Եկեղեցական

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. «ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻ ՄԻՋՈՑԱՒ ԿԸ ՓՈԽԱՆՑՈՒԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՈԳԻՆ»

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը սփիւռքահայ կրթական մշակներ, որոնք այս ամառ Երեւանի մէջ մասնակցութիւն կը բերեն Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագրին։ Սփիւռքահայ կրթական մշակներուն ուղեկցեցաւ Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» պետական մանկավարժական համալսարանի վերատեսուչ Փրոֆ. Ռուբէն Միրզախանեան։

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔՃԵԱՆ ԵՐԷԿ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿԱՏԱՐԵՑ ԱՊԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ քահանայական ձեռնադրութիւն մը կատարեց Հայաստանի մէջ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Նորին Սրբազնութիւնը Ապարանի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ քահանայ ձեռնադրեց Վանանդ Սրկ. Պաղտասարեանը, որ յառաջիկայ շրջանին ծառայութեան պիտի կոչուի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ Թեմէն ներս։

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՋԵՐՄ ԽՐԱԽՈՅՍ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) Լոնտոնի մասնաճիւղի անդամները։ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչներուն ուղեկցեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Անգլիոյ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպիսկոպոս Մանուկեան։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

​Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիայէն՝ Քէօլնի համալսարանէն խումբ մը կաթոլիկ եւ բողոքական աստուածաբաններ ու գիտնականներ։ Այս խումբը կը գլխաւորէ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ Եպիսկոպոսաց ժողովի պետ Մաթթիաս Քոփփ։ Այս վերջինը Նորին Սրբութեան ներկայացուց ուխտաւորները՝ ուրախութիւն յայտնելով հերթական այցելութեան համար դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ԿԱՄԱՒՈՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան Թեմերու կամաւորական ծրագրերու մասնակիցները։

ԶԵԿՈՅՑ Ի ՄԱՍԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆԱՐԿ ՄԱՐՄՆԻ ԴԻՒԱՆԻ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Ս. Արքեպսկ. Պեքճեանի նախագահութեամբ 4  Յուլիս 2017, Երեքշաբթի օր, Պատկ. Կրօնական Ժողովի անդամներու, համայնքային եւ թաղային մարմիններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ կայացած հաւաքոյթով  կազմուեցաւ Թուրքիոյ Հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինը։

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆԱՐԿ ՄԱՐՄՆԻ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց 85-րդ Պատրիարքի Ընտրութեան Նախաձեռնարկ Մարմինը կազմելու առաջադրութեամբ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Ս. Արքեպս. Պէքճեանի հրաւէրով Պատկ. Կրօնական Ժողովի անդամներ, համայնքային եւ թաղային մարմիններու ներկայացուցիչներ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ հաւաքուեցան 4 Յուլիս 2017, Երեքշաբթի, ժամը 17.00-ին։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԳԷՈՐԳԵԱՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ՃԵՄԱՐԱՆԻ 2016-2017 ՇՐՋԱՆԻ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի 2016-2017 ուսումնական տարուայ փակման արարողութիւնը, որուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Հանդիսութեան ներկայ էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններ, հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններու տեսչական, ուսուցչական անձնակազմը եւ ճեմարանի սաները։

ՀԱՌԻՃԻ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒՄ

​Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, երէկ տեղի ունեցաւ, Հառիճի վանքէն ներս գործող Թրբանճեան ընծայարանի հիմնանորոգուած մասնաշէնքի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Ընծայարանը վերանորոգուած է ու կը գործէ Լոս Անճելըսէն՝ Ճերալտ եւ Փաթրիսիա Թրբանճեաններու ազնիւ բարերարութեամբ։

Էջեր