Եկեղեցական

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ Տ. ՓԱՌԷՆ ԱՐՔ. ԱՒԵՏԻՔԵԱՆԸ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը շա­բա­թա­վեր­ջին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ պար­գե­ւատ­րեց Տ. Փա­ռէն Արք. Ա­ւե­տի­քեա­նը։ Մայր Տա­ճա­րի մէջ մա­տու­ցուած Ս. Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ա­նոր շնոր­հեց Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ «Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ» պա­տուոյ բարձ­րա­գոյն շքան­շա­նը՝ գնա­հա­տե­լով ա­նոր վաս­տակն ու տա­րի­նե­րու ծա­ռա­յու­թիւ­նը Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ան­դաս­տա­նէն ներս։

ՀԱՆԳԻՍՏ՝ Տ. ՄԵՍՐՈՊ ԱՐՔ. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, որ շա­բա­թա­վեր­ջին Աւստ­րիոյ մէջ վախ­ճա­նած է Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ նուի­րեալ սպա­սա­ւոր, ե­պիս­կո­պո­սաց դա­սու ա­ւագ ան­դամ­նե­րէն, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի ե­րի­ցա­գոյն միա­բան­նե­րէն Տ. Մես­րոպ Արք. Գրի­գո­րեան։ 85 տա­րե­կան հա­սա­կին ի Տէր հան­գաւ բազ­մա­վաս­տակ սրբա­զա­նը, ո­րու վախ­ճա­նը մեծ կո­րուստ մըն է Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մար

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՆԱՀԱՏԱԿ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐԸ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նա­մերձ Տա­ւու­շի մար­զի Բեր­դի տա­րած­քաշր­ջա­նի հա­մայնք­նե­րու նա­հա­տա­կեալ զի­նուոր­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րը։ Խում­բը գլխա­ւո­րեց Տա­ւու­շի Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Բագ­րատ Եպսկ. Գալս­տա­նեան, ո­րու կող­քին էին Բեր­դի տա­րած­քաշր­ջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րը։

ԻՇԽԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ աշխարհի չորս ծագերուն աւանդական շուքով նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը ու բերկրալի տօնի մեծ աւետիսը փոխանցեց հաւատացեալ հօտին:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը պատարագեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, ուր իր պատգամը փոխանցեց համայն հայութեան:

«ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅԻ ԿԵԱՆՔԸ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ Է ՄԱՐԴՈՑ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ՀԱՆԴԷՊ։ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՓՐԿԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ ՕՐԻՆԱԿ Է ՀԱՄԱՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԻՔԻ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ՄԷՋ»

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Սուրբ Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճա­րին մէջ Սուրբ Ծննդեան տօ­նին առ­թիւ հա­մայն հա­յու­թեան փո­խան­ցեց իր հայ­րա­պե­տա­կան պատ­գա­մը։ Ստո­րեւ նոյ­նու­թամբ կը ներ­կա­յաց­նենք Նո­րին Սրբու­թեան ու­ղեր­ձը։

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

«Եւ դու, Բեթ­ղե­հէմ տուն Եփ­րա­թայ,
սա­կա­ւա­ւոր ի­ցես լի­նել ի հա­զա­րա­ւորս Յու­դայ,
ի քէն ել­ցէ ինձ լի­նել իշ­խան Իս­րա­յէ­լի,
եւ ելք նո­րա ի սկզբա­նէ ա­ւուրց աշ­խար­հի»։
(Մի­քիէ, 5.2)

ՔՐԻՍ­ՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏ­ՆԵ­ՑԱՒ

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը Ա­մա­նո­րի առ­թիւ հան­դէս ե­կաւ պատ­գա­մով մը։ Նո­րին Սրբու­թեան կող­մէ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նէն հա­մայն աշ­խար­հի հա­յու­թեան ուղ­ղեալ այս պատ­գա­մը տե­սասփ­ռուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­յին հե­ռուս­տա­տե­սու­թեան կող­մէ։ Տա­րե­մու­տէն քա­նի մը վայր­կեան ա­ռաջ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը իր պատ­գա­մին մէջ ը­սաւ

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱԹԷՇԵԱՆԻ ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

«…բայց մի ինչ է՝ զի զառ ի յե­տոյսն մո­ռա­ցեալ է,
եւ ի յա­ռա­ջա­դէմսն նկրտեալ եմ։»
(Փի­լի­պե­ցիս, 3.13)

Ա­մա­նոր է դար­ձեալ։ Գո­հու­թիւն եւ փառք Ա­մե­նա­կա­լին Աս­տու­ծոյ, որ շնոր­հեց տա­րի մը եւս ան­ցը­նել մեր երկ­րա­ւոր կեան­քի մա­տեա­նին մէջ իր ու­րախ եւ տխուր ե­րե­սակ­նե­րով։

Էջեր