ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՊԱՐԳԵՒ
Վեհափառ Հայրապետին յանձնուեցաւ «Բեթղեհէմեան ոսկէ աստղ» շքանշանը:
Նորին Սրբութիւնը Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Ռուսաց լեզուի ակադեմիոյ նախագահը:
Վեհափառ Հայրապետին յանձնուեցաւ «Բեթղեհէմեան ոսկէ աստղ» շքանշանը:
Նորին Սրբութիւնը Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Ռուսաց լեզուի ակադեմիոյ նախագահը:
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով հերթական նստաշրջանը աւարտին հասաւ Մոսկուայի մէջ:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ, ժողովականները յորդոր ուղղեցին, որպէսզի հոգեւորականաց դասուն եւ ազգայիններու գործակցութեան խաղաղ մթնոլորտով ջանքեր ներդրուին պետական կառոյցներու հետ բարւոք լուծումներ գտնելու համար ստեղծուած կացութեան:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ երէկ Մոսկուայի մէջ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի Թեմի Առաջնորդ Տ. Եզրաս Արք. Ներսիսեանի տանտիրութեամբ տեղի կ՚ունենայ այս նստաշրջանը, որու աշխատանքները պիտի եզրափակուին վաղը։
Կը տեղեկանանք, որ «Էլ Ճեզիրէ» արաբական հեռուստակայանը փաստավաւերագրական ժապաւէնի մը պատրաստութեան ձեռնարկած է՝ Լեռնային Ղաղաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Ծանօթ է, որ այս հեռուստակայանին կեդրոնը կը գտնուի Քաթարի մէջ եւ ամբողջ աշխարհով մէկ սփռումներ կը կատարէ՝ արաբերէն, թրքերէն եւ անգլերէն լեզուներով։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը անցեալ Կիրակի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը եւ Պերճ Սեդրակեան գոհունակութեամբ անդրադարձան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ ՀԲԸՄ-ի արդիւնաշատ համագործակցութեան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց ֆրանսահայ աշակերտներէ բաղկացեալ մեծ խումբ մը։ Մարսէյլի Համազգայինի վարժարանէն եւ Փարիզի Դպրոցասէր վարժարանէն շուրջ 45 աշակերտներ Ս. Զատկի տօնական շրջանին ստացան Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը։
Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն։
«Զի կեանս յաւիտենական ետ մեզ Աստուած, եւ այս են կեանքն, որ յՈրդին նորա են» (Ա Յով. Ե 11)։
ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Քրիստոսի Յարութիւնը մարդկութեան կեանքը յեղաշրջող ճշմարտութիւն է: Իր հրաշալի Յարութեան խորհուրդը ապրող անհատ քրիստոնեան կամ հաւաքականութիւնը իր մէջ կ՚ապրի նոր կեանքը, ստեղծագործելու ոգին, եւ ամենէն էականը՝ յաւիտենականութեան զգացողութիւնը:
Ռուսաց Քիրիլ Պատրիարքի միջնորդութեամբ, Վեհափառ Հայրապետը յառաջիկային դարձեալ պիտի տեսակցի Ատրպէյճանի շէյխիւլիսլամին հետ:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոս. «Հանդիպման ժամկէտը տակաւին յստակ չէ, թուականի եւ օրակարգի ձեւաւորման ուղղութեամբ կը տարուին աշխատանքներ»:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի երէց միաբաններէն Տ. Զարեհ Ծ. Վրդ. Պարոնեան երէկ առաւօտ ի Տէր հանգաւ Պուքրէշի մէջ։ 76 տարեկան հասակին վախճանեցաւ բազմավաստակ հոգեւորականը, որ 1941 թուականին ծնած էր Պուքրէշի մէջ ու երկար տարիներէ ի վեր ծառայութիւն կը մատուցանէր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռումանիոյ Թեմէն ներս։