ ՀԵՐԹԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէնի պաշտօնին մէջ տեղի կ՚ունենայ հերթի փոփոխութիւն։ Այսպէս, Տ. Վահրամ Ա. Քհնյ. Մելիքեանին կը յաջորդէ Տ. Եսայի Քհնյ. Արթենեան։

ՋԵՐՄ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ այցելութիւն մը տուաւ Ասորի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Իգնատիոս Յովսէփ Գ. Յովնան Պատրիարքին։ Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորեց իր հոգեւոր եղբօր քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանը։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նորընտիր կաթողիկոս-պատրիարք Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ.ին ուղարկեց շնորհաւորական հետեւեալ պատգամը։

«ԿԸ ՄԱՂԹԵՆՔ, ՈՐ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՄԻՇՏ ԼՍԵԼԻ ԸԼԼԱՅ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԸԼԼԱԼՈՒ ՊԱՏԳԱՄԸ»

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Արցախի երկրորդ պատերազմի սկիզբի առաջին տարելիցին առթիւ հանդէս եկաւ պատգամով մը։ Մինչ այդ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս առաւօտ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ 44-օրեայ պատերազմի նահատակներու հոգւոցն ի հանգիստ։

Էջեր