Եկեղեցական

ԶԵԿՈՅՑ

Այ­սու կը յայտ­նենք, թէ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռոյ Պատ­կա­ռե­լի Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վը, 13 Մարտ 2017, Եր­կու­շաբ­թի, ժա­մը 15.00-ին, գու­մա­րած ՃԼԳրդ նիս­տի ըն­թաց­քին, ո­րո­շած է 15 Մարտ 2017, Չո­րեք­շաբ­թի, ժա­մը 15.00-ին, հա­ւա­քել Ե­կե­ղե­ցա­կան Ընդ­հա­նուր Հա­մա­գու­մար, Տե­ղա­պա­հի Ընտ­րու­թեան օ­րա­կար­գով։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը վեր­ջին օ­րե­րուն Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Հուն­գա­րիոյ «Փիե­թէր Բազ­ման» կա­թո­լիկ հա­մալ­սա­րա­նի վե­րա­տե­սուչ Փրոֆ. Սու­րո­մի Սա­պոլ­չի գլխա­ւո­րած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը։ Հիւ­րե­րուն ու­ղեկ­ցե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի «Խա­չա­տուր Ա­բո­վեան» պե­տա­կան ման­կա­վար­ժա­կան հա­մալ­սա­րա­նի վե­րա­տե­սուչ Փրոֆ. Ռու­բէն Միր­զա­խա­նեան։

ԱՅԺՄԷԱԿԱՆ ՆԻՒԹ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ ԳՀԽ­-ի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի վերջին իրադարձութիւններուն:

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը ներ­կա­յիս կը նշէ իր ծննդեան 70-ա­մեա­կը։ Այս առ­թիւ ե­րէկ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը այս յո­բե­լեա­նին առ­թիւ շնոր­հա­ւո­րա­կան մը յղեց Կի­լի­կեան Ա­թո­ռի գա­հա­կա­լին։

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ ընդհանուր համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ Կ.Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան առկայ հարցերուն շուրջ

Փետ­րուա­րի 23-24-ին, Մայր Ա­թոռ Ս. Էջ­միած­նի մէջ, նա­խա­գա­հու­թեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Ծայ­րա­գոյն Պատ­րիարք եւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սի, տե­ղի ու­նե­ցան հան­դի­պում­ներ, ո­րոնց կը մաս­նակ­ցէին Հա­յոց Հո­վուա­պե­տի հրա­ւէ­րով Մայր Ա­թոռ ժա­մա­նած Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թեան միա­բան ե­րեք ե­պիս­կո­պոս­նե­րը՝ Պատ­րիար­քա­կան ընդ­հա­նուր փո­խա­նորդ Գե­րաշ­նորհ Տ. Ա­րամ ար­քե­պիս­կո­պոս Ա­թէ­շեան, Գեր­մա­նիոյ հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ Գե­րաշ­նորհ Տ. Գա­րե­գին ար­քե­պիս­կո­պոս Պեք­ճեան եւ Պատ­րիար­քու­թեան Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վի ա­տե­նա­պետ Գե­րաշ­նորհ Տ. Սա­հակ ե­պիս­կո­պոս Մա­շա­լեան:

ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՏՕՆԸ՝ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին ե­րէկ մեծ շու­քով նշեց Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց Քա­հա­նա­յից տօ­նը։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ նա­խա­գա­հեց ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։ Սուրբ եւ ան­մահ պա­տա­րագ մա­տու­ցուե­ցաւ միած­նաէջ Մայր Տա­ճա­րին մէջ, ձե­ռամբ՝ Տ. Ե­ղի­շէ Քհնյ. Նա­զա­րեա­նի։

ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՏՕՆԸ

Ե­րէկ, Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին նշեց Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի տօ­նը։ Քա­ղա­քիս մէջ տե­ղի ու­նե­ցան ա­ւան­դա­կան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­ներ։ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ Տէ­րու­նի տօ­նին կա­պակ­ցու­թեամբ Մայր Տա­ճա­րի եր­դի­քին տակ մա­տու­ցուե­ցաւ Սուրբ Պա­տա­րագ, ձե­ռամբ Տ. Շա­հէ Ծ. Վրդ. Ա­նա­նեա­նի, որ խօ­սե­ցաւ նաեւ օ­րուան քա­րո­զը։

ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋ

Յի­սու­սի տա­ճար ըն­ծայ­ման տօ­նը՝ որ կը կո­չ-ւի նաեւ «Տեառ­նըն­դա­ռաջ», կը տօ­նուի 14 Փետ­րուա­րին, այ­սինքն Յի­սու­սի ծնուն­դէն քա­ռասուն օր յե­տոյ։ Այս տօ­նը Յի­սու­սի, տա­ճա­րին մէջ Աս­տու­ծոյ նուի­րե­լու կամ ըն­ծա­յե­լու տօնն է։

ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԿՈՂՄԷ ԲԱՐՁՐ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը վեր­ջերս Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ըն­դու­նեց Ծայ­րա­գոյն Ա­րե­ւել­քի իր ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը՝ Տ. Զա­ւէն Վրդ. Եա­զը­ճեա­նը։ Այս վեր­ջի­նը Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի լու­սա­րա­րա­պետ Տ. Յով­նան Եպսկ. Յա­կո­բեա­նի ձե­ռամբ վեր­ջերս Օ­շա­կա­նի Ս. Մես­րոպ Մաշ­տոց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ար­ժա­նա­ցած էր մաս­նա­ւոր վար­դա­պե­տա­կան աս­տի­ճա­նի։

Էջեր