ՀԱՂՈՐԴ՝ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐՈՒՆ
Ծաղկազարդի տօնին առթիւ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Սուրբ Տրդատի բաց խորանին առջեւ երէկ տեղի ունեցաւ անդաստանի հոգեպարար արարողութիւն:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց. «Ամենաբուժիչ Սուրբ Գեղարդով օրհնեցինք ձեզ, սիրելի հաւատաւոր զաւակներ, որպէսզի զօրանաք հաւատով, յոյսով ու սիրով, որպէսզի Տէրը քաջառողջութիւն շնորհէ եւ ապահով պահէ ու պահպանէ ձեզ բոլորդ եւ փորձութեան այս օրերը յաղթահարէք Աստուծոյ շնորհով, ողորմութեամբ եւ օգնականութեամբ»:
Ծաղկազարդի տօնին առթիւ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցած Անդաստանի արարողութեան աւարտին Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Սուրբ Տրդատի բաց խորանին առջեւ փոխանցեց իր պատգամը համայն հայութեան։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետի խօսքը՝ արեւմտահայերէնի վերածուած։
Այս շաբթուան իւրաքանչիւր օրը կը կրէ «Աւագ» անուանումը եւ ունի իր խորհուրդը: Աւագ շաբաթը կը սկսի Ծաղկազարդի կիրակիով՝ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքով:
ԿՈՐԻՒՆ Ա․ ՔԱՀԱՆԱՅ ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ
«Ստեղծուած իրավիճակին մէջ մենք բոլորս կոչուած ենք խստագոյնս հետեւելու պետական պատկան մարմիններու ցուցումներուն, առաւելագոյն սթափութիւն եւ զգօնութիւն դրսեւորելու, որպէսզի պատճառ չդառնանք վարակի տարածման, չվտանգենք մեր, մեր հարազատներու եւ հայրենակիցներու առողջութիւնը»:
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ առ Աստուած աղօթք բարձրացաւ Հայաստանի եւ համայն հայ ժողովուրդի համար:
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Արեւ-երեխաներ»ը։ Վեհարանի մէջ կազմակերպուած հանդիպման ընթացքին հիւրերուն ուղեկցեցաւ Երեւանի Զօրաւոր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Քհնյ. Գրիգորեան, որ միեւնոյն ժամանակ հիմնադիրն է «Արեւ-երեխաներ» հասարակական կազմակերպութեան։
Կիլիկեան Աթոռի երէց միաբանը յաւերժութեան ճամբուեցաւ աղօթքով, խունկով ու բիւր յարգանքով:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց. «Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն աղօթք կը բարձրացնենք առ Աստուած՝ խնդրելով Տիրոջ զօրակցութիւնն ու օգնութիւնը աշխարհին եւ մեր ժողովուրդին պատուհասած համաճարակի դիմագրաւման համար։ Արդարեւ, ուր որ կայ սէր, յոյս եւ հաւատք, այնտեղ չկայ երկիւղ ու կասկած, այնտեղ չկայ վախ եւ յուսալքութիւն, որովհետեւ մեր ապաւէնն է նոյնինքն Արարիչ Աստուած»: