ԶԵԿՈՅՑ Ի ՄԱՍԻՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան առթիւ կազմուած Ազգային պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ 11 դեկտեմբեր 2019, չորեքշաբթի, ժամը՝ 09.30-ին, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր տաճարին մէջ։ Ժողովին մասնակցեցան 102 աշխարհական ու 17 հոգեւորական պատգամաւորներ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս առաւօտ շնորհաւորական մը ուղարկած է ընտրեալ-պատրիարք Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին։
«Հայրենիքի եւ ընտանիքի գաղափարները Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակութիւններուն մէջ»:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Հնդկաստանի դեսպան Քիշան Տան Տեւալը։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկու ժողովուրդներու պատմական յարաբերութիւններուն։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը, որ ձօնուած էր անմոռանալի բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանի ծննդեան 100-ամեակին։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ այս յոբելենական ձեռնարկը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի սարկաւագաց երգչախումբը ներկայիս համերգային շրջագայութեան մը ձեռնարկած է՝ Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ։ Երգչախումբի վարիչն է Շահէ Քեշիշեան։
Բարձր հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի:
Հայց. Առաքելական Եկեղեցին նշեց հայոց առաջին լուսաւորիչներու յիշատակը:
Հայաստանեան թեմերու բազմազաւակ քահանաներու ընտանիքները այցելեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին: