Եկեղեցական

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՏՕՆԸ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

«Մի՛ վախնար Մարիամ,
որովհետեւ Աստուծմէ շնորհք գտար»
(Ղուկ. 1. 30)

Այս տարի եւս ուրախութեամբ կ՚առաջնորդուինք Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տաղաւարի խորհուրդին ընդմէջէն անգամ մը եւս մտածելու Տիրամօր մասին։

ԱՊՐԻՆՔ ՄԵՐ ՀԱՒԱՏՔԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմը ներկայիս կը նշէ իր հիմնադրութեան 90-ամեակը:
Վեհափառ Հայրապետը աշնան պիտի այցելէ Գալիֆորնիա:
Յոբելենական հանդիսութիւններէն վերջ Լոս Անճելըսի մէջ նախատեսուած է նաեւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը:

 

ՀԱՃԿԱՏԱՐԻ ՎԱՆՔԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Ռումանիոյ Սուչաւա քաղաքին մէջ, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարին առթիւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, 9-14 Օգոստոս 2017 թուականներուն տեղի կ՚ունենայ երիտասարդաց համագումար մը։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Պելժիոյ Մալին-Պրիւքսել աւագ թեմի եւ Պրիւքսելի շրջանի կաթոլիկ եպիսկոպոս Ժան Քոքրոլսը։ Այս վերջինը որպէս ուխտաւոր մեկնած է Հայաստան եւ այս ծիրին մէջ այցելած՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։

ԱՆՀԱՏՈՅՑ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐ ՀԱՅՑ. ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱՐ

​Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը ներկայիս օրակարգի վրայ ունի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիին անհատոյց հողատարածք մը նուիրաբերելու նիւթը։ Այսպէս, քննարկումներ կը ծաւալուին՝ որպէսզի Էջմիածնի մէջ նոր հողատարածք մը նուիրաբերուի եկեղեցւոյ։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, համապատասխան որոշման նախագիծը արդէն վերջերս քննարկուած է կառավարութեան ժողովին ընթացքին։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԲԱՐՁՐ ԳՆԱՀԱՏԵՑ «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱԿՆԱԲՈՒԺԱԿԱՆ ՆԱԽԱԳԻԾ»Ը ԵՒ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ 25-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Հայկական ակնաբուժական նախագիծ» բարեգործական հիմնադրամի ղեկավարները, մասնագէտներն ու բարերարները։ Բարեգործական այս հիմնադրամի Հայաստանի գրասենեակի պատասխանատու Նունէ Եղիազարեան Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց նախագծի սկզբնաւորման պատմութիւնը եւ անցեալ 25 տարիներու գործունէութիւնը։

ՅՈՐԴՈՐ ՆՈՐԱՕԾ ՔԱՀԱՆԱՅԻՆ

​Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ իր օրհնութիւնը տուաւ նորաօծ Տ. Վահրիճ Քհնյ. Պաղտասարեանին։ Այս վերջինը Վարդավառի տօնի օրը Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի կողմէ քահանայ ձեռնադրուած էր Ապարանի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։

ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԺՈՂՈՎԸ ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԼԻԱԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՍՏԱՏԵՑ

Եկեղեցական Համագումար Ժողովը, 26 Յուլիս 2017, Չորեքշաբթի, ժամը 10.00-ին Պատրիարքարանի Դահլիճին մէջ գումարուեցաւ նախագահութեամբ՝ Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պեքճեանի։ Ժողովի ատենապետն էր՝ Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, իսկ ատենադպիրը՝ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։

Էջեր