Եկեղեցական

ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մոսկուայի մէջ տեսակցեցաւ Ռուսաց Քիրիլ Ա. Պատրիարքին հետ:
Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութիւն յայտնեց՝ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան վերահաստատման ուղղութեամբ ցուցաբերուած ուշադրութեան համար:

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄՈՍԿՈՒԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը այ­սօր եր­կօ­րեայ այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Մոս­կուա։ Նո­րին Սրբու­թեան կ՚ըն­կե­րա­նան Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ ա­րա­րո­ղա­կար­գի բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեան, Մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Շա­հէ Ծ. Վրդ. Ա­նա­նեան, գա­ւա­զա­նա­կիր Տ. Ա­ղան Ա­բե­ղայ Երն­ջա­կեան եւ Տե­ղե­կա­տուու­թեան հա­մա­կար­գի տնօ­րէն Տ. Վահ­րամ Քհնյ. Մե­լի­քեան։

ԳՀԽ-Ի ԱՒԱՐՏԻՆ ԶԵԿՈՅՑ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի նա­խա­գա­հու­թեամբ Նիւ Եոր­քի մէջ, Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ս. Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նէն ներս տե­ղի ու­նե­ցած Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի (ԳՀԽ) ընդ­լայ­նուած կազ­մով հեր­թա­կան նստաշր­ջա­նէն վերջ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի աղ­բիւր­նե­րը հրա­պա­րա­կե­ցին պաշ­տօ­նա­կան հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը։

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Այ­սօր Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի գա­հա­կա­լու­թեան տա­րե­դարձն է։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը 17-րդ տա­րին կը թե­ւա­կո­խէ Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի գա­հուն վրայ՝ որ­պէս աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թեան հայ­րա­պե­տը, ա­մե­նա­սի­րե­լի հո­վուա­պե­տը եւ ընդ­հան­րա­կան գլու­խն ու ծայ­րա­գոյն պատ­րիար­քը Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի գա­հա­կա­լու­թեան այս նոր փու­լը դար­ձեալ կու գայ թար­մաց­նել իր աշ­խար­հաս­փիւռ հօ­տին ջեր­մե­ռանդ զգա­ցում­նե­րը՝ ի­րեն նկատ­մամբ։

ԶԵԿՈՅՑ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԺՈՂՈՎՈՅ

Ա­թո­ռոյս Ե­կե­ղե­ցա­կան Ընդ­հա­նուր Հա­մա­գու­մար ժո­ղո­վը, Պատ­կա­ռե­լի Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վոյ 14 Հոկ­տեմ­բեր 2016 թուա­կա­նի, ՃԼԱ. նիս­տի ո­րոշ­մամբ եւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Բարձր. Տ. Ա­րամ Ս. Ար­քե­պիս­կո­պոս Ա­թէ­շեա­նի հրա­ւէ­րով կա­յա­ցաւ 26 Հոկ­տեմ­բեր 2016 Չո­րեք­շաբ­թի օր, ժա­մը 10.00-ին, Պատ­րիար­քա­րա­նի դահ­լի­ճին մէջ, Նո­րին Սրբազ­նու­թեան նա­խա­գա­հու­թեամբ

ԻՆԸ ՆՈՐԱՕԾ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը Սուրբ Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճա­րին մէջ ան­ցեալ Կի­րա­կի նա­խա­գա­հեց Գիւտ Խա­չի տօ­նին առ­թիւ մա­տու­ցուած Սուրբ Պա­տա­րա­գին։ Մայր Ա­թոռ  Սուրբ Էջ­միած­նի Լու­սա­րա­րա­պետ Տ. Յով­նան Եպսկ. Յա­կո­բեա­նի կող­մէ մա­տու­ցուած Սուրբ Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցաւ քա­հա­նա­յա­կան ձեռ­նադ­րու­թիւն։

ՄԱԼԹԱՅԻ ԻՇԽԱՆԻՆ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ՝ Մալ­թա­յի Ինք­նիշ­խան Մար­տա­կան Ուխ­տի Իշ­խան ու Մեծ Վար­պետ Ֆրա Մե­թիու Ֆսե­թինկ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Ե­րե­ւան, ու հիւ­րըն­կա­լ­ուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։

Էջեր