ՆՈՐՈԳՈՒԻԼ ՍԻՐՈՅ ԶՕՐՈՒԹԵԱՄԲ
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Իւրաքանչիւր Ամանորի սեմին նախ մեր անհատական կեանքէն ներս կը սկսի յուզումնախառն եռուզեռ մը, տօնածառը զարդարելու, տօնակատարութեան մասին ծրագիրներ մշակելու, Ամանորը ուրախ եւ զուարթ մթնոլորտի մը մէջ դիմաւորման միջոցները որոնելու մտազբաղմունքով։
ԿՈՐԻՒՆ Ա. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Ս. Ստեփանոսի տօնին առթիւ հանդիպում մը ունեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի սարկաւագաց դասին հետ։ Տօնը այս տարի դեկտեմբերի 26-ին էր, սակայն հանդիպումը տեղի ունեցաւ երէկ։
Վերջին օրերուն Հայոց Եկեղեցւոյ դէմ սանձազերծուած արշաւի շրջանակներէն ներս դեկտեմբերի 27-ին բռնութիւն գործադրելու համացանցային սպառնալիքներու առընչութեամբ Մայր Աթոռի մէջ ստացուեցան Եկեղեցւոյ հաւատաւոր զաւակներու մտահոգութեան եւ զօրակցութեան նամակներ, հնչեցին զանազան անհատներու հանրային ելոյթներ եւ Ազգային Եկեղեցին պաշտպանելու կոչեր։
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ Վատիկանէն հրապարակեց աւանդական «Հռոմին եւ աշխարհին» պատգամը։ Սրբազան Պապը այս առթիւ աղօթեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ յարատեւ խաղաղութեան հաստատման համար։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի Սահմանադրական ատեանի նախագահ Արման Տիլանեանը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ՝ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան նշանակուեցաւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Գուգարաց թեմի առաջնորդ։ Ան այս պաշտօնին մէջ կը յաջորդէ նորոգ վախճանեալ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեանին։
Վեհափառ Հայրապետը երէկ այցելեց Եռաբլուր եւ նախագահեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնին:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, այս կիրակի, Հայաստանի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ս. Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի՝ Արցախի պատերազմին նահատակուած հերոսներու հոգիներու խաղաղութեան համար։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ ու տնօրինութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը նախաձեռնեց ծրագրի մը, որ կը կոչուի «Աջակցինք Արցախին»։ Նորահաստատ այս ծրագրին նպատակն է բացառաբար մարդասիրական հոգատարութիւն ցուցաբերել Արցախէ ներս ծանր կացութեան մատնուած ժողովուրդին եւ պատերազմի հետեւանքով Արցախի գիւղերէն տարհանուելով Հայաստանի մէջ ապաստան գտած ընտանիքներուն։