Եկեղեցական

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նէն հիւ­րա­բար քա­ղաքս գտնուող բարձ­րաս­տի­ճան հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը ե­րէկ կի­րակ­նօ­րեայ Ս. Պա­տա­րա­գի մաս­նակ­ցե­ցան Սա­մա­թիոյ Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Այս­պէս, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Կրթա­դաս­տիա­րակ­չա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու վե­րա­տե­սուչ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սա­րո­յեան նա­խա­գա­հեց Սա­մա­թիոյ ե­րէ­կո­ւան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։

ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՄԱՐ ՄԵԾ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը եւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը ա­ւար­տե­ցին ի­րենց զօ­րակ­ցու­թեան այ­ցե­լու­թիւ­նը դէ­պի Ար­ցախ։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը եւ Կի­լի­կեան Ա­թո­ռի գա­հա­կա­լը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղէն հրա­ժեշտ առ­նե­լով վե­րա­դար­ձան Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին։

ՀՈԼԱՆՏԱՅԻ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի հայ­րա­պե­տա­կան տնօ­րի­նու­թեամբ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի միա­բան­նե­րէն Տ. Ա­ռէն Վրդ. Շա­հի­նեան նշա­նա­կուե­ցաւ Ա­րեւմ­տեան Եւ­րո­պա­յի հայ­րա­պե­տա­կան պա­տուի­րա­կի փո­խա­նորդ Հո­լան­տա­յի մէջ։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կի ար­ժա­նա­ցած հինգ գիտ­նա­կան­նե­րը՝ Աա­րոն Չե­խա­նո­վէր, Ա­տա Եո­նաթ, Տէն Շեխտ­ման, Էյ-Ի­չի Նե­կի­շի եւ Ճոն Ռո­պին Ո­ւո­րէ­նը, ո­րոնք վեր­ջին օ­րե­րուն Հա­յաս­տան այ­ցե­լե­ցին Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած «Նո­պէ­լեան օ­րեր» խո­րագ­րեալ գի­տա­կան ձեռ­նար­կին առ­թիւ։

ՇՈՒՇԻԻ ՄԷՋ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Հայ­րա­պե­տին Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին եւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ դէ­պի Ար­ցախ կա­տա­րուած զօ­րակ­ցու­թեան այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով ե­րէկ ապ­րուե­ցաւ յատ­կան­շա­կան հանգ­րուան մը եւս։ Շու­շիի Ղա­զան­չե­ցոց Ս. Ա­մե­նափր­կիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տա­րուե­ցաւ Հան­րա­պե­տա­կան մաղ­թանք՝ Ար­ցա­խի ա­պա­հո­վու­թեան եւ խա­ղա­ղու­թեան հա­մար։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻ ՄԷՋ

Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րա­նէն ներս կը շա­րու­նա­կուին վեր­ջերս օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած ման­կապղ­ծու­թեան գայ­թակ­ղե­ցու­ցիչ պնդում­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ ներ­քին քննու­թիւն­նե­րը։ «News.am» կայ­քէ­ջի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս քննու­թիւ­նը կ՚եր­կա­րի, ո­րով­հե­տեւ նոր նիւ­թեր յայտ­նա­բե­րուած են։

Ս. ՊԱՊԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՅՈՒՆԻՍԻՆ

Հռո­մէ­կան Կա­թո­լիկ Ե­կե­ղեց­ւոյ Քա­հա­նա­յա­պետ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Պա­պը Հա­յաս­տան պի­տի այ­ցե­լէ 24-26 Յու­նիս թուա­կան­նե­րուն։ Այս այ­ցե­լու­թիւ­նը կը կա­յա­նայ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ հրա­ւէ­րով։

Տ. ՍԱՀԱԿ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄԱՇԱԼԵԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ

Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան վե­րա­դար­ձաւ դէ­պի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին այ­ցե­լու­թե­նէն։ Պատ­րիար­քա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ Ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան ժո­ղո­վին եւ Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի (ԳՀԽ) կա­նո­նադ­րու­թեան մշակ­ման յանձ­նա­խում­բի ժո­ղով­նե­րուն, ո­րոնք գու­մա­րուե­ցան բարձ­րաս­տի­ճան հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ։

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՆԵՐԸ ԴԷՊԻ ԱՐՑԱԽ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին կը շա­րու­նա­կէ իր ամ­բող­ջա­կան զօ­րակ­ցու­թեան ա­ռար­կայ դարձ­նել Ար­ցա­խը։ Կը հա­ղոր­դուի, որ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը եւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը կը պատ­րաս­տուին այ­ցե­լել Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ։

Էջեր